image

Պոլսահայ համայնքի երկընտրանքը՝ նոր Պատրիարքի ընտրութեան հարցով

Պոլսահայ համայնքի երկընտրանքը՝ նոր Պատրիարքի ընտրութեան հարցով

Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 Քանի մը տարիէ ի վեր Սթամպուլի մէջ մեծ վէճ մը սկսած էր հասուննալ պոլսահայ համայնքի անդամներուն միջեւ՝ Հայոց նոր պատրիարքի ընտրութեան ծրագիրներուն կապուած:

 

Առճակատումը պատմական խոր արմատներ ունի եւ վերջերս աւելի սրած է Հայոց պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի անբուժելի հիւանդութեան կապուած. վերջինս ի վիճակի չէ կատարելու իր պարտականութիւնները՝ «Ալզայմըր» հիւանդութեան պատճառով:

 

Երբ պոլսահայ համայնքի որոշ անդամներ փորձեցին նոր պատրիարք ընտրել՝ անգործունեայ Մեսրոպ պատրիարքը նորով մը փոխարինելու համար, Թուրքիոյ իշխանութիւնները պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ քանի դեռ գործող պատրիարքը ողջ է, նոր պատրիարք չի կրնար ընտրուիլ: Նոյնիսկ աթոռակից պատրիարք ընտրելու խնդրանքը մերժուեցաւ Սթամպուլի նահանգապետին կողմէ։

 

Թուրքիոյ իշխանութիւնները օգտուեցան այն պատրուակէն, որ 1863 թուականի ազգային սահմանադրութեամբ հայ համայնքին նախատեսուած չէ աթոռակից պատրիարքի պաշտօն ունենալ։ Սակայն խնդիրը այն է, որ տասնամեակներ առաջ թրքական կառավարութիւնը անվաւեր հռչակած էր այդ սահմանադրութիւնը։ Եթէ կառավարութիւնը իր որոշումը կը կայացնէ չգործող սահմանադրութեան հիման վրայ, ուրեմն եւ կը ճանչնայ անոր վաւերականութիւնը։ Եթէ սահմանադրութիւնը վաւերական է, ուրեմն հայ համայնքը իրաւունք ունի ընտրելու պատուիրակներ, որոնք ալ, իրենց կարգին, կրնան ընտրել նոր պատրիարք։ Ցաւօք,  հայ համայնքը չմտածեց այս հակասութիւնը թրքական կառավարութեան ուշադրութեան յանձնելու մասին: 

 

Կը յիշենք, որ Մեսրոպ պատրիարք մինչեւ 1998ի իր ընտրութիւնը նոյնպէս արժանացաւ թրքական իշխանութիւններու դիմադրութեան։ Ի վերջոյ ան գնաց Անգարա եւ փակ դռներու ետին «գործարք կնքեց» թուրք պաշտօնեաներու հետ, բան մը, որ իրեն հնարաւորութիւն տուաւ պատրիարք ընտրուելու։ Շուտով ան սկսաւ աջակցիլ թրքական զանազան հարցերու, ներառեալ՝ դէպի Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներ այցելութիւններ, հանդէս գալով Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան օգտին եւ շարք մը այցելութիւններ դէպի Միացեալ Նահանգներ, ուր եւ թրքական իշխանութիւններու խնդրանքով հրապարակային ելոյթներ ունենալու համար:  

 

Այս տարուան սկիզբը պոլսահայ համայնքի քանի մը անդամներ որոշեցին նոր պատրիարք ընտրելու մէկ այլ փորձ կատարել, որուն շարժառիթը պատրիարքարանի փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հանդեպ ունեցած իրենց դժգոհութիւնն էր եւ լիարժէք պատրիարք ունենալու փափաքը։ Խնդիրը այն էր, որ  Արք. Աթէշեան չհրաժարելով իր պաշտօնէն, կը փակէր նոր ընտրութիւններու դուռը: Տեղական եւ համաշխարհային հայութեան, մասնաւորապէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի կողմէ ի գործ դրուած ճնշումներէ ետք համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ, որ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան հրաժարական տայ եւ Գերմանիոյ հայկական եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ,  Գարեգին արք.  Բէկճեան ընտրուի տեղապահ՝ նոր պատրիարքի ընտրութիւնները կազմակերպելու նպատակով։

 

Այս համաձայնութենէն շատ չանցած, խումբ մը յայտնի պոլսահայեր յանձնախումբ մը կազմեցին՝ պատրիարքի ընտրութիւնները նախաձեռնելու համար, թէեւ համայնքին մէջ բոլորն ալ գիտէին, որ թրքական իշխանութիւնները դէմ էին այս ընտրութիւններուն։ Փաստօրէն, մինչ  Արք.  Բէկճեան  կ՛ընտրուէր  տեղապահ,  Արք.  Աթէշեան  նամակ  ստացաւ Սթամպուլի նահանգապետէն՝ տեղեկանալով, որ թրքական իշխանութիւնը  չի ճանչնար Արք. Բէկճեանի ընտրութիւնը եւ կը շարունակէ  Արք.  Աթէշեանը համարել օրինական փոխանորդ։ Ցաւօք, Արք. Աթէշեան այդ նամակը ներկայացուց նախաձեռնակ մարմինին միայն այն բանէն ետք, երբ  Արք. Բէկճեանը արդէն տեղապահ ընտրած էին: Այս դրուագը աւելի խորացուց  թշնամութիւնը  Արք. Աթէշեանի  դէմ  հանդէս  եկողներուն  մօտ,  եւ  անոնք շարունակեցին աջակցիլ Արք. Բէկճեանի։

 

Այս երկընտրանքի լուծման համար  Արք.  Բէկճեան նամակ գրեց Սթամպուլի նահանգապետին՝ հանդիպում խնդրելով։ 60 օր սպասելէ ետք պատասխանին, Արք. Բէկճեան մեկնեցաւ Գերմանիա՝ տեսակցելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ, անոր այցելութեան ժամանակ։

 

Մինչ  Արք.  Բէկճեան կը գտնուէր Թուրքիայէն դուրս, Սթամպուլի նահանգապետը հանդիպման  հրաւիրեց  Արք.  Աթէշեանը, ինչպէս նաեւ Սահակ  եպիսկոպոս Մաշալեանը  եւ նախաձեռնող մարմինի ղեկավարը։ Պարզ էր, որ նահանգապետը չէր փափաքեր տեսակցիլ Արք. Բէկճեանի հետ, որուն ընտրութիւնը ան չէր ընդունած:

 

Բանավէճը աւելի սաստկացաւ տեղւոյն հայ համայնքի այն անդամներուն միջեւ, որոնք իրենք զիրենք աւելի իրատես կը համարէին, ընդունելով Թուրքիոյ իշխանութիւններու դերը պատրիարքի ընտրութիւններուն մէջ, եւ անոնց, որոնք կը մերժէին թրքական իշխանութիւններու կողմէ որեւէ տեսակի միջամտութիւն։ Արք. Աթէշեանի կողմնակիցները կ՛ընդգծէին՝ անիմաստ է դէմ դնել փափաքներուն թրքական հզօր իշխանութեանց, որոնք ձերբակալած էին ընդդիմութեան հազարաւոր անդամներ եւ նոյնիսկ ձեռնոց նետած այնպիսի հզօր երկիրներու, ինչպիսիք են Գերմանիա եւ Միացեալ Նահանգներ։ Աւելին,  Արք. Աթէշեանի կողմնակիցները կը նշէին, որ եթէ Գարեգին Բ. կաթողիկոս կրնայ միջամտել Պոլսոյ պատրիարքարանի՝ ինքնավար հաստատութեան ընտրութիւններուն, ապա, անկախ անկէ, թէ որքան անբաղձալի է, կը հասկցուի, որ Թուրքիոյ նախագահը իրաւունք կ՛ունենայ միջամտելու իր երկրին մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններուն։

 

Դրութիւնը  աւելի վատթարացաւ, երբ, մինչ Արք.  Բէկճեանի  Գերմանիայէն  վերադարձը, նախաձեռնակ մարմինի հինգ անդամները հրաժարական տուին՝ Սթամպուլի նահանգապետին հետ իրենց հանդիպումէն ետք։ Յանձնախումբի միւս անդամները, մինչ որոշում կայացնելը, ուզեցին սպասել Արք. Բէկճեանի վերադարձին։

 

Արք.  Բէկճեան Սթամպուլ վերադառնալէ եւ նախաձեռնող յանձնախումբի  հետ խորհրդակցելէ ետք յայտարարեց, որ ինք նամակ պիտի գրէ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարին՝ դէմ առ դէմ տեսակցելու խնդրանքով։ Հաշուի չառնելով Սթամպուլի նահանգնապետի յստակ հրահանգները, Արք.  Բէկճեան շարունակեց մնալ իր պաշտօնին վրայ։

 

Արք.  Բէկճեանի մտադրութիւնը՝ յատուկ տեսակցութիւն ունենալու ներքին գործոց նախարարին հետ,  յղի  է  որոգայթներով։ Ինչպէս  Արք.  Մութաֆեանի  պարագային,  այդպէս ալ Արք.  Բէկճեան կրնայ յատուկ գործարք կնքել նախարարին հետ՝ խոստանալով այսուհետեւ կատարել թրքական իշխանութիւններու յանձնարարութիւնները։ Արք. Բէկճեան՝ որպէս Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ, իր պաշտօնավարման ընթացքին պարբերաբար խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։

 

Միւս տարբերակը այն է, որ  Արք.  Բէկճեան կրնայ  հրաժարիլ իր պաշտօնէն՝ դուռ բանալով Արք. Աթէշեանի պատրիարք ընտրուելուն, ինչ որ դէմ կ՛ըլլայ պոլսահայ համայնքի մեծամասնութեան փափաքին, սակայն կը համապատասխանէ  թրքական իշխանութեան նախապատուութեան:

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան