image
Հրատապ լուրեր:

Վարակիչ ու փոխանցիկ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը. Շիրազ Ճէրէճեան

Վարակիչ ու փոխանցիկ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը. Շիրազ Ճէրէճեան

Երբ եղբայրս՝ Արարատ Ճէրէճեանը, Emirates Airline օդանաւային ընկերութեան մէջ եզրափակելով իր փորձառական շրջանը եւ վկայուելով որպէս թռիչքներու ուղեկցորդ, պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, բազմաթիւ ազգերէ հանդիսատեսներու դիմաց նախընտրեց հայրենիք Հայաստանը ներկայացնել որպէս իր երկիրը, ոչ թէ ծննդավայր Լիբանանը, մտքիս մէջ բազմաթիւ հարցեր յառաջացան:

  Թէ ինչո՞ւ 25 տարեկան երիտասարդ մը իր ազգային պատկանելիութիւնը աւելի կարեւոր պիտի դասէ քան ծննդավայրի պատկանելիութիւնը, ո՞ւր է Հայաստանի, հայութեան եւ հայկականութեան դիրքը սփիւռքահայ այսօրուայ երիտասարդի մտքին եւ սրտին մէջ, որքանո՞վ դժուար է ընտրութիւն կատարել ծննդավայրի եւ հայրենիքի միջեւ, հայկականութեան կառչած մնալով ի՞նչ է հայ երիտասարդին վերջնական նպատակը ու վերջապէս, արդեօք հայ երիտասարդը ունի՞, պէ՞տք է ունենայ ազգային պատկանելիութեան գիտակցումի տեսլական մը, ինչպէ՞ս պիտի պահպանէ ու ամրացնէ այդ տեսլականը եւ այս առումով որո՞նք օգնութեան պիտի հասնին սփիւռքահայ երիտասարդին:

 

  Ուրեմն, հարցը հետեւեալն է: Որպէս հա՛յ կ'ապրինք, գուցէ այո: Եւ խորքին մէջ, հայ ապրիլը այդքան ալ դժուար չէ: Սակայն մեր հայկականութիւնը կը փոխանցե՞նք ուրիշին: Ա՛յդ է իսկական մարտահրաւէրը: Գուցէ հայ երիտասարդը ապրի որպէս տիպար հայ, խօսի հայերէն եւ մտածէ հայօրէն, պահպանէ հայկական ընտանեկան սրբութիւնները, սիրէ մշակոյթը եւ վայելէ զայն, սակայն որեւէ աշխատանք չտանի ընդհանրացնելու այս բոլորը, որեւէ ճիգ չթափէ հայկականութիւնը դուրս բերելու իր անձի նեղ սահմաններէն, չջանայ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւն սերմանել շրջապատին մէջ:

  Լիբանանահայ ծանօթ մը, վերջերս կը պատմէր, թէ ինքզինք գոհացած հայ կը զգայ, տեսնելով Հայաստանին ու հայութեան հանդէպ իր զաւկին սէրը, գիտակցելով, որ յաջողած է հայկականութիւն սերմանել զաւկին մօտ: Ուրեմն, ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը պէտք է հասնի անձի ընկերներուն, զաւակներուն, բարեկամներուն եւ ծանօթներուն, արեւու շողերուն նման տարածուի բոլոր ուղղութիւններով:

 

  Ազգային պատկանելիութիւնը արդիւնաւէտօրէն եւ գործնականապէս դրսեւորելու համար, սփիւռքահայ երիտասարդէն կ'ակնկալուի նուազագոյն աշխատանք՝ իր հայկականութիւնը փոխանցելու ուրիշներուն, զայն դարձնելու փոխանցիկ ու վարակիչ, ինչպէս հիւանդութիւնները, անշուշտ այստեղ բառին դրական առումով: Հայկական շրջապատէ հեռացած ընկերոջ մը հայութեան մօտեցնելով, հայկական երգը առանձին լսելու փոխարէն զայն ուրիշներուն հասանելի դարձնելով, զաւակներուն հայկական կրթութիւն ջամբելով, Հայաստանին ու պետականութեան հանդէպ ո՛չ թէ կոյր, այլ առարկայական եւ գիտակից սէր քարոզելով, սփիւռքահայ երիտասարդը գիտակցած կ'ըլլայ իր ազգային պատկանելիութեան մասին եւ քայլ մը առաջ երթալով, զայն փոխանցած կ'ըլլայ ուրիշին: Այլապէս, այս գիտակցութիւնը օրին մէկը դատապարտուած է շիջումի: Եթէ մեր ազգային պատկանելիութիւնը չդարձնենք վարակիչ ու փոխանցիկ, արդէն իսկ անցարգելներ տեղադրած կ'ըլլանք հայկականութեան շարունակականութեան երթուղիին վրայ:

 

  Հայկական ազգային պատկանելիութեան գիտակցումի տեսլականը նաեւ կը ներառէ որոշ զոհողութիւններ: Ըլլալով փոքր ազգ՝ սփռուած աշխարհով մէկ, մեր պատկանելիութիւնը պահպանելու եւ զայն տարածելու համար կեանքի զանազան հատուածներու մէջ կը գտնուինք զոհողութիւններ կատարելու պարտաւորութեան դիմաց:

  Ազգային պատկանելիութեան գիտակցումի տեսլականը կ'ենթադրէ նաեւ կարեւոր ընտրանքներ, որոնք երիտասարդին մօտ կը սկսին ընկերային շրջանակներէն մինչեւ աշխատանքային ասպարէզ, եւ չեն աւարտիր ապագայ ընտանիքի կազմութեան մասին կարեւոր որոշումներ առնելով:

 

  Փոլինը 32 տարեկան, երեք զաւակներու մայր է: Ապրած է Գանատայի, Տուպայի եւ Պէյրութի մէջ, միայն մէկ անգամ այցելած է Հայաստան: Ծնողները հայ են՝ Պէյրութէն, իսկ ամուսինը արաբ՝ լիբանանեան գիւղական շրջանէ: Փոլինը իր հարազատներուն հետ կը խօսի հայերէն, ամուսնոյն հետ՝ արաբերէն, զաւակներուն հետ անգլերէն ու ֆրանսերէն: Բացառապէս ոչ հայկական վարժարանի եւ շրջանակի մէջ հասակ նետող իր երեխաները, բնականաբար, հեռու են հայկականութենէ: Այսուհանդերձ, իր արմատներուն կառչող մայրը արդէն կը պատրաստուի անդրանիկ որդին ուղարկելու հայկական պարախումբի դասընթացքներու: Անոր գուցէ յաջորդէ նաեւ երկրորդ աղջիկը:

  Փոլինին նման բազմաթիւ հայ երիտասարդներ համոզուած են, որ այս պայքարը ունի իմաստ, արժէք, նպատակ ու հետեւանք: Դժուար պայքար է կեանքի պայմաններուն դէմ, սփիւռքի դաժան միջավայրին մէջ: Արդեօք Փոլինն ու անոր նմանները որքանո՞վ կարող են առանձին մղելու այս պայքարը: Սփիւռքահայ երիտասարդներու այս անհատական փորձերը որքանո՞վ արդիւնաւէտ պիտի ըլլան առանց հաստատութիւններու օժանդակութեան: Շատ հաւանաբար, ոչ բաւարար:

  Դժբախտաբար, առնուազն կարգ մը համայնքներու մէջ իրականութիւն դարձած է այն, որ թէեւ հայկական հասարակական գործող հաստատութիւնները տակաւին ինչ որ չափով ունի՛ն հայ երիտասարդը ներգրաւելու կարողութիւն, սակայն ընդհանրապէս զբաղած ըլլալով այլ, մեծամասնութեամբ աւելի մանր հարցերով, դժուարութիւն կ'ունենան քայլ պահելու ա՛յն փոփոխութիւններուն հետ, որոնք պարտադրուած են օրուան արդիական, շատ արագ զարգացումներով:

  Գլխաւոր խնդիրներու շարքին կարելի է դասել սփիւռքահայ երիտասարդը պատասխանատու դիրքերէ զրկելը, անոր մէջ ազգի եւ հայրենիքի ծառայութեան փափաքը կործանելը, վտանգաւոր հատուածականութիւնը՝ որ կը հեռացնէ բազմաթիւ կարող եւ արհեստավարժ երիտասարդներ, ու մանաւանդ ներքին՝ ընդհանրապէս անիմաստ տարակարծութիւններով սփիւռքահայ երիտասարդին ներուժը սպառելը: Այսպէս, փոխանակ ազգային պատկանելիութեան փոխանցումով զբաղելու, սփիւռքահայ երիտասարդը եւ երիտասարդական խումբերը յաճախ իրենք զիրենք կը գտնեն մէկ այլ երիտասարդի կամ երիտասարդական խումբերու դէմ առճակատումի՝ պարտադրուա՛ծ առճակատումի դիրքի վրայ: Կուրօրէն սիրելու կուրօրէն ատելու, կուրօրէն զօրակցելու եւ կուրօրէն քննադատելու, գայթակղութիւններ երեւակայելու եւ զանոնք որպէս իրականութիւն ներկայացնելու, սփիւռքահայ երիտասարդին դիւրավառ բնաւորութիւնը չարաշահելու երեւոյթները ցաւոք կը ստեղծեն անհաճոյ մթնոլորտ մը, որմէ կը տուժեն նաեւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը վարակելու ճիգերը:

  Ուստի, միայն առողջ մտածելակերպի, քննական միտքի տէր սփիւռքահայ երիտասարդը պիտի յաջողի կեդրոնանալ կարեւորագոյն առաքելութեան՝ հայկական ազգային պատկանելիութիւնը փոխանցիկ դարձնելուն վրայ: Պէտք է անցած ըլլան այն ժամանակները, երբ սփիւռքահայ երիտասարդի գլխաւոր ուղեցոյցը՝ զգացումն է: Հայրենիք սիրել, ազգ սիրել, ազգային պատկանելիութեան գիտակից ըլլալ չի նշանակեր տրամաբանութենէ զերծ գործել, ուղեղները սառեցնել եւ թափ տալ զգացմունքային սանձարձակութեան:

 

  Վերջապէս, ազգային պատկանելիութեան առողջ գիտակցութիւն կարելի է կերտել միայն հայրենիքի օժանդակութեամբ: Տարին շաբաթ  մը Հայաստան այցելել եւ հայրենիքի դրական երեւոյթներով հպարտանալը վստահաբար բաւարար չէ, այլ անհրաժեշտ է գիտակից ըլլալ ներքին անցուդարձերուն, մտքով դատել, քննական մօտեցում ցուցաբերել, լաւն ու վատը զանազանել, միշտ գիտակցելով պետութեան եւ հաստատութիւններու առողջութեան կարեւորութիւնը:

  Այս անշուշտ կ'ենթադրէ աշխատանք նաեւ հայրենի պետութեան կողմէ, աշխատանք՝ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ, աշխատանք՝ ուղղակի երիտասարդութեան հետ, աշխատանք՝ հայկական կազմակերպութիւններուն հետ, որպէսզի բարեփոխեն իրենց աշխատելաձեւը, աշխատանք մը, որուն համար կը կազմակերպուին այս համաժողովին նման համահայկական ձեռնարկները: