image

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով

Աստուծոյ փառքը իրենց մէջ մարմնաւորած, Նախախնամութեան համար ապրած, գործած թէ ստեղծագործած, կամ իրենց կեանքը որպէս ընծայ Անոր մատուցած աստուածաշնչական, ընդհանրական թէ հայ եկեղեցւոյ բոլո՛ր սուրբերն ալ, որոնք իրենց պատուոյ տեղը ունին Աստուծոյ մօտ, միշտ ալ գովուած եւ յարգուած են մեր ժողովուրդէն: Մեր Տօնացոյցի մատնանշումով, անոնք զանազան առիթներով իբրեւ բարեխօսներ՝ ըստ արժանւոյն կը յիշուին եկեղեցւոյ կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ բարեպաշտ հայորդիներու անձնական թէ հաւաքական աղօթքներուն մէջ:

Սրբոց եւ նախնեաց ու ապրող ժողովուրդին միջեւ կապը, հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ, մաս կը կազմէ ժողովրդային հաւատալիքին, որ մեր ազգին մօտ աւելի արմատացաւ ու հիմնաւորուեցաւ քրիստոնէութեան լոյս կրօնքին օրհնաբեր մուտքով ի Հայաստան: Մեր ժողովուրդը, պատմութեան բոլոր ժամանակներուն, հոգեկան բաւարարութեան որպէս նշան եւ ինքնարժեւորման խորհրդանիշ, աղօթքի ճամբով ինքզինք քննելու եւ վերագտնելու իբրեւ միջոց՝ իր մեծերուն է դիմած ու երկնաբնակ ախոյեանները նկատի ունեցած է որպէս գերագոյն օրինակ՝ թէ՛ հաւատքի եւ թէ ազգային, մշակութային ու ընկերային կալուածներուն մէջ:

Սուրբերու կամ յաղթականներու կեանքի արժեւորումը կ՛իյնայ նախախնամութեան իշխանութեան սահմաններուն մէջ, բայց Եկեղեցին՝ իբրեւ Աստուծոյ ներկայութիւնը երկրի վրայ, ըստ պատշաճութեան, յաճախ հանդիսաւորապէս, մերթ փառաւորապէս կամ աւելի համեստ բայց ոչ անշուք պայմաններով, կը նշէ սուրբի մը յիշատակը, որուն պանծացումը կու գայ որպէս խաղաղութեան ծիածան՝ կամրջելու մեր անցեալն ու ներկան, եւ կը հրաւիրէ մեզ հաղորդակցելու անձի, խումբի կամ դէպքի մը հետ: Մեր ժողովուրդի պարագային, պատմութեան մէջ գործած մեծերը չեն հինցած երբե՛ք, անոնք, մեզմէ հին ըլլալով հանդերձ, անօրինակ կերպով նորոգութեան անպատմելի կարողականութիւն մը ունեցած են, եւ զարմանալիօրէն, մեզ ազգովին անընդմիշտ վերանորոգելով մէկտեղ՝ չե՛ն սպառած:

Սուրբերուն եւ յաղթականներուն լուսաւոր շղթային մէջ եզակի տեղ ունի աչքառու օղակ մը, որ իր ունեցած անբիծ կեանքին ու մաքուր վարքին համար, Աստուծոյ նայուածքին եւ ուշադրութեան էր արժանացած. ան Մարիա՛մն է, Ս. Աստուածածինը, որ հայ եկեղեցւոյ բոլոր արարողութիւններուն մէջ մաքրակենցաղ արարածներէն նախապատիւ տեղ է գրաւած ու տիրական ներկայութիւն է դարձած, Աստուծմէ ետք առաւելագոյն չափով յիշուելով իր ունեցած բարեխօսի դիրքով: Այս Կինը միա՛կն է մարդկային ցեղին եւ երկնային արարածներուն մէջ, որ հայ հոգեւորականին ու աշխարհականին ստեղծագործութեան ու ապրումներուն մէջ ունեցած է անզուգական տեղ: Ժողովուրդի ծոցին մէջ ծնած ամէն շնորհալի, տաղանդաւոր կամ հանճարեղ, չէ՛ մոռցած Տիրամօր բաժին տալ, որովհետեւ անոր տրուածը, Աստուծոյ համար հաճելի ըլլալուն կողքին՝ կը տրուէր բոլոր ժամանակներու ամենասուրբ ստեղծեալին՝ առ ի յարգանք իր ունեցած զուլալ կեանքին:

Ս. Տիրամօր նուիրուած քանի-քանի գանձեր, տաղեր, մեղեդիներ եւ երաժշտական գլուխ գործոցներ իրենց անբացատրելի վերելքին են հասած, ու բազմաթիւ աղօթքներ, քարոզներ, բանաստեղծութիւններ եւ գրութիւններ իրենց լիարժէքութիւնը եւ համալրումն են ունեցած։ Ճարտարապետական որպիսի՜ կառոյցներ իրար են գերազանցած՝ Ս. Կոյսին հմայքին ու ներշնչումին շնորհիւ: Այս բոլոր ստեղծագործութիւնները միջոցներ են հանդիսացած, որ ժողովուրդի զաւակները առաւելագոյն չափով ու ամբողջականութեամբ ճանչնան Ս. Աստուածամայրը:

 Եւ ճանաչողութեան սահմանները բարիով անցնելով՝ Աստուածածինը ազգիս իգական սեռի ներկայացուցիչներուն համար դարձած է գերագոյն իտէալ, իսկ Անոր կերպարը՝ կեանքի ոճ եւ ապրելու եղանակ: Հաւատարիմ իր կոչումին, հայ կինը ինքզինք «Աստուածամայր» հայելիին մէջ է տեսած՝ իր ինքնարժեւորումը եւս կատարելով Անոր պատկերին առջեւ: Հայ կնոջ համար Աստուածամայր անունը նշանակած է կամք՝ կեանքէն եկող ալիքներուն դէմ կանգուն մնալու, սէր՝ ինքնազոհողութեան ճամբով ինքզինք իր ընտանիքին, շրջապատին ու ազգին տալու, եւ հետեւողութիւն՝ յատկապէս իր զաւակներուն նկատմամբ, անոնց կեանքի թէ՛ գարուններուն եւ թէ գողգոթաներուն:

Ահաւասիկ, հեղ մը եւս կը գտնուինք Աստուածամօր նուիրուած մեծագոյն տօնին՝ Վերափոխման նախօրեակին: Տօնական ու խանդավառ է մթնոլորտը հայ կեանքէն ներս: Գաղութներ, համայնքներ, ծուխեր կը ծրագրեն արժեւորել ստեղծեալներէն Ամենասուրբին տօնը: Այս առիթով, հաւատացեալներ ծաղիկներով կը փութան եկեղեցի, եւ որպէս հոգեկան բաւարարութեան նշան՝ իրենց ընծաները կ՛ուզեն խորանին վրայ տեսնել: Շատ շատեր, բերրիութեան խորհրդանիշ պտուղ եւ օրհնութիւն բերող խաղողին լաւագոյնը իրենց ձեռքին՝ իրենց շունչը կ՛առնեն եկեղեցւոյ մէջ. չէ՞ որ Աստուծոյ բաժինը պէտք է տալ Աստուծոյ: Զանազան քաղաքներու մէջ կը կազմակերպուին ուխտագնացութիւններ ու հաւատքի քայլարշաւներ, որոնց ճամբով կենդանի կը մնայ հայուն հին բայց չհինցող հաւատքը: Տակաւին, կարգ մը տեղեր ոչխարներ կը զենուին, իբրեւ խորհրդանիշ ուխտի, եւ աւանդական մատաղը կը պատրաստուի, իբրեւ խորհրդանիշ Ագապի՝ ողորմածութիւն եւ եղբայրասիրութիւն բուրող սիրոյ սեղանի:

Եւ այս բոլորը վասն ինչի՞:

Այս բոլորը թարգմանութիւնն ու մարմնաւորումն են մեր կրօնքին ու հաւատքին, անվերապահ վստահութեան երաշխաւորումը՝ մեր մեծերուն ու նախնեաց հետ հաւատքի միութեան, բոլոր մակարդակներու վրայ ամրապնդումը՝ մեր գոյութեան, ոգեւորո՛ւմը՝ առաւել փթթումին, եւ շարունակականութիւնն ու ապահովումը՝ մեր ազգի մշտնջենաւորութեան:

Այս բոլորը՝ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՀԱ՛Յ ԵՆՔ:

 

 «Ասպարէզ»/Լոս Անճելոս