image

Դերենիկ Դեմիրճեանի «Յովնան մեծատուն»ը ներկայացուած է Փարիզի մէջ. Լիլիան Տարօնեան

Դերենիկ  Դեմիրճեանի  «Յովնան մեծատուն»ը ներկայացուած է Փարիզի  մէջ. Լիլիան Տարօնեան

Կիրակի, 2017 Յունիս 11։ Ջերմաստիճանը 30-ի հասնող այդ տաք օրը, կէսօրէ ետք կ՚ուղղուինք դէպի Փարիզի Հայ ուսանողական ոստանը, ներկայ գտնուելու Արբի Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ Հայ թատրոնի ընկերակցութեան կողմէ ներկայացուող Դերենիկ Դեմիրճեանի «Յովնան մեծատուն» երկին թատերական ընթերցումին։ Առիթէն օգտուելով ընդգծենք, թէ Հայ ուսանողական ոստանը երկար տարիներէ ի վեր կը հիւրընկալէ այս խումբին փորձերն ու ներկայացումները։ Մինչեւ սրահի դռներուն բացուիլը՝ կը զրուցենք ներկաներու հետ եւ կը ծանօթանանք հեղինակի համառօտ կենսագրութեան, որ տեղ գտած է յայտագրի երկու էջերէն մէկուն վրայ, զոր սովորութիւն դարձած է հանդիսատեսին առաջարկել իւրաքանչիւր ներկայացումէ առաջ։

Դերենիկ Դեմիրճեան ծնած է 1877-ին Ախալքալաք եւ մահացած՝ 1956-ին Երեւան։ Ան մաս կազմած է Թիֆլիսի մէջ Յովհաննէս Թումանեանի կողմէ հիմնադրուած «Վերնատուն» գրական շրջանակին։ Մոսկուայի մէջ հետեւած է ջութակի դասերու, որմէ ետք ընդունուած է Ժընեւի երաժշտանոցը։ Միաժամանակ 1905-ի եւ 1910-ի միջեւ հետեւած է տեղւոյն համալսարանի բնագիտութեան, գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն։ Կրթական գիտութիւններու ճիւղը աւարտելէ ետք վերադարձած է Թիֆլիս։ Կովկասի խորհրդայնացումէն ետք 1925-ին հաստատուած է Երեւան։ «Յովնան մեծատուն»-ը ստեղծագործած է 1918-ին, իր կեանքի կէսերուն։

Հիմա, ներկաները արդէն կ՚ուղղուին սրահին շուրջը զետեղուած աթոռներուն վրայ գրաւելու համար իրենց տեղերը: Ազատ ձգուած է սրահին կեդրոնը, հոն ուր «ամէն ինչ» տեղի պիտի ունենայ:

Մինչ այս տողերը գրի կ՚առնեմ «Նոր Յառաջ»-ի համար, նախ եւ առաջ կ՚ուզեմ յայտնել, որ կը գտնուիմ անկարելիութեան մը դէմ յանդիման: Այս ստեղծագործութիւնը «չափէն աւելի մեծ» է ինծի համար: Քանի՜-քանի՜ անգամներ, լսելով թատերգութեան այս կամ այն բաժինը՝ ցնցուեցայ… այնքա՜ն խոր էին անոնք եւ որ պիտի պահանջէին երկար եւ դժուար վերծանումներ: Այս թատերգութիւնը կ՚ոգեկոչէ շէյքսփիրեան հզօր ողբերգութիւններ, կը պահանջէ վերլուծումներ եւ ա՛յդ ալ տարբեր ոլորտներու եւ տարբեր մօտեցումներով (գրական, պատմական, մարդաբանական, հոգեվերլուծական, աստուածաբանական…), նաեւ հարկ է զայն զետեղել հեղինակի միւս գործերուն, ինչպէս նաեւ իր ժամանակակիցներու գործերուն մէջ եւ այլն: Հոս, մեր մօտեցումը կրնայ ըլլալ միայն թեթեւ թռիչք մը: Ուրեմն առնենք այդ թռիչքը:

Ամէն ինչ կը սկսի եկեղեցիէն վերադարձով Յովնան մեծատունի (Ժիրայր Չոլաքեան) որդւոյն՝ Խորէնի (Վաչէ Տեմիրճեան) եւ Սահակի (Էլի Չորպաճեան) դստեր Նունուֆարի (Սանահին Գասապեան), որոնք նոր ամուսնացած են: Յովնան կը խնդրէ իր կոյր մօրմէ՝ Մարէէն (Աստղիկ Շինկիթեան), որ օրհնէ նորապսակները: Մեծ խրախճանք է: Երաժշտութիւնը (Անոյշ Տօնապետեան՝ քամանչա եւ Արմինէ Գրիգորեան՝ (դափ) կը հրաւիրէ պարի: Խմիչք ու ուտեստեղէն առատ են եւ ըստ Յովնանի փափաքին՝ աղքատները, ճանապարհորդները, հիւանդները եւս ունին իրենց բաժինը: Նախնիները նոյնպէս ներկայ են Մարէի միջնորդութեամբ: Անոր կուրութիւնը կը յայտնուի տեսակ մը անցեալին վրայ, բայց թերեւս նաեւ՝ դէպի ապագայ բացուող պատուհան մը: Եւ ինչ որ պիտի պատահի չի կրնար հանդիսանալ աշխարհի բեմականացումը. արդէն տեսակ մը մերժումը կայ, «անասելիութիւն» մը, «տեսանելիութեան անկարելիութիւն» մը: Մինչդեռ ամբողջ աշխարհ մը կը մասնակցի խրախճանքին. հարուստներն ու աղքատները, նախնիներն ու իրենց ժառանգորդները, մեռեալներն ու ողջերը:

Արագօրէն, ամէն ինչ տակն ու վրայ պիտի ըլլայ: Գոյժը կը հասնի. շուկան կ՚ըսուի, թէ «ջարդ պիտի լինի»: Ատիկա չի ներկայացուիր սակայն որպէս անակնկալ լուր, այլ՝ դէպք մը, որ պիտի կրկնուի: Սակայն, նախ կը տիրէ թերահաւատութիւնը: Յովնան. “Խելքդ ո՞ւր է։ Պատերազմը սահմանի վրայ, մենք ներսերը, քաշուած մէկ անկիւնը՝ ջա՞րդ։ Սահմանի վրայ գուցէ։ Բայց մեր քաղա՜քը... Միտքէդ չանցընես”: Երբ հրաւիրեալներէն մէկը՝ Եղօ (Արբի Յովհաննիսեան) կը պնդէ՝ “Սահմանի վրայ ջարդել են, էստեղ էլ կը ջարդեն”, Յովնան կը բորբոքի . “Ասածդ հասկանո՞ւմ ես։ Կարելի՞ բան է հանգիստ ժողովուրդը ջարդել։ Ապստա՞մբ ենք թէ աւազա՞կ... ջարդը ուրիշների համար է”։ Ըստ Յովնանի՝ ճի՛շդ է, որ ջարդեր կը կատարուին, բայց ատոնք կը գործուին սահմաններուն վրայ: Կա՛յ «այնտեղ»-ը եւ կա՛յ «այստեղ»-ը: Կա՛ն «անոնք», եւ կա՛նք «մենք»: Այլ խօսքով, չնչին չափերու ջարդ մը ընդունելի է, բայց ան չի կրնար սպառնալ ժողովուրդին, հետեւաբար չի կրնար սպառնալ նաեւ Յովնանի հիւրերուն, որոնք կը ներկայացնեն այդ ժողովուրդը:

Սակայն, վճիռը վերստին կը հնչէ. “Անմեղ ենք՝ բայց պիտի ջարդեն”։ Համիտեան ջարդերու, այդ «հին ջարդեր»-ու յիշատակը վառ է դեռ եւ անմիջապէս կ՚ոգեկոչուի: Սակայն Յովնան կ՚ակնարկէ իր ընկերային դիրքը՝ “ես կառավարական բարձր պաշտօնեայ եմ”, —Օսմանեան կայսրութեան մէջ՝ Հայու մը համար հասանելի ամենէն բարձր պաշտօններէն մէկը,— ապաւինելով օրէնքներու, իրաւաբանութեան իր գիտելիքներուն, եւ կը պնդէ՝ կարելի է, որ ջարդեն, բնաջնջեն, հանգիստ չտան մարդոց, բայց ոչ՝ մինչեւ անոնց արմատները եւ թէ այդպիսի բան չի կրնար պատահիլ, չէ ալ պատահած եւ ի վերջոյ՝ չէ՞ որ ինք արդէն գրած է բանաստեղծութիւն մը՝ «Արարչական արդարութիւն»:

Խրախճանքը կը վերսկսի ամենայն թափով: Յովնան ոսկի դրամներ օդը կ՚արձակէ: Կը փափաքի, որ Նունուֆարի ոտքերը գետին չդպչին («Իմ հարսս այն հարսերից չէ, որ ոտը գետին դիպչի»), եւ կը փափաքի, որ ան քալէ ոսկի դրամներով ծածկուած յատակի վրայ: Իսկ իր կինը Նազէ (Վետա Պայվերդեան) անձկութեամբ համակուած, կը հաւատայ, որ ցուցամոլ այդ վարմունքը դժբախտութիւն պիտի պատճառէ:

Հասան պէյի (Արսէն Այնթապլեան) յանկարծակի երեւումը սահմռկեցուցիչ է: Եղբայրական յայտարարութիւններու պարտադիր բաժինէ մը ետք՝ շուտով կը յայտարարէ. “Տեղահանութիւն պիտի լինի”։ Այս յայտարարութիւնը մահազանգի պէս կը հնչէ : Ասիկա այն պահն է, ուր ամէն ինչ կը շրջի, կը թաւալի: Հարսանիքը կը վերջանայ. այլեւս լոկ «սեւ հարսանիք» մըն է, ինչպէս 1915-ի այդ գարնան բազմաթիւ ուրիշներ: Հոս, հարսանիքը փոխաբերութեան նման է հայկական կեանքին: Հասան պէյ. “Բոլոր քաղաքները, գիւղերը, ժողովուրդը՝ ամէնքը պիտի տեղահանուեն”։ Յովնան կը շարունակէ մնալ թերահաւատ. “Ժողովուրդը ամբո՞ղջ …

/…/ Ես է՞լ...”։ Եւ կոչ կ՚ընէ օրէնքին, արդարութեան, Աստուծոյ:

Որքան բարձր է ընկերային դասակարգը, այնքա՛ն մեծ է թերահաւատութիւնը, կարծես ուժն ու հարստութիւնը կարենային զերծ պահել իրականութենէն: Աղքատները գիտեն, անոնք արդէն իսկ ընչազուրկ են: Ոչինչ կու գայ խաթարելու՝ եղերական աւարտին մասին իրենց ընկալումը. ոչ մէկ վահան կրնայ զիրենք պաշտպանել ճշմարտութեան դէմ: Անոնց ընկերային փխրուն կացութիւնը զանոնք դարձուցած է աւելի ատակ՝ ըմբռնելու ինչ որ միշտ պատահած է եւ որ դարձեալ պիտի պատահի: Այսպէս, Աբրօ (Գրիգոր Դաշնակեան) կ՚ըսէ. “Խո՞ւլ էք, չէ՞ք իմանայ զուլումի ձայնը”։

Ցեղասպանութեան բաղկացուցիչ բոլոր տարրերը շուտով կը յայտնուին. սուլթանի որոշումը, ժողովուրդին ամբողջական տարագրութիւնը, զուլումները… Տարագրութիւններու մասին յայտարարութենէն անմիջապէս ետք Հասան պէյ իր նախընտրութիւնը կ՚ընէ. նոր ամուսնացած երիտասարդուհի Նունուֆարն է: Ամէն ինչ կ՚ընթանայ կայծակնային արագութեամբ: Հասան պէյ.- “Յովնան էֆէնտի, հարսդ շա՜տ գեղեցիկ է եւ վտանգաւոր գեղեցիկ”։ Կը ցնցուինք այս ահաւոր համադիպութեամբ (simultanéité):

Երբ Յովնան կ՚երթայ վալիին (Արբի Յովհաննիսեան), որ նահանգին պետն է, անկէ խնդրելու՝ օգնութիւն ճարելու համար մայրաքաղաք երթալու արտօնութիւն եւ կամ Բարձրագոյն ատեան հեռագիր մը ղրկելու համար պայմանաժամ, վերջինս կտրականապէս կը մերժէ: Ան իր՝ ծայրայեղ բրտութիւն ընդգրկող իր հմուտ քաղաղավարութեամբ կ՚արդարացնէ տարագրութիւնը՝ պատերազմի ճակատի մերձաւորութեան պատրուակով. իբրեւ թէ ատոր համար է, որ բնակչութիւնները կը տեղափոխուին դէպի երկրին ներքին մասերը՝ «կառավարութեան պաշտպանութեան ներքեւ», իբրեւ ապահովական միջոց, մինչեւ որ վտանգը հեռանայ: Կը պնդէ, որ մարդիկ չեն հասկնար այդքան պարզ բանը: Յովնան կը պատասխանէ. “Այդ պարզ բանը, վսեմափայլ տէր, այնպէ՛ս դժուար պարզ բան է։ /…/ Թողնել տուն, օջախ, նախնիների գերեզմանները, հայրենի հողը եւ մեկնել հեռու Արաբիա…”։ Եւ վալին կ՚աւելցնէ, որ այն բոլոր արհաւիրքները որոնք պիտի պատահին տարագրութեան ընթացքին՝ պէտք է վերագրել սոսկ ճակատագրին:

Ամէն անգամ, որ տարագրութեան հրահանգողները եւ գործադրողները կը յայտնուին, կը սահմռկիս, կը մնաս: Եթէ մահը մշտապէս ներկայ է հայկական կողմը, միւս՝ թրքական կողմը անսահման պերճանքի պահեր կ՚ապրի. պերճանք՝ հայ կիներու հետ, պերճանք՝ գրաւուած ինչքերով: Հասան պէյ որպէս աւարառու կը հրահանգէ, կը խնկարկէ այդ պերճանքները. հայ կիներու փայլփլուն գեղեցկութիւնը, որ իրեն կը թուի ընծայուած («մէկ գեղուհին կրակ է, շատ գեղուհիները՝ հրդեհ»): Կեանքի մը մէջ ներկայացած անզուգական առիթ մը. ունենալ ամէն ինչ, տէր դառնալ ամէն ինչի: Աստուած գիտէ՝ անգամ մըն ալ երբ կը ներկայանայ նման առիթ: Բայց Թուրքերը բոլորն ալ չարութեան մարմնացումը չեն. Հասան պէյի կողքին՝ ուրիշներ կը թուին ըլլալ աւելի չափաւոր, ինչպէս Ֆաիք (Յարութիւն Խաչատուրեան), որ սիրահարած է Յովնանի աղջկան՝ Հերիքին (Սեդա Գափոյեան) եւ որ իր բանտարկութեան գնով պիտի փորձէ զայն փրկել, ինչպէս նաեւ Նունուֆարը:

Չի նշուիր քաղաքին անունը, ուր դէպքերը կ՚ընթանան: Քաղաք մը, կամ գիւղ մը ինչպէս իր բազմաթիւ նմանները, ուր նոյն բաները պատահեցան: Որոշուած ուղղութիւնը անապատն է, Միջագետքը, Արաբիան, Եփրատի ափերը…

Վաղը պիտի ջարդե՞ն: Մարդկութենէ դուրս ելլելու հոլովոյթ մը առկայ է. մարդկութենէ դուրս ելլելու ընթացք մը: Մարդը կը կորսնցնէ մարդկային իր յատկութիւնները, կը զգայ, որ մարդկութիւնը կը լքէ զինք, ան կը մեռնի իր մէջ: Ոչ միայն ջարդարարը, այլ մա՛նաւանդ ջարդի առարկան, Հայը: Եւ ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ յատկապէս անոր վրայ: Կեանքի եւ մահուան միջեւ սահմանը կը նեղնայ: Մահը կը սկսի իր տիրապետութիւնը տարածել ապրողներուն վրայ. ապրողները արդէն մեռած են. մեռած են նախքան մեռնիլը: Այլեւս վերածուած են պարզ աղբակոյտերու, ինչպէս՝ մարդկային արժէքները, ինչպէս՝ առաքինութիւնը: Երիտասարդ երկու կիները՝ Հերիք եւ Նունուֆար կը մերժեն զիջիլ իրենց մարդկութիւնը: Արդարեւ կը մերժեն, որ զիրենք փրկեն, եթէ պիտի չփրկուին միւսներն ալ: Ասիկա Բ. աշխարհամարտի վաղորդայնին յաճախ արծարծուած նիւթ մըն է, ինչպէս վերապրողներու յանցաւորի զգացումը: Նունուֆար չ՚ուզեր փախիլ իր երիտասարդ ամուսնոյն՝ Խորէնի հետ: Երկու կիները պատրաստ են զոհուելու՝ փրկելու համար իրենց հարազատներուն կեանքը, պատրաստ են մեռնելու՝ փրկելու համար իրենց պատիւը. Նունուֆար անձնասպանութեամբ, իսկ Հերիք՝ սպաննելով Հասան պէյը: Մինչ աղջիկները կը մնան անզիջող՝ իրենց մարդկութեան նկատմամբ, անդին՝ հայրերը կը յայտնուին բոզաւագներ (proxénètes): Անոնք կը վաճառեն կամ պատրաստ են վաճառելու իրենց դուստրերը՝ փրկուելու համար: Կիներուն եւ այրերուն վերապահուած ճակատագիրը միշտ նոյնը չէ: Կիներու կենդանի մնալը ցանկալի կրնայ ըլլալ, բայց ոչ՝ այրերունը: Նազէ աղօտ անձնաւորութիւն մըն է, ան բախտագուշակ Պիւթիաի մը նման ահռելի ճշմարտութիւններ կը շպրտէ իր ամուսնոյն՝ Յովնանի երեսին, որ պիտի լքէ իր մայրը, պիտի «վաճառէ» իր հարսը, պատասխանատուն պիտի դառնայ իր որդւոյն մահուան, մի՛շտ, մի՛շտ իր սեփական կեանքը փրկելու համար: Նազէն կերպով մը Յովնանի խղճին ձայնն է, դաժան, անշրջանցելի:

Թատերգութիւնը կը կեդրոնանայ Յովնանի անկումին եւ շէյքսփիրեան այս անձնաւորութեան հոգին եւ խիղճը ալեկոծող շփոթ եւ գրեթէ աննկարագրելի փոթորիկին վրայ: Սկիզբը, ան կոչ կ՚ընէ օրէնքին, արդարադատութեան: Ինք, որ մեծատուն մըն է եւ կը տիրապետէ ամէն ինչի, մեծապէս ծանօթ է օրէնքներուն, երբեմն ալ բանաստեղծ է, կ՚ուզէ մինչեւ վերջ տէրն ու տիրականը մնալ իր ճակատագրին: Իր մեծամոլութեան մէջ՝ նոյնիսկ կ՚ըսէ, որ եթէ մարդկութիւնը մեռած է, ինքն է որ պիտի թաղէ: Նոյնիսկ, երբ անօթութենէ կը տառապի, ան կը զայրանայ իր մարմնին («Ա՜խ, քաղցը. այս մարմինը, որից չեմ ազատւում»): “Ես նահատակի չափ վախկոտ չեմ։ Ես քաջ եմ, ուզում եմ ապրեմ, ոճիրի վերջը տեսնեմ /…/ Կեանքը ազատեցէք /…/ Կեանքը չվերջացաւ, էլի կայ կեանք”, կ՚ըսէ Յովնան: Կ՛ահազանգէ, թէ մարդկութեան դէմ ոճիր կը գործուի. “Աշխարքին պէտք է լուր հասցուի, որ այստեղ սարսափելի ոճիր է գործւում”, կ՚ըսէ: Պէտք է ուրանալ իր ինքնութիւնը, հրաժարիլ հաւատքէն, ինչքերէն, եւ պէտք է ապրի՛լ, ապրի՛լ ի գին ամէն ինչի: Նոյնիսկ պատրաստ է «վաճառել»-ու իր դուստրը՝ Հերիքը, իր սեփական կեանքը փրկելու համար: Յետոյ կարգը կու գայ մտածելու «մաքրուելու» մասին: Յովնան այլեւս չի տիրապետեր ինքն իրեն, եւ միաժամանակ կը ճշդէ նպատակ մը. աշխարհի բարձրագոյն հիմնարկներէն, համայն մարդկութենէն պահանջել արդարութիւն: Յովնան. “Ի՜նչ է, մի ամբողջ ժողովուրդ հորերի, աղբերի մէջ թաղուի, ոչնչանա՜յ, ոճիրը գործուի եւ մի գանգատաւոր ձայն, մէկ հաւի ձայն չլսուի՞...”։ Կը դիմէ Աստուծոյ, որ ըստ իրեն՝ կատղած, խենթեցած է, այլեւս անկարող՝ աշխարհը ղեկավարելու: Նոր մարդկութիւն մը պէտք է,- կ՚ըսէ,- քանի միւսը մահացած է: Նո՞ր մարդկութիւն… Մարդկութեան վերակերտում՝ չարիքի դատապարտումո՞վ: Որպէս վերածննդեան միակ պայմա՞ն:

Յովնան բացառիկ վերլուծող մըն է. ամէն ինչ կը կեդրոնացնէ իր վրայ, մեծամոլութեան ստուար շարժումով մը. - մարդկութիւն, Աստուած… ապա, կը կատարէ անզիջող ինքնավելուծում մը: Մինչ Թուրքը կ՚ըսէ. «Աստուծոյ ձեռքն է», Յովնան կ՚ըսէ. “Այլեւս Աստուծոյ ձեռքը չէ”։ Ամբողջ թատերգութեան երկայնքին կ՚ոգեկոչուի Աստուծոյ անունը եւ այդ հանգամանքն իսկ արժանի է առանձին վելուծումի: Կը հասնի պահ մը, ուր ան այլեւս ապաւէն ըլլալէ կը դադրի:

Վերջաւորութեան՝ ոչ մէկ վերապրող կայ այլեւս:

Կարծեմ այս թատերգութեան մէջ զիս ամենէն շատ տպաւորող բաներէն մէկը առընչուած է ժամանակի ծաւալին: Դերենիկ Դեմիրճեան զայն գրած է 1918-ին, այսինքն այն ժամանակաշրջանին երբ դէպքերը տեղի կ՚ունենան, սակայն նաեւ համիտեան ջարդերուն մօտ ժամանակաշրջանի մը: Այս մերձաւորութիւնը անհաւատալի է: Ես զիս կը հարցադրեմ նոյնիսկ, թէ արդեօք այս թատերգութիւնը չի՞ վկայեր հայ ժողովուրդի հաւաքական կարողութիւններուն մասին, որ ունեցած է ուժը, քաջութիւնը փոխանցելու ինչ որ պատահեցաւ, կատարելու անոր պատումը դէպքէն անմիջապէս ետք: Եւ ասիկա տեսակ մը մեծարանք չէ՞ վերապրածներուն: Նաեւ՝ սոյն թատերգութիւնը չի՞ վկայեր արդեօք այս պատումը ունկնդրողներուն, զայն «ստացող»-ներուն ուժին, քաջութեան մասին: Եւ հո՛ս է, որ ի յայտ կու գայ ստեղծարար ուժը Դերենիկ Դեմիրճեանի, որ այս պատումներէն պատրաստած է թատերգութիւն մը: Այսինքն, ան կամքը ունեցած է պատումը փոխադրելու թատերական բեմ, մինչ կը գտնուինք դէպքերու իսկական «բեմ»-ին շատ մօտ…: Բացառիկ երեւոյթ է ասիկա: Կու գայ պահ մը, ուր ան կ՚որոշէ այս պատումը վերածել թատերգութեան: Արդեօք ատիկա անհրաժեշտութի՞ւն մըն էր իրեն համար: Արդեօ՞ք ուզեց մարմին տալ պատումին, ստեղծել անձնաւորութիւններ՝ զանոնք լաւագոյնս պեղելու, անոնց իրարու հետ ունեցած յարաբերութիւնները եւս լաւագոյնս պեղելու համար: Արդեօ՞ք այդպէսով ան ուզեց լաւագոյնս պեղել անպեղելի դէպքը, որ նոր էր պատահեր: Եւ ատով ալ թատրոնի սրահի մը մէջ ի մի եկած ակնդիրները նիւթը տեսնելո՞ւ, լսելո՞ւ, անոր մասին մտածելու խորհրդածելո՞ւ, զայն բաժնելո՞ւ հրաւիրելու համար:

Քաղուած պատումը, մինչեւ մանրամասնութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տայ ցեղասպանական հոլովոյթը անոր յղացքէն շատ առաջ: Ձեւով մը, ժամանակը ջնջուած է: Բանը նոյնն է. կայ Միա՛կ պատում մը՝ ինչպէս 1918-ին, այնպէս ալ՝ 2017-ին:

Ճակատագրի հեգնա՞նք, թէ ժողովուրդի մը կուրութիւն. այս թատերգութիւնը ոչ միայն երբեք չէ հրատարակուած, այլ նաեւ՝ բեմ չէր փոխադրուած երբեք: 2017 Յունիսի այս Կիրակի օրը ան մեզի ներկայացուեցաւ հեղինակի ծննդեան 140-ամեակին առթիւ:

Հետեւաբար, —կը համարձակիմ ըսել,— համահայկական մաշտաբի իրադարձութեան մը ներկայ եղանք: Պարտք կը զգամ ողջունել հայկական թատրոնի մեծ մասնագէտ Արբի Յովհաննիսեանը, իր հետ թատերական փորձերը վարող Ժիրայր Չոլաքեանը եւ ամբողջ թատերախումբը: Բոլորը միասին կը ծառայեն հայկական թատրոնին: Կրնամ ըսել, թէ պատիւ էր ներկայ գտնուիլ նման ներկայացման, ունենալ միաժամանակ երախտագիտութեան եւ ափսոսանքի զգացումներ: Երախտագիտութիւն՝ նման ձեռնարկի մը ներկայ ըլլալու առանձնաշնորհին համար, եւ ափսոսանք, որովհետեւ «քիչ բախտաւորներ»-ու վիճակեցաւ ատիկա: Բայց, ինչպէս կ՚ըսէ Շէյքսփիրի «Անրի Ե.»-էն հետեւեալ մէջբերումը, Ազենքուռի ճակատամարտի նախօրեակին. « We few, we happy few, we band of brothers » (Քիչ ենք, երջանիկ ենք, եղբայրներու խումբ մըն ենք»):

 

 Լիլիան Տարօնեան

«Նոր Յառաջ»