image

Թուրք Գրողը Կը Բացայայտէ Հրեաներու Դէմ Հետապնդումները Թուրքիոյ Մէջ

Թուրք Գրողը Կը Բացայայտէ Հրեաներու Դէմ Հետապնդումները Թուրքիոյ Մէջ

Յարութ Սասունեան       

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Israel National News-ը հրապարակած է թուրք լրագրող Ուզէյ Պուլութի չափազանց հետաքրքրական յօդուածը հետապնդումներու եւ խտրականութեան մասին, որոնց ենթարկուած են Թուրքիոյ հրեաները՝ 1923-ին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծումէն ի վեր:

 

Սա կարեւոր բացայայտում է, քանի որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը տասնամեակներ շարունակ մեծ ջանքեր գործադրած է միջազգային հանրութիւնը մոլորութեան մէջ ձգելու համար, այն իմաստով որ Թուրքիոյ մէջ մեծ հանդուրժողականութիւն կայ հրեաներու նկատմամբ եւ անոնք կ՛ապրին ժողովրդավարական այնպիսի հասարակութեան մէջ, ուր պաշտպանուած են անոնց քաղաքացիական եւ կրօնական իրաւունքները: Թրքական այս քարոզարշաւը երկու նպատակ կը հետապնդէ՝ գոհացնել Իսրայէլի ղեկավարները եւ Ամերիկայի հրեաները, որպէսզի անոնք պաշտպանեն թրքական շահերը Ուաշինկթընի մէջ եւ ստանալ ամերիկացի հրեաներու քաղաքական լոպիինկի աջակցութիւնը Ուաշինկթընի մէջ՝ հակազդելու համար Գոնկրեսէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերուն:

 

Թուրքիոյ կառավարութիւնը 1992-ին մեծ շուքով ոգեկոչեց հրեաներու Սպանիայէն փախուստի եւ Թուրքիա տեղափոխուելուն 500-ամեակը: Անգարա այս կեղծ պատմութեան քարոզչութեան մէջ ներգրաւեց հրէական համայնքի բազմաթիւ առաջնորդներ, որոնց շարքին՝ գլխաւոր ռաբբին: Երբ այդ ժամանակ ես խմբագրական մը գրեցի՝ բացայայտելով այդ տօնակատարութեան կեղծիքները, նամակ մը ստացայ ոգեկոչական ձեռնարկներու ղեկավարին կողմէ, հետեւեալ հարցադրմամբ. «Ինչո՞ւ կ՛ուզեմ ստուեր ձգել իրենց տօնակատարութեան վրայ»: Հետաքրքրական է, որ հրեայ ղեկավարը չէր վիճարկած իմ յօդուածիս մէջ ներկայացուած փաստերը՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ դարեր շարունակ հրեաներու հետապնդման վերաբերեալ:

 

Պուլութի յօդուածը կարեւոր է, որովհետեւ անիկա կը նկարագրէ հրեաներու հետապնդումները՝ ոչ թէ դարեր առաջ, այլ մեր օրերու «ժամանակակից» Թուրքիոյ մէջ...: Յօդուածը կը սկսի թրքական «Միլիյէթ» թերթի մէկ նիւթով, որ կը տեղեկացնէ, թէ տասնեակ պատմական սինակոկեր «յաւերժ անհետանալու վտանգի տակ են»: Այդ սինակոկերու անհետացման հիմնական պատճառներէն մէկը Թուրքիոյ հրէական համայնքի մեծ մասին փախուստն է երկրէն՝ փրկուելու «համակարգուած խտրականութենէն եւ բռնի թրքացման ու իսլամացման քաղաքականութենէն»: Պուլութ կը տեղեկացնէ, որ 1923-ին Թուրքիոյ Հանրապետութեան սկիզբը, երկրին մէջ կար 81 հազար 454  հրեայ: Այդ թիւը նուազած է եւ հիմա «աւելի քիչ է, քան 15 հազարը»: Համաձայն Պուլութի՝ հրէական դպրոցներուն վերջինը փակուած է թրքական կառավարութեան կողմէ, 1937-ին:

 

Ստորեւ ներկայացուած է հրեաներու եւ ոչ թուրք փոքրամասնութիւններու դէմ վերջին տասնամեակներուն թրքական հետապնդումներու եւ խտրականութեան գլխաւոր դրուագներու ցանկը, զոր կազմած է թուրք լրագրող Պուլութ.

 

 - 1934-ին ընդունուած «Ընտանիքի Մասին» թրքական օրէնքը կը ստիպէր հրեաները եւ ոչ թուրքերը հրաժարիլ իրենց ազգային անուններէն եւ փոխարէնը ընդունիլ թրքական հնչեղութեամբ անուններ:

 

 - «Հրեաները զրկուած են իրենց ազատ տեղաշարժելու իրաւունքէն առնուազն երեք անգամ՝ 1923, 1925 եւ 1927 թուականներուն»: Պուլութ նաեւ կը նշէ, որ «Ողջակիզման ժամանակ, Թուրքիա շատ քիչ թիւով հրեաներու եւ քաղաքական գաղթականներու առջեւ բացաւ իր դռները եւ նոյնիսկ քայլերու ձեռնարկեց՝ կանխելու համար հրեաներու ներգաղթը, 1937-ին»:

 

- Ատելութեան քարոզը եւ հակասեմական մեկնաբանութիւնները լայն տարածում ունին թրքական հասարակութեան եւ լրատուական միջոցներու մէջ: Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ արգիլուած է հրէական համայնքի կողմէ Իսրայէլի աջակցութեան ուղղուած որեւէ գործունէութիւն:

 

 - Թրքական կառավարութիւնը քոտային գաղտնի թիւերով նշած է հրէական, հայկական եւ յունական ծագում ունեցող անձիք: Այսպիսով կառավարութիւնը կրնայ, անհրաժեշտութեան պարագային, հետեւիլ անոնց եւ բացայայտել անոնց տուեալները:

 

- «Օրէնքներ, որոնք արգիլեցին հրեաներուն եւ միւս ոչ մահմետականներուն՝ յստակ մասնագիտութիւններ ընտրել». Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը արգիլեց փոքրամասնութիւններուն պետական պաշտօններ ստանձնել: Ըստ Պուլութի՝ «հազարաւոր ոչ մահմետականներ կորսնցուցին իրենց աշխատանքները»:

 

- Արգելք՝ հասարակական վայրերու մէջ թրքերէնէ բացի այլ լեզուներու կիրառման: «Քաղաքացին կը խօսի թրքերէն» արշաւը սկզբնական տարիներուն հիմնականին մէջ թիրախաւորած էր հրէական համայնքը՝ համաձայն թրքական հրեաներու ականաւոր մասնագէտ Ռիֆաթ Պալիի:  

 

- «Արեւելեան Թրակիոյ հրեաները ջարդերու թիրախ դարձած էին 1934-ի Յունիս 21-էն Յուլիս 4: Անոնք սկսան հրէական առեւտուրը արգիլելով, որուն հետեւեցան ֆիզիքական յարձակումները հրեաներուն պատկանող շէնքերու վրայ, որոնք սկիզբը կը թալանուէին, իսկ յետոյ կրակի կը մատնուէին: Հրեայ տղամարդիկը կը ծեծէին, իսկ հրեայ որոշ կիները կը բռնաբարէին: Իրադարձութիւններու նման ընթացքէն ահաբեկուած՝ աւելի քան 15 հազար հրեաներ լքեցին տարածաշրջանը»:

 

- Ոչ մահմետականներու զօրակոչը թրքական բանակ (1941-42): «1941-ի Ապրիլ 22-ին, 12 հազար ոչ մահմետական (յայտնի նաեւ իբրեւ «քսան դասեր»), ներառեալ հրեայ տղամարդիկ, նոյնիսկ կոյր եւ հաշմանդամ, զօրակոչուած էին: Սակայն աշխուժ ծառայութեամբ զբաղելու փոխարէն, զանոնք կ՛ուղարկէին աշխատանքային գումարտակներ, սարսափելի պայմաններու մէջ կառուցելու համար ճամբաներ եւ օդակայաններ: Այդ անտանելի պայմաններու պատճառով անոնց մէկ մասը կը մահանար, միւսներն ալ կը վարակուէին տարբեր հիւանդութիւններով»:

 

- «1942-ի Նոյեմբեր 11-ին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը օրէնք ընդունեց «Ունեցուածքի հարկի մասին», որ հարկ վճարողները կը բաժնէր չորս խումբի, ըստ իրենց կրօնական պատկանելութեան՝ մահմետականներ, ոչ մահմետականներ, հաւատափոխներ («տէօնմէ»), այսինքն՝ Sabbatean աղանդի հրեաներ, որոնք ընդունած են իսլամութիւնը, եւ օտարերկրեայ քաղաքացիներ: Թուրք մահմետականներու միայն 4.94 տոկոսը ստիպուած եղած է ունեցուածքի հարկ վճարել: Հրեաներէն յետոյ ամէնէն ծանր հարկերը դրուած էին հայերու վրայ: Մտաւորական Պասաք Ինճէի խօսքերով՝ «հիմնական նպատակը փոքրամասնութիւնները տնտեսութենէ հեռացնելն էր եւ ոչ մահմետական քաղքենիութեան փոխարինումը՝ անոնց թուրք գործընկերներով»:

 

- «1955-ի Սեպտեմբեր 6-7-ին, ոչ մահմետական համայնքներու դէմ Սթամպուլի մէջ կառավարութեան հրահրած յարձակումներու ժամանակ, թուրք խուժանը աւերեց քաղաքի յունական, հայկական եւ հրէական թաղամասերը, ոչնչացնելով եւ թալանելով անոնց սրբավայրերը, տուները, գործարանները, գերեզմանոցները եւ դպրոցները:

 

- «Հրեաներու սպաննութիւնները. երբ 2 Օգոստոս 2003-ին, Սթամպուլի Շիշլի թաղամասի իր գրասենեակին մէջ դաժանաբար սպաննուեցաւ 39-ամեայ հրեայ ատամնաբոյժ Եազէֆ Եահիան, Սթամպուլի մէջ բազմաթիւ հրեայ իրաւաբաններ եւ բժիշկներ հանեցին իրենց գրասենեակներու ցուցանակները՝ Եահիայի ճակատագրին չարժանանալու համար»:

 

Հրեաներու եւ միւս փոքրամասնութիւններու շարունակական հետապնդումներու եւ հալածանքներու այս ցանկը պէտք է յղուի միջազգային լրատուական միջոցներու, ամէն անգամ որ թրքական կառավարութիւնը կը խեղաթիւրէ իր չարագործութիւններու երկար ցանկը՝ Թուրքիոյ մէջ հրէական համայնքի հանդէպ իր վատ վերաբերումին մասին:

 

Ամօթալի է, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը նոյնիսկ քննադատական բառ մը չ՛ըսեր Թուրքիոյ մէջ իր հրեայ հայրենակիցներուն դէմ ի գործ դրուած նմանօրինակ հետապնդումներու ի պատասխան: Ընդհակառակն, իսրայէլցի պաշտօնեաներ, վախկոտի պէս, կ՛ենթարկուին Թուրքիոյ ճնշումներուն՝ ժխտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ արգիլելու մարդկութեան դէմ այս ոճիրի բացայայտումը Իսրայէլի հեռատեսիլով եւ գիտաժողովներու մէջ:

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան