image
Հրատապ լուրեր:

Սեւակ Արծրունի. Թուրքիա. Դարձ ի շրջանս իւր

Սեւակ Արծրունի. Թուրքիա. Դարձ ի շրջանս իւր

Էրտողանը դարձաւ սուլթան: Ի սկզբանէ ան կը հետապնդէր քաղաքական այս յստակ նպատակը՝ ստեղծել իսլամական նոր Թուրքիա եւ փոխարինել Աթաթուրքին:

Սակայն սկզբնական շրջանին ան իր քաղաքական ճանապարհը հիմնած էր քաղաքական իսլամի վրայ եւ ԱՄՆ-ի ու Արեւմուտքի աջակցութիւնը վայելելու համար իր շարքերը կեդրոնացուցած Ազատական Իսլամի շրջանակներու վրայ:

Էրտողան շատ շուտ հասկցաւ, որ ազատական արժէքներու վրայ իր քաղաքական երազի կառուցումը  քաղաքական ձախողութեան դատապարտուած է:

Թուրքիոյ մէջ չորս ուժի կեդրոններ կան՝ թուրք իսլամներ, թուրք ազգայնականներ, քիւրտեր եւ արեւմտամէտ ազատական ու ժողովրդավարամէտ շրջանակներ: Էրտողան, իրատեսական եւ «սառը» մտածողութեան տէր ըլլալով, եզրակացուց, որ ազատական իսլամի հետեւորդներու, փոքրամասնութիւններու եւ ազատական ժողովրդավարներու միացումով Թուրքիոյ մէջ քաղաքական մեծամասնութիւն ձեւաւորելը անիրատեսական է:

Այդ պատճառով 2015-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ձախողութենէն ետք ան լքեց իր ազատական եւ քիւրտ դաշնակիցներուն եւ միացաւ ազգայնական բանակին, իր հետ տանելով իսլամական շրջանակներու այն մասսան, որ հակուած էր օսմանիզմին: Այստեղ ան ձեռք բերաւ երկու առաւելութիւն, նախ ձեւաւորեց պարզ մեծամասնութիւն եւ երկրորդ՝ ազգայնական օսմանիսթական «թրքական հեռանկարի» շուրջ համախմբուած ժողովրդական հզօր հիմք:

Իրականութեան մէջ օսմանիզմը նոյնպէս իր մէջ կը պարունակէր ազատական եւ ազգայնամոլական տարրեր: Ինչպէս Երիտթուրքերը, Էրտողանը նոյնպէս վտանգի պահին հասկցաւ որ թուրք ժողովուրդի քաղաքական կամքը պայմանաւորուած է թուրք ազգայնականութեան կամքով: Եւ այսպէս Թուրքիան այսօր երեկոյան  դարձաւ ի շրջանս իւր՝ հաշտուեցաւ իր ազգայնամոլական բնութեան հետ: Սա ալ յանգեցուց այսօրուան թիւերուն:

Սակայն եկէք  դիտարկենք քանի մը երեւոյթ, որոնք ամէն ինչ կ'ըսեն եւ  յուշեն ընտրութիւններու արդիւնքները.

Ընդհանուր արդիւնքները՝ 51.5 այո, 48.5 ոչ:

Արեւելեան Թուրքիա եւ Կիլիկիա, քրտական եւ ալեւիական ձայներու մեծամասնութիւնը հակուած է ոչ-ին: Սակայն որոշ շրջաններու մէջ կը զգացուին քրտական հասարակութեան պառակտուածութեան դրսեւորումներ:

Եւրոպական եւ Արեւմտեան Թուրքիան, ուր կ'իշխեն Աթաթուրքի հետեւորդները, կը շարունակէ մնալ Էրտողանի հեռանկարներուն սպառնացող գլխաւոր խնդիրը:

Իսլամամէտ Թուրքիան եւ Ազգայնամոլ Թուրքիան համատարած հակուած են Էրտողանի Օսմանական այո-ին:

Հիմա Թուրքիոյ մէջ Էրտողանը «Տէ եուրէ» միատէր ըլլալու բոլոր հիմքերը ունի: Բայց ի՞նչ պիտի ընէ ան:

Ան պիտի բանակցի արեւմուտքի հետ, եթէ Ամերիկեան եւ Ատլանտեան վերնախաւը Էրտողանին շնորհէ (կամ արդէն շնորհած է) իր ուզածները, յարաբերական ժողովրդավարութեան ճանապարհով կ'երթայ, կը վերսկսի եւրոպական երկխօսութիւն, բանտերէն ազատ կ'արձակէ այլախոհները, այս անգամ ալ կը դաւաճանէ ազգայնամոլ Մէ Հէ Փէ-ին, իր կողքին պահելով ազգայնամոլ օսմանիսթները: Այլապէս զարկ պիտի տայ Թուրքիոյ ազգայնամոլական նկրտումներուն եւ ամբողջական պատերազմ սկսի քիւրտերու դէմ:

Ես կը հաւատամ որ տեղի պիտի ունենայ առաջին տարբերակը: Չի բացառուիր նոյնիսկ, որ յառաջիկայ ամիսներուն նորէն կը յայտնուի ՕՃալանը եւ Թուրքիոյ մէջ կը վերսկսին թրքական ֆետերալիզմի շուրջ քննարկումներ:

Ամէն պարագայի  Էրտողան այսօր  ապահովեց իր նոր օսմանիզմի միատէր առաջնորդի իրաւունքը, շնորհիւ թուրք ազգայնամոլականներու, իսկ ժողովրդավար բարեփոխիչ Էրտողանէն ոչինչ մնաց: Այս է կարեւորը, որ մենք պէտք է հասկնանք. Մեռաւ ժողովրդավար թագաւորը, կեցցէ Սուլթան թագաւորը: