image
Հրատապ լուրեր:

Հայրենի յուշեր (8)

Հայրենի յուշեր (8)

Բաւական շրջեցանք Մոսկուայի ճամբաներուն վրայ, ուր գրեթէ ոչինչ կար տեսնելիք, այլ հարց, թէ ի՛նչ կրնար գտնել կամ տեսնել մէկը, որ չէր ճանչնար քաղաքը, եւ մանաւանդ այնպիսի եղանակի մը, որ այնքան ալ չէր մղեր նորութեան  կամ անակնկալի հետամտելու:

Ո՛չ քաղաքը ինք կը հրապուրէր մեզ  իր համատարած ձիւնով, որ մերթ ընդ մերթ կը շարունակէր տեղալ, ո՛չ մարդիկ՝ իրենց ծածկուած դէմքերով ու գլուխներով:

Իսկ թէ մե՛նք որքան կը հրապուրէինք ուրիշները,– սա արդէն ուրիշ հարց էր:

Այս պայմաններուն մէջ լաւագոյնը  Լազարեան վերադարձն էր, ուր գոնէ ջերմ միջավայր  ունէինք ու մանաւանդ առատ տաք ջուր: Ահա այս մտածումով ալ ետդարձ ըրինք՝ մտնելով քովնտի թաղ մը, որ կը գտնուէր մեր ընտելացած միջավայրի ծիրէն ներս, երբ  մեր առջեւ ելաւ բոլորովին անսպասելի McDonald’s մը, որ հաստատուած էր լայն մայթի մը վրայ:

Կարծես  Լոս-Անճելըսի մէկ կողմնակի թաղին մէջ գտնուէինք:

Մեծաթիւ յաճախորդներ խռնուած էին անոր թափանցիկ  պատերուն շուրջ:  Ոմանք ախորժակով կ’ուտէին՝ մէկ ձեռքով բռնած   Hamburger-ի բազմայարկ բրդուճը,    Coca’Cola-ի խաւաքարտէ  խոշոր գաւաթը՝ միւս ձեռքին, ուրիշներ հերթի կանգնած էին:

Հերթ…ահա՛ այն զազրելի հասկացութիւնը որ տասնամեակներ շարունակ անէծքի մը պէս  հալածած է այս ժողովուրդը, մասնաւորաբար ռուսը, որ ամենակարգապահն ու գիտակիցը եղած է Միութիւնը կազմող ժողովուրդներուն մէջ ու լռելեայն կրած է վարչակարգին պարտադրած բոլոր զրկանքները, որոնք կը խորհրդանշուէին  հերթով:

Հերթի կը կարօտէր ամենատարրական կարիքն ալ՝ հացը, միսը, կարագը, ձուկը, մինչեւ …սոխն ու սխտորը, ա՛լ չեմ ըսեր ածելին, գուլպան ու  խրացը, որոնց տիրանալու համար երբեմն հարկ եղած է ժամեր, գոգցես օրեր սպասել՝ երկար պոչեր կազմած, միշտ մտահոգ, լարուած, գրգռուած,  թէ ի վերջոյ իրեն ալ բաժին պիտի հասնի՞ վաճառուող ապրանքէն, թէ՞  պահանջարկի ճազիւ կէսը գոհացուցած՝ պաշտօնեան պիտի յայտարարէր՝ «պրծա՜ւ»,– որ ըսել է սպառեցաւ ու վե՛րջ: Իսկ թէ յաջորդին ե՞րբ կարելի էր ստանալ իր բաժինը,– ոչ ոք գիտէր, չէր գիտեր մասնաւորաբար ինքը՝ պետութիւնը, որ հետաքրքրուած ալ չէր . ան հետաքրքրուած էր մի՛միայն իր իշխանութիւնը պահպանելով:

Ուրիշ էր,  սակայն, այս հերթը, որ պետական սնանկ տնտեսութեան ցուցանիշը չէր այլեւս, սպասողները պրկուած ու լարուած չէին, ընդհակառակը, թեթեւութեամբ, ժպտելով, շաղակրատելով ու առանց զիրար հրմշտկելու կը սպասէին՝ ապահով, որ մէկ վայրկեանէն միւսը անպայման պիտի ունենան իրենց ապսպրանքը: Ոչ ոք պիտի զրկուի:

Մեր կարճ կեցութեան ընթացքին՝ արեւմտականացում  մատնող  առաջին երեւոյթն էր այս, որուն կը հանդիպէինք:

Անօթի ըլլալով՝ մենք ալ խառնուեցանք սպասողներուն՝ քիչ մը կշտանալու, քիչ մըն ալ յագեցնելու համար մեր հետաքրքրութիւնը՝ ինքներս ալ յստակ չգիտակցելով  անոր բուն տարողութեանն  ու  առարկային:

Ուրեմն երկու մատղաշ ու համակրելի ռսուհիներ կը փաթթէին հացերն ու կը լեցնէին գաւաթները, երկու  ուրիշներ, քիչ մը աւելի խորը,  կը  զբաղէին խոհանոցով, հինգերորդ մը, փոքրիկ կիշէին ետեւ բազմած, գանձումները կը կատարէր:

Եւ ինչ որ բնորոշ էր բոլորին…անոնք կը ժպտէին. կը ժպտէր գանձողը, հացն ու զովացուցիչը յանձնողը, կը ժպտէին խոհանոցէն  ապրանք կրողները, այո, բոլորը կը ժպտէին, չհաշուած տակաւին շնորհակալական  մէկ-երկու բառերը, որոնք անշեղ կ’ընկերանային իրենց իւրաքանչիւր շաժումին: Եւ ճիշդ այս էր որ կը պակսէր խորհրդային  սպասարկողին՝ ճաշարանի սպասեակէն մինչեւ  ու մանաւանդ հանրախանութի վաճառորդուհիները:

Աշխարհի ամենազզուելի արարածը  խորհրդային պաշտօնեան էր:

Անոնք անտարբեր կը նայէին մօտեցող եւ հէնց իրենց յանձնուած ցուցափեղկին պարունակութեամբ հետաքրքրուած անձին. ապրանքը դժկամակութեամբ կը հանէին ու կը նետէին առջեւդ առանց նուազագոյն փափկանկատութեան հոն,  ուր  քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ ոսկորը շատ աւելի կիրթ կը նետեն  շան առջեւ՝ յարգելով անոր իրաւունքները:

Կը պատահի, որ ցոյց տուած առարկան ճիփ ու ճիշդ փնտռածդ չէ, կը թուես անոր պակսող մանրամասնը եւ կ’ուզես  ունենալ  այս վերջինը:

–Չունենք…

Եւ ջղային ու հապճեպ շարժումներով կը հաւաքէ ցուցադրածները:

Հետաքրիր ես, թէ արդեօք կը ճանչնայ  տեղ մը կամ մէկը որ կրնայ ունենալ զայն.

–Չգիտեմ…

Այս ամբողջ ժամանակը՝ ոչ մէկ ժպիտ, ոչ մէկ քնքշութիւն, ոչ մէկ ջերմութիւն:

Ու մանաւանդ…ոչ մէկ շահագրգռութիւն:

Խորհրդային Միութիւնը իր ծոցին մէջ կը կրէր շահագրգռութենէ  զուրկ մօտաւորապէս 150-200  միլիոն պաշտօնեայ հաշուող խաժամուժ մը,  որ ոչ մէկ ձեւով ու բանով առնչուած էր իր աշխատանքի տալիք արդիւնքին՝ ո՛չ անոր որակին, ո՛չ անոր քանակին: Այնպէս ալ անոնք չյաջողեցան ստեղծել իրենց համար առողջ բնահամակարգ մը (écosystème) եւ ապրեցան՝ միշտ երազելով Արեւմուտքը եւ փնտռելով Արեւմուտքի արտադրութիւնները:


*    *    *

Մթնելու մօտ էր, երբ շարժեցանք դէպի Հայկական նրբանցք[1]:

Այստեղ ուրիշ անակնկալ մը կը սպասէր մեզ:

Ուրեմն  կը յառաջանայինք՝ պայքարելով ձիւնին մէջ խրած մեր ոտքերով, երբ քովնտի թաղէն կին  մը  միջակ ծաւալով սեղան մը բերաւ դրաւ մայթին վրայ, ապա բերաւ աթոռ մըն ալ ու բազմեցաւ վրան:  Յետոյ սեղանի  որովայնէն  հանեց փաթեթներ ու տասնեակներով  թէ հարիւրներով շարեց սեղանին վրայ:

Եւ ահա շուրջի ո՞ր ծակերէն, ո՞ր ծերպերէն մարդիկ դուրս թափեցան եւ խռնուեցան  կնոջ գլխուն: Կանգ առինք, հետաքրքրիր  էինք  բոլորս  ալ, սակայն մօտենալու, աւելորդ քայլեր նետելու  սիրտ  չկար: Ա՛լ չդիմացայ ու շարժեցայ դէպի  նորակազմ բազմութիւնը: Այստեղ ալ նկատեցի, որ փաթեթներուն  մէջինը պաղպաղակ էր: Տասներկու հատ ալ ես գնեցի եւ անոնցմէ մէկ  ուտելով՝ հրճուագին  մօտեցայ հետաքրքիր  եռեակին:

–Ձեզի պաղպաղակ բերի,– ըսի յաղթական շեշտով մը:

–Պաղպաղա՞կ,– փրթաւ  Հարպոյեան,– մենք պաղպաղակի վերածուեր  ենք:

–Եթէ չէք ուզեր, ես պատրաստ եմ բոլորը անտրտունջ ուտելու…

Լազարեան հասած չէինք, երբ արդէն բոլոր տուփերը սպառած էին:

Մուտքին Հարպոյեան  կանգ առաւ եւ յայտարարեց.

–Տղա՛ք, այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ պաղպաղակին վրայ՝ բոլորովին տաքցայ…

Եւ կուշտուկուռ, այլեւ  ջերմացած հոգիով ու մարմնով  մտանք Լազարեան:

Եւ ես յիշեցի, որ ժամանակին լիբանանցի գիւղացի մը ինծի ըսած էր, թէ Լեռնալիբանանի տուներուն մէջ, ձմեռը, ելքի դռան քով դրուած կ’ըլլայ կաւէ կուժ մը: Ամէն դուրս ելլող խոշոր կում մը կը խմէ անոր պաղ ջուրէն՝ ճամբան տաքնալու համար:

Քաղաքաբնակներս ուրկէ՞ կրնայինք գիտնալ այս բաները:


*   *   *

Շէնքը ամայի ըլլալ կը թուէր. գոնէ մեր սահմաններուն մէջ դռնապանէն ու յարկին սպասարկողէն  զատ որեւէ մէկը չտեսանք. այդպէս էր առտուն, այդպէս էր եւ հիմա:

Հաճոյքով հաստատուեցանք, բացինք մեր պայուսակները եւ վայելեցինք  տաք ջուրը:

Չես գիտեր ուրկէ, մտածեցի, որ օր մը, եթէ Ռուսիոյ քարիւղը սպառի, ինչպէ՞ս պիտի ապրի այս անծայրածիր երկիրը՝  վառելանիւթի իր անծայրածիր պահանջով:

Ասոնք կուշտ ստամոքս եւ  տաքուկ  կռնակ  ունեցողի «հոգեր» են:

Այնուհետեւ, որքան  ժամանակ անցած էր,– չեմ գիտեր, երբ մեր յարկին վրայ սկսաւ լսուիլ կանացի կշռութաւոր ու առողջ  ձայն մը, որ գրեթէ չէր դադրեր: Բաւական համբերեցի, ըսել կ’ուզեմ՝ զսպեցի հետաքրքրութիւնս,  վերջապէս դուրս ելայ եւ ուղղուեցայ ձայնին  ուղղութեամբ: Նրբանցքին բոլորովին ծայրը հասայ բաւական ընդարձակ սենեակ մը, որուն դուռը բաց էր: Չվարանեցայ մօտենալու ու կանգնելու մուտքին՝ ապշահար դիտելով պարզուող տեսարանը:

Ներսը կը գտնուէին մօտաւորապէս 30 մանուկներ՝ 10−12 տարեկան, որոնցմով կը զբաղէր կայտառ պարմանուհի մը, որ ձեռքին ունէր ձող մը, որով զանազան  հայերէն գրութիւններ ցոյց կու տար պատին ամրացուած խոշոր գրատախտակէ մը: Սնդիկի  աշխուժութեամբ ան կը դառնար դասարանին մէջ, ամէն րոպէ գլխուն վերեւ էր  գրեթէ  իւրաքանչիւր փոքրիկի, որոնք   լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւէին այս արտասովոր ու համակրելի մանկավարժուհիին: Երկար մնացի այնտեղ, եւ ոչ ոք խանգարուեցաւ ինձմով:

Ուրեմն վերջէն իմացայ, որ մոսկուաբնակ հայ   մանուկներ են, որոնք, առ ի  չգոյէ հայկական լիաժամ դպրոցի, կը գոհանային  գիշերային  դասընթացքներով:


*    *    *

Վերադարձիս  Հարպոյեանը գտայ մահճակալին մէջ,  Եափուճեան գետին փռուած  էր՝ «մէջքի ցաւը  նուազ կը նեղէր այսպէս»: Իմ կարգիս, որքան ալ քուն չունենայի,  մտայ  մահճակալիս մէջ, որ կը գտնուէր  Հարպոյեանինին կից:

Ուշ գիշերին արթնցայ ահաւոր դղրդոցէ մը, որ ճիշդ քովէս կու գար, կարծես քիթիս տակէն ըլլար: Պէտք կա՞յ ըսելու, թէ նո՛յն ինքը՝ Հարպոյեանն էր, որ…կը խռկար: Քիչ մը սպասեցի՝ յուսալով, որ կը լռէ,  զուր յոյսեր.  ա՛լ չդիմանալով՝ աջ սրունքիս ծայրով մխտեցի յետոյքը: Խռկոցը ակնթարթ մը միայն դադրեցաւ, եւ փոխարէնը՝

Տա՛սը դոլար,– ճչաց, միւս կողմին վրայ դարձաւ ու շարունակեց…խռկալ:

 

 

[1] Այս անուանումը յառաջացած է 16-րդ դարուն՝ թելադրութեամբը այնտեղ հաստատուած մեծաթիւ հայ վաճառականներուն, որոնց մէջ աչքառու եղած են Ղազարեանները (իմա՝ Լազարեան)՝ նախնիները ապագայ  համանուն ճեմարանի  բարերարներուն:

 

Արմենակ Եղիայեան

 armenag@gmail.com