image

Թրամփ կրնայ ըլլալ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ երկու անգամ պաշտօնազրկուած է

Թրամփ կրնայ ըլլալ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ երկու անգամ պաշտօնազրկուած է

Երբ այս յօդուածը գրելու կը պատրատուէի, կ՛ուզէի երկու կարեւոր կէտի վրայ ուշադրութիւն դարձնել։ Առաջինը այն էր, որ Թրամփի մնացած է պաշտօնավարման քանի  մը օր, որուն անհամբեր կը սպասէին միլիոնաւոր մարդիկ, եւ երկրորդ՝ ապացուցուած է, որ Թրամփ պատմութեան մէջ ամենամեծ ստախօսն է: Ես չէի կրնար ակնկալել, որ Ուաշինկթընի մէջ  տեղի  կ՛ունենան  իրադարձութիւններ, որոնք աղէտալի ընթացք կը ստանան՝ ցնցելով Միացեալ Նահանգներն ու ամբողջ աշխարհը։

Իր նախագահութեան վերջին չորս տարիներուն ընթացքին Թրամփ հանդէս եկած է հարիւրաւոր  անիմաստ յայտարարութիւններով եւ որոշումներով, որոնք հազուադէպօրէն հիմնուած եղած են փաստերու կամ  տրամաբանութեան  վրայ: Այդ տգէտ մարդը ամբարտաւանօրէն կը պնդէր, որ ինք աւելի բան  գիտէր պատերազմի մասին, քան հրամանատարները, աւելին՝ քան բժիշկները «Քորոնա» ժահրի մասին, աւելին՝ քան տնտեսագէտները տնտեսութեան մասին եւ այլն։ Ան ծաղրանքի առարկայ դարձած էր ամբողջ աշխարհի մէջ։

Ինծի համար զարմանալին այն է, որ 74 միլիոն ամերիկացիներ կուրօրէն հետեւած են Թրամփի եւ քուէարկած անոր օգտին, 3 Նոյեմբեր 2020-ին: Եթէ չըլլային միւս 81 միլիոն ամերիկացիները, որոնք քուէարկած էին Պայտընի օգտին, Թրամփ կրնար մնալ իր պաշտօնին վրայ եւս չորս տարի՝ աւելի ապակայունացնելով Միացեալ Նահանգները: Աւելի շատ կը մեղադրեմ Թրամփի կոյր համակիրները, քան անձամբ՝ Թրամփը, քանի որ առանց անոնց Թրամփ չէր ընտրուեր չորս տարի առաջ եւ նման վնաս չէր պատճառեր:

Թրամփ բաւական  խորամանկ  գտնուած էր նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքին  վերաբերեալ շատոնց ի վեր կասկածներ սերմանելու մէջ: Ըստ Washington Postի՝ Թրամփ կեղծ ընտրական ենթադրութիւններ ներկայացուցած է 1795 անգամ՝ 2020 տարեշրջանի Յունուարէն Նոյեմբեր ամիսներուն, այդպիսով հող նախապատրաստելով ընտրութիւններու արդիւնքները չընդունելու համար: Իր նախընտրական հանրահաւաքներէն մէկուն ժամանակ Թրամփ ըսաւ, որ եթէ պարտուի ընտրութիւններուն, ապա կը հեռանայ երկրէն, ինչն որ իր ըսածներէն ամէնէն լաւն էր, սակայն իր բոլոր միւս յայտարարութիւններուն նման ասիկա եւս սուտ էր․․․

Աւելի եւս սրելով իրավիճակը, Թրամփ իր հաւատարիմ եւ կոյր հետեւորդներուն կոչ ըրաւ 6 Յունուար 2021ին հաւաքուիլ Ուաշինկթըն եւ թոյլ չտալ, որ Քոնկրեսը հաստատէ Ընտրական Քոլեճի ձայները՝ հաստատելով, որ Պայտըն յաղթած է ընտրութիւններուն: Թրամփ իր հետեւորդներուն նոյնիսկ ըսաւ, որ ինք անձամբ կը միանայ անոնց փողոցը եւ կը քալէ անոնց հետ։ Բարեբախտաբար, ասիկա եւս սուտ դուրս եկաւ․ ան մնաց Սպիտակ Տան մէջ եւ իր հետեւորդներուն թոյլ տուաւ իր աղտոտ պահանջները գործադրել:

Ամբողջ երկրէն Ուաշինկթըն լեցուեցան հազարաւոր անմիտ թրամփականներ, որոնց մեծ մասը առանց դիմակներու էր։ Ոմանք եկած էին զէնքով եւ մոլոթոֆեան քոքթէյլներով զինուած: Անոնք կռուեցան ոստիկանութեան դէմ եւ իրենց ճամբան հարթեցին դէպի Քոնկրեսի դահլիճները՝ ամերիկեան ժողովրդավարութեան բնօրրանը: Անոնք սպաննեցին Քափիթոլիումը պահպանող ոստիկաններէն մէկը, ցուցարար մը գնդակահարուեցաւ, իսկ երեք ուրիշներ մահացան առողջական խնդիրներու պատճառով։ Անոնք խափանեցին Քոնկրեսի միացեալ նստաշրջանը, սպառնացին Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահին եւ Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահին, զորս անմիջապէս հեռացուցին դահլիճէն՝ անոնց կեանքին սպառնացող վտանգի պատճառով։ Ամբոխը կոտրեց դռները, պատուհանները, կահոյքն ու նկարները, գողցաւ Քոնկրեսին պատկանող գոյքը: Երբեւէ, 1814 թուականին, բրիտանական բանակի կողմէ Քափիթոլիումի շէնքին վրայ յարձակելէն ի վեր, նման արգահատելի յարձակում տեղի չէր ունեցած Ուաշինկթըն գտնուող իշխանութեան նստավայրին վրայ։

Զարմանալի է, որ Քափիթոլիումի ոստիկանութիւնը, նախապէս տեղեակ  ըլլալով վերահաս յարձակման մասին, չկրցաւ յատուկ միջոցներու ձեռնարկել շէնքն ու Քոնկրեսի անդամները պաշտպանելու համար: Այնուհետեւ Քափիթոլիումի ոստիկանապետը հրաժարական տուաւ: Ազգային զօրախումբ բերելու պահանջները  անուշադրութեան մատնուեցան եւ Սպիտակ Տան կողմէ խոչընդոտուեցան մինչեւ ուշ երեկոյ՝ վնասը հասցնելէ ետք:

Խռովարարները  կամ Թրամփի ահաբեկիչները չեն կրնար խուսափիլ իրենց յանցագործութիւններուն համար նախատեսուած պատիժէն։ Քանի մը տասնեակ մարդ արդէն ձերբակալուած է, եւ կը սպասուի, որ յառաջիկայ քանի մը օրերու ընթացքին դեռ շատեր կը բանտարկուին։ Այս յանցագործութիւններու գլխաւոր սադրիչը՝ Թրամփ, այսուհանդերձ, կը մնայ ազատութեան մէջ: Ան է, որ դրդած է ամբոխը կատարելու այս բռնութիւնը: Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն յաջորդ օրը, Թրամփ տեսանիւթային իր ելոյթին մէջ յարձակողներուն հպարտօրէն ըսաւ՝ «Մենք կը սիրենք ձեզ»։ Դիմատետրը, Թուիթըրը եւ Ինսթակրամը անմիջապէս արգելափակեցին անոր հաղորդագրութիւնները, որպէսզի ան այլեւս բռնութիւն չհրահրէ։ Անոր հետեւորդները սխալմամբ այդ միջոցառումները կոչեցին «գրաքննութիւն»: Տարիներ շարունակ Թրամփը բազմիցս զգուշացուցած են, որ ան կը խախտէ ընկերային լրատուական միջոցներու ծառայութեան պայմանները, սակայն ան ամբարտաւանօրէն յամառած է։ Ընկերային լրատուական միջոցներու ընկերութիւնները իրաւունք ունին արգելափակելու զայն: Անոնք շատ աւելի կանուխէն պէտք է ընէին այդ։ Աւելին, բռնութեան դրդելը եւ ապստամբութիւնը յանցագործութիւններ են: Յանցագործը, այս պարագային՝ Թրամփ, որ ապստամբներու առաջնորդն է, պէտք է կանգնի դատարանի առջեւ եւ  ​​պատասխանատուութեան ենթարկուի իր յանցագործութիւններուն համար: Այդ անկարգութենէն ետք Թրամփի գրասենեակի քանի մը անդամներ հրաժարական տուին՝ իրենք իրենց անջատելով Քոնկրեսի մէջ տեղի ունեցած բռնութիւններէն: Թրամփի տասնեակ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ նոյնպէս հրաժարական տուին:

Ներկայացուցիչներու պալատը ներկայիս կը քննարկէ պաշտօնազրկման նոր գործընթաց  նախագահ Թրամփի համար եւ որոշումը փոխանցել Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտ։ Վերջին օրերուն Քոնկրեսի քանի մը հանրապետական ​​անդամներ կոչ ըրած են նախագահ Թրամփի՝ հրաժարական տալ, կամ՝ անոր կը սպառնայ պաշտօնազրկում։ ԱՄՆ պատմութեան մէջ առաջին անգամ է, որ նախագահը կրկնակի պաշտօնազրկման կ՛ենթարկուի։ Համոզուելու համար, որ Ծերակոյտի հանրապետական  ​​մեծամասնութիւնը չի խոչընդոտեր Թրամփի դատապարտումը, ինչպէս նախորդ տարի, Ծերակոյտը անոր պաշտօնազրկումը կը քննարկէ 20 Յունուար 2021էն ետք, երբ նոր Ծերակոյտին մէջ կը տիրէ դեմոկրատական ​​մեծամասնութիւնը։ Թէեւ մինչ այդ Թրամփ այլեւս նախագահ չ՛ըլլար, անոր պաշտօնազրկման հաստատումը կը խանգարէ, որ ան այլեւս դաշնակցային պաշտօն զբաղեցնէ, այդ շարքին՝ նախագահի թեկնածու առաջադրուիլ․․․: Թրամփի հեռանալը ստուեր կը ձգէ անոր նախագահական ժառանգութեան վրայ՝ ի լրումն վերջին չորս տարիներու ընթացքին անոր բոլոր այլ անխոհեմ արարքներուն:

Այսպիսի դաժան յարձակում սովորաբար տեղի կ՛ունենայ երրորդ աշխարհի երկիրներու մէջ, եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը աւանդաբար կը դատապարտէ բռնութիւնը: Ոչ ոք կը սպասէր, որ Ուաշինկթընի սրտին մէջ տեղի կ՛ունենայ նման ոչ ժողովրդավարական գործողութիւն, որ Միացեալ Նահանգները ծաղրանքի առարկայ դարձուց ամբողջ աշխարհի մէջ:  Միջազգային  քանի մը  ղեկավարներ, ներառեալ Իրաքի եւ Իրանի  մեծերը, ժողովրդավարութեան մասին դասախօսութիւններ կարդացին Միացեալ Նահանգներուն: Նոյնիսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, աշխարհի ամէնէն ստոր բռնապետներէն մէկը, որ բազմիցս ոտնահարած է իր ժողովուրդին ամէնէն տարրական իրաւունքները, կը ծաղրէր Միացեալ Նահանգները՝ համարձակելով ժողովրդավարութեան դաս տալ ամերիկացիներուն:

Վերադառնալով Թրամփի սուտերու արձանագրութեան՝ Washington Post փաստած է, որ նախագահ Թրամփ, 5 Նոյեմբեր 2020ի դրութեամբ, գրեթէ չորս տարուան ընթացքին ըրած է 29 հազար 508 կեղծ կամ մոլորեցնող յայտարարութիւն: Մինչեւ որ  ան լքէ իր պաշտօնը, անոր սուտերուն քանակը կը հասնի կամ կը գերազանցէ 30 հազարը, հաւանաբար աշխարհի մէջ մարդու մը կողմէ ըսուած ամէնէն շատ սուտերը: Դժբախտաբար, Թրամփի միլիոնաւոր հետեւորդներ կուրօրէն կուլ կու տային այդ սուտերը։

Ցաւօք, Թրամփի կողմնակիցները այժմ կոչ կ՛ընեն՝ «միլիոն MAGA («Ամերիկան ​​ նորէն  հզօր դարձնենք») երթ», որ տեղի կ՛ունենայ Ուաշինկթընի մէջ, 20 Յունուար 2021ին՝ խանգարելու  համար  Պայտընի երդմնակալութեան արարողութիւնը: Կը յուսամ, որ այս անգամ ոստիկանութիւնը եւ Ազգային զօրախումբը աւելի լաւ կը պատրաստուին ցուցարարները վերահսկողութեան տակ պահելու եւ բռնութիւն գործադրողները անմիջապէս ձերբակալելու համար:

 

Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան