image

Ո՞վ է պատուիրատուն, ո՞վ՝ շահառուն

Ո՞վ է պատուիրատուն, ո՞վ՝ շահառուն

Հետաքրքրական զարգացումներ կան նաեւ Արեւմուտքի մէջ, այս պարագային Ֆրանսա, ուր հերթական իսլամական աղմուկ բարձրացնելու առիթ տուաւ Մոհամմէտ մարգարէն ծաղրանկարի/ներու հրապարակումը։ Մարդս կ᾿ապշի, երբ կը տեսնէ նման յիմար արարք, որ հզօր հակազդեցութեան առիթ կը դառնայ իսլամական աշխարհին մէջ։ Այս յիմարութեան եւ անոր գտած հակազդեցութեան վստահութիւնը ունեցող շրջանակներ են զայն հրահրողները, հաստատ գիտնալով, որ Ֆրանսայի նախագահը ոչինչ կրնայ ըսել, քան պաշտպանել արտայայտուելու «ազատութիւնը»։ Եւ ահա պատրաստ է հակազդեցութիւններու շղթան։ 

Սկսելու համար՝ ֆրանսական ապրանքներու պոյքոթ։ Ցաւոտ կէտ՝ որեւէ տնտեսութեան համար։ 

Նախապէս՝ Մ․ Արեւելքի մէջ, Սէուտական Արաբիայի առաջնորդութեամբ հիմը դրուեցաւ թրքական ծագում ունեցող ապրանքներու պոյքոթին, բողոքելով Անգարայի յարձակապաշտ եւ ծայր աստիճան ծաւալապաշտական յաւակնութիւններ ունեցող, ոչ ոքի հաշուի առնող քաղաքականութիւնը։ Այս ուղղութեան քաջալերողը, խրախուսողը եղաւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հերոսական եւ անզիջող պայքարը ատրպեճանա-թրքա-ահաբեկչական դաշինքին դէմ, որուն ետին այս անգամ չյաջողեցաւ պահմտիլ Իսրայէլը։ Անմիջապէս՝ մեր մորթին վրայ զգացած՝ մեզ կսկծացնող հաւասարութեան նշանը պատրաստ է, այս անգամ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ։

Նաեւ՝ աւելի կանուխ, Լիպիոյ եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ ծրագիրներուն պատշաճ մակարդակի ընդդիմութիւն ցուցաբերած էր Փարիզ՝ Եգիպտոսի, Յունաստանի, Կիպրոսի կողքին եւ ստիպած Անգարային՝ ետ քաշուիլ, մեղմացնել իր գործողութիւնները։ Իսկ Ղարաբաղի շուրջ պատերազմին Թուրքիոյ ուղղակի միջամտութենէն ետք, բազմիմաստ պատգամներ եկան Էլիզէի պալատէն թէ խորհրդարանէն, զորս կարելի է համահունչ նկատել՝ գործքի սպասող հայկական ակնկալութիւններուն։ 

Այսօր, բոլոր հաշիւները իրար խառնուած են։ Գրեթէ ամիս մը ատրպեճանա-թրքա-ահաբեկչական դաշինքին կատաղի եւ աննախադէպ սաստկութեան նախայարձակման հայկական դիմադրութիւնը Թուրքիան խրախուսող ուժերուն հաշիւները խառնեցին։ Այսօր կարիք կայ դարձեալ Մ․ Արեւելք, Հիւսիսային Ափրիկէ եւ Արեւելեան Միջերկրական վերադառնալու։ Սակայն դիմակայութեան կշիռքէն հարկ է բացառել Ֆրանսան։ Անհաւանական չէ նաեւ Փարիզի գիտութեամբ եւ կամքով թատերաբեմի վերադասաւորումը։ Ի վերջոյ անկարելի չեն մութ գործարքները, մանաւանդ որ բոլոր դերակատարները միակ թատրոնի մը վարչութեան մականին տակ կ᾿աշխատին։ Սուրբերը միայն ռազմաճակատներու վրայ արիւն թափող եւ կեանքի գնով հայրենիք պաշտպանողներն են։

Այս տրամաբանութեամբ ալ, յիմարի մը կը յանձնարարուի ծաղրանկար պատրաստել իսլամաց մարգարէն եւ իր հաստատած դաւանանքը ծաղրելու համար։ Եւ խաղաքարտերը կը խառնուին իրար․ ժողովրդական զանգուածներու համակրանքը կը թեքի հաւատակիցին կողմը, իսկ եթէ քաղաքական ղեկավարութիւնները ականջալուր չըլլան իրենց հանրոյթի տրամադրութիւններուն, ժողովրդական զանգուածներէն իրենց խզումն ա՛լ աւելի կը լայննայ։

Խաղի, մե՜ծ խաղի մը մէկ փոքրիկ, բայց հաստատապէս վճռական ճակատամարտ կը մղուի հայոց հողի վրայ, որուն շահառու կողմերէն մին եթէ Հայկական Բեւեռն է, իր ներդաշնակ աշխարհի տեսլականով, հանդիպակաց կողմը ճիշդ հակառակը կը դաւանի՝ անվերջ հակադրութիւններ սրել, արիւն, աւեր, ատելութիւն եւ անհաշտ բեւեռացում սնուցել, որուն հանգուցալուծումը՝ եթէ ոչ անմիջապէս, ապա ժամանակի ընթացքին ա՛լ աւելի պիտի ամրացնէ սեփական ազդեցութիւնը աշխարհի առաջնորդութեան ղեկին, որ ինչպէս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, ժողովուրդներու, ազգերու եւ իրենց հայրենիքներուն աւելի լաւ կեանքի չ᾿առաջնորդեր, չէ առաջնորդած եւ պիտի չ᾿առաջնորդէ երբեք։

Հայոց պարտադրուած այս արիւնոտ պատերազմը շատ և այլազան դիմակներ վար առաւ եւ դեռ պիտի առնէ։ Ցոյց տուաւ գերհզօր պետութիւններու կարողութեան եւ ազդեցութեան պարտադրուած սահմանափակութիւնը։ Հակուած չենք խորհելու, որ Թուրքիա (Ատրպէյճանի մասին խօսիլն աւելորդ է)՝ իր նկուն տնտեսութեամբ եւ ներքին հակասութիւններով, առանձինն յանդգնութիւնը կրնար ունենալ այսքան բացայայտ «ապստամբելու» համաշխարհային կարգ ու սարքին, օրէնքներուն, չափանիշերուն դէմ։ 

Աւելի՛ն՝ այս պատերազմին ընթացքին ի յայտ եկան երեւոյթներ ուղղակի վարկաբեկեցին այսպէս կոչուած արեւմտեան արժէքները՝ մարդկային իրաւունքնե՜ր, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութի՜ւն, կեանքի իրաւո՜ւնք, պատերազմական ոճիրի աններելիութի՜ւն, մարդասիրական օրէ՜նք։ Այս բոլորը օրը ցերեկով ոտնակոխուեցան ու ինչ հակադրուեցաւ անոնց։ 

Այս առթիւ, կասկած ունինք նոյնիսկ, որ ապսպրանքի վրայ Պաքու բեմադրել տուաւ Գանձակի սահմանափակ աւերածութիւնը, իբրեւ թէ հայկական ուժերու ռմբակոծութեան հետեւանքով, զոր անմիջապէս պաշտպանութեան բանակը բացայայտեց եւ գոնէ մեզ համար ապացուցեց, որ բեմադրութիւն էր եղածը, իսկ յանկարծ, առանց այլեւայլի, առանց հետաքննութեան ու նկատի առնելու հայկական համոզիչ հակափաստարկները, եւրոպական «հեղինակաւոր» կառոյցի մը բանբերը ուղղակի քննադատեց, դատապարտեց Գանձակի թիրախաւորումը, մինչդեռ՝ պատերազմի սկիզբէն՝ Ստեփանակերտը, Շուշին եւ այլ հայկական բնակավայրեր օրական ռմբակոծուեցան ու կը ռմբակոծուին, առանց համապատասխան հակազդեցութեան, առանց սպառնալիքի, ականատեսի վկայութեամբը միջազգային մամուլի ներկայացուցիչներու, որոնցմէ ոմանք ալ վիրաւորուեցան, վիրահատուեցան։ 

Եւ մտածող մարդ եղիր, կարեւոր չէ հայ ըլլաս, սովորական մարդ արարած, ու հաւատայ որ աշխարհը պատմական դառն փորձի հիման վրայ իմաստնացած, կարգ ու սարք մշակած է, պատժական գործիքակազմով, որ բացառէ մարդկային իրաւանց այս մակարդակի ոտնակոխումը, այն ալ 21-րդ դարուն։ Ըլլալի՛ք բան չէ։ 

Հոս չենք կրնար չյիշել մեր ժողովուրդին աւելի տոկունութիւն եւ միասնականութիւն, իմաստութիւն հաղորդող ազգային դառը ցաւը, որ 105 տարի առաջ գործուած, օրին մարդկութեան դէմ ոճիր որակուած Հայոց ցեղասպանութիւնը, զոր դեռ կը քաշքշէ աշխարհը՝ իր մեծով ու պզտիկով, չէ պատժուած եւ հայոց իրաւունքները չեն վերականգնուած։ 

Այսօր այդ երկերեսանիութեան, կեղծաւորութեան եւ անարդարութեան դիմակն ալ վար առին հայկական զինուած ուժերու, աշխարհատարած հայոց անվկանդ ծառացումը, որ անխուսափելիօրէն պէտք է յանգի եւրոպական ու միջինարեւելեան ժողովուրդներու զարթօնքին, որոնց կրօնական խորհրդանիշերն օգտագործելով հակադրութիւններ սրողները զանոնք կը մղեն իրենց երկիրներէն ներս դիմակայութիւններու, յանուն իրենց իշխանութիւններու վարմունքով իսկ վարկաբեկուած արժէքներու․․․ 

Նախագահ Մաքրոն թերեւս ա՛յս երեսն ալ պէտք է նկատի առնէ ու դարմանէ, ոչ թէ երգիծանկարիչի ազատ արտայայտուելու իրաւունքը պաշտպանէ․․․ Թող մէկը փորձուի ծաղրել ոչ թէ Մովսէսը, այլ ամբողջ հին կտակարանին մէջ կարմիր թելով ընդելուզուած«ընտրեալ» ժողովուրդի արիւնռուշտ բռնութեան, խաբէութեան, տմարդութեան եւ աւազակութեան պատումներու ամբողջ շարքը եւ տեսնենք ի՛նչ կը պատահի․․․ Թող մէկը փորձուի ծաղրել քաղաքական յուդայականութիւնը, սիոնիզմը եւ իր անհանդուրժողութիւնը օտարին։ Ահա անոնք կը զինեն հայասպան թշնամին, մինչ երէկ՝ հարիւր եւ աւելի տարի առած մութին մէջ կը դաւէին Հայոց դէմ, յանդգնութիւն չունենալով լոյսին տակ գործելու։

Ազատ արտայայտութեան իրաւունք եղէր։ Սո՛ւտ, անյատա՛կ սուտ, նոյնքան՝ որքան ատրպեճանական սուտերը հայկական ճակատին վրայ։

Մենք պէտք է շնորհակալ ըլլանք թէ՛ Անգարային եւ թէ Թէլ Աւիւ-Երուսաղէմին (որ մէկը՝ դո՛ւք ընտրեցէք), որ հայ ազգը միաբանեցին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Թուրքիան ու թուրքը ահաբեկած հայկական ցունամիի սպասումը իրողութեան վերածեցին։ Մենք չարաչար սխալած պիտի ըլլանք, եթէ հրադադարի, զինադադարի հաստատումէն ետք մեր տուները վերադառնանք, կարծես բան չեղաւ։ Այս ցունամին մեր ազգային ներքին դաշտը ղեկավարող միտքն ալ պէտք է մաքրէ, նախքան արտաքին ներգործութեան թափ հաւաքելը։

 

 Զաւէն Լիյլոզեան

 «Յուսաբեր»