image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է Էմմա Ազարիկեան. Յարգանք՝ Մաշտոցեան մեծ գիւտի սպասաւորին

Ոչ եւս է Էմմա Ազարիկեան. Յարգանք՝ Մաշտոցեան մեծ գիւտի սպասաւորին

Օրերս Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Հալէպի համայնքի նուիրեալ անդամներէն ՝ Էմմա Ազարիկեան։

 Հանգուցեալը, որ երկար տարիներ եղած է ուսուցչական ասպարէզի սիրուած ներկայացուցիչներէն անդամ էր նաեւ Համազգայինի Հալէպի մեծ ընտանիքին ու տարբեր առիթներով ալ եղած էր Համազգայինի Սուրիոյ շրջանի Շրջանային Վարչութեան անդամ։

 

 «Արեւելք»  յարգելով  հանգուցեալի յիշատակը  լոյսին կու տայ հալէպահայ գործիչ ՝ Մաթիկ Էպլիղաթեանի գրչին պատկանող  սրտի խօսքը։

 

 Էմմա Ազարիկեանի  նուիրումը, անոր անցած ճանապարհը եւ հայեցի դաստիարակութեամբ նոր սերունդներ կերտող յանձնառութիւնը պիտի մնան անմոռաց, կազմելով Մերձաւոր Արեւելքի «մայր գաղութ» համարուոող Հալէպի ոսկեայ տոմարն ու անցեալի տարեգրութեան էջերը։

 

 Ստորեւ՝ Մաթիկ Էպլիղաթեանի գրութիւնը՝

 

 

Անցնող երկու օրերուն դիմատետրի էջերը ողողուեցան, լուսահոգի օրիորդ Էմմա Ազարիկեանի բազմահարիւր աշակերտներու գործակիցներու եւ մտերիմներու խօսքերով:

Ճանչնալով հանգուցեալի նուիրումը եւ նկարագիրը, անկասկած ան իր դժգոհութիւնը պիտի յայտնէր երբ նման խօսքեր լսէր, խօսքեր որ բաւարար չեն ամբողջ կեանք մը տրամադրած Մաշտոցեան մեծ գիւտի սպասաւորին վաստակին ամբողջական գնահատումին:

Յիսնամեակ մը ուսուցչագործեց, Մայրենի Լեզուի եւ հայրենասիրութեան ոգին ներառկելով բազմահազար աշակերտներու հոգիին մէջ, յաճախ նոյն ընտանիքէն երեք սերունդներ աշակերտած են օրդ. Էմմային: Հայերէն Լեզուի իր ուսուցչուհիի պարտականութեան կողքին, ան որպէս կրօնագիտութեան դասատուի, կղերականի մը նման գիտէր մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու ծեսերը, յաճախ իր աշակերտները կ՝առաջնորդէր Հայկազեան ծխական վարժարանի կից Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի:

Ընկերուհի Էմման որպէս Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական ընկերակցութեան առաքելութեան հաւատացող անխոնջ նուիրեալներէն, քուլիսներու ետին իր ծառայութիւնը մատուցեց, միշտ հեռու մնալով լուսարցակներէ եւ ցուցական երեւոյթներէ:

 Եթէ Հալէպը մնար ինչ որ էր տասնամեակ մը առաջ, երբ համաճարակ չկար, դիմատետրն ալ այսքան տարածուն չէր: Կրնա՞ք երեւակայել թէ հազարաւորներ պիտի հետեւէին, Հայ գիրի եւ մշակոյթի այս մեծ նուիրեալի յուղարկաւորութեան:

Մահացողը երբ ննջէ դագաղին մէջ, իր ճանապարհորդութեան ընթացքին դէպի անդենական, այլեւս չի լսեր կամ չի կրնար կարդալ իր մասին եղած գնահատական խօսքերը:

Ժողովրդային առածը տեղին է «Աւելի լաւ է ուշ քան երբեք», թոյլ տուէք որպէս Հալէպահայու (ինքզինքս միշտ հալէպահայ կը զգամ հպարտօրէն), այս առիթով յայտարարել շիտակ նստելով եւ շիտակ խօսելով թէ՝ օր. Էմմա Ազարիկեանը արժանի է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանի, գէթ պատմութեան համար»։