image

Սփիւռքի բաբախող սիրտը

Սփիւռքի բաբախող սիրտը

Այս տարի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը դարձաւ 90 տարեկան: Հաստատութիւն մը, որ սովորական հաստատութիւն մը, քարեղէն կառոյց մը չէ սոսկ, այլ ոգեղէն դարբնոց մըն է, ՏՈՒՆ մըն է, ուր մտնող իւրաքանչիւր հայ պատանի իր հոգիին ու սիրտին խորերը անջնջելի հետք մը կը ստանայ, ինչքան ալ իր այնտեղ մնացած ժամանակը կարճ ըլլայ:

Դպրեվանքը, ինչպէս յաճախ կրկնած ու շեշտած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սրբազնագոյն Գահակալները, եղած է եւ է Կաթողիկոսութեան սիրտը: Արդար եւ իրաւ:

Արդար եւ իրաւ, որովհետեւ Դպրեվանքը եղած է ու կը շարունակէ մնալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մարդոյժի միակ օրրանը, ուր մտնելով հայ պատանին, դուրս կու գայ թրծուած եւ բիւրեղացած, դուրս կու գայ ա՛լ աւելի հոգեղինացած ու հայացած, դուրս կու գայ եկեղեցականացած ու ազգայնացած:

Դպրեվանքը, ուր մտնողը չի՛ կրնար չզգալ իմանալի ներկայութիւնը Սահակ Խապայեան Կաթողիկոսին, Բաբգէն Աթոռակիցին եւ Շահան Գասպարեան Եպիսկոպոսին, չի՛ կրնար չշնչել Գարեգին Ա. Յովսէփեանցի մշակոյթով տոգորուած անուշաբոյրը, չի՛ կրնար չնկատել Փառէն Մելքոնեանի Քննասէրի թովչանքը, չի՛ կրնար չմբոշխնել Շահան Պէրպէրեանի խոհական ներաշխարհը, չի՛ կրնար չյուզուիլ զգալով ներկայութիւնը Զարեհ Փայասլեան Կաթողիկոսին, չի՛ կրնար չվայելել Խորէն Կաթողիկոսի հայրական հմայքը, չի՛ կրնար չզմայլիլ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գիրի եւ գրականութեան հանդէպ ունեցած սէրէն, չի՛ կրնար չտեսնել իր մեքենագրող գործիքին վրայ կռացած Բիւզանդ Եղիայեանին, չի՛ կրնար հաղորդակից չդառնալ Մուշեղ Իշխանի հմտութեան, չի՛ կրնար չսքանչանալ լռակեաց քայլող համայնագիտարանով՝ Արտաւազդ Թրթռեան Սրբազանով, չի՛ կրնար չտպաւորուիլ անվեղար վեղարաւորին՝ Գէորգ Գանտահարեանին խորագիտութեամբ, չի՛ կրնար չճաշակել Աբրահամ Ալիքեանի գեղագիտութեան հրապոյրը, չի՛ կրնար ներշնչուիլ երկնաքաղաքացի Զարեհ Ազնաւորեան Սրբազանով, չի՛ կրնար չազդուիլ Գրիգոր Շահինեանի նրբաճաշակութենէն, եւ թող ներեն ինծի բոլոր այն մեծ ու փոքր ուսուցիչներն ու դաստիարակները, որոնք Դպրեվանքի պատմութեան անցնող 90 տարիներու ընթացքին իրենց լուման նետեցին այս Սրբազան Հաստատութեան գանձանակին մէջ եւ պատուաբեր եւ բեղմնալից արգասիք տուին:

Արդարեւ, եթէ ուշադրութեամբ ուսումնասիրենք սփիւռքեան մեր իրականութեան անցնող 90 տարիներու պատմութիւնը, անպայմանօրէն պիտի նկատենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր Դպրեվանքով յատկապէս, միշտ գործօն եւ ազդու ներկայութիւն եղած է եւ է: Պահ մը նայեցէք դէպի հեռաւոր Ամերիկա ու Գանատա, Եւրոպա, Պարսկաստան, հեռու Աւստրալիա, Արաբական երկիրներ, Հայաստան ու Արցախ, Դպրեվանքը այնտեղ է, ներկայութիւն է: Հնարաւոր չէ սփիւռքեան գաղութներուն եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ չհանդիպիլ գէթ մէկ կամ երկու դպրեվանեցիներու: Հնարաւոր չէ սփիւռքեան մամուլի աշխարհին մէջ չհանդիպիլ գրողներու, խմբագիրներու, որոնք ծծած չըլլան Դպրեվանքի ոգին ու շունչը: Հնարաւոր չէ սփիւռքի դպրոցներուն մէջ չհանդիպիլ ուսուցիչներու, որոնք իրենց աւիշը ստացած չըլլան Դպրեվանքէն:

Այս բոլորին լոյսին տակ կրնանք հաստատապէս ըսել, թէ անցնող 90 տարիներու ընթացքին Դպրեվանքը ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սիրտը եղաւ, այլեւ՝ ամբողջ սփիւռքին սիրտը եղաւ, առանց որուն դժուար պիտի ըլլար երեւակայել այսօրուան սփիւռքը: Սիրտ մը, որ նոյնիսկ Լիբանանի պատերազմի տարիներուն չզլացաւ իր առաքելութիւնը շարունակել, սիրտ մը, որ հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու անընդհատ տրոփեց եւ կը շարունակէ տրոփել մեր հայ իրականութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ, եկեղեցական, ազգային, կրթական, մշակութային, հասարակական, ընկերային, եւ այլն:

Այսօր եւս, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ու տնտեսական ճգնաժամին, հակառակ անցնող աւելի քան ութ տարիներու սուրիական պատերազմի պատճառած բացասական ազդեցութեան Դպրեվանքի աշակերտութեան թիւին առումով, բայց եւ այնպէս, Դպրեվանքը, հաւատարիմ մնալով իր նուիրական առաքելութեան իր ընթացքը կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ այնքան ատեն, ինչքան սփիւռքը տակաւին կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ:

Ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ փունջ մը մտածումներ Դպրեվանքի մասին: Այսպէս.

• Զարեհ Ա. Փայասլեան Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Երբ կեցած ենք այս Աթոռի երեսնամեակի սեմին, ու Դպրեվանքի առաջին քսանհինգամեակի հանգրուանին առջեւ, կրնանք առանց հերքուելու մտահոգութեան յայտարարել, թէ այս Աթոռը սիրողները ու անոր վերելքին սատարողները արդար պարծանքի ամէն հիմնական տուեալ ունին: Կիլիկեան Ս. Աթոռի Դպրեվանքը, հակառակ զարմանազան դժուարութեանց եւ աննպաստ պայմաններու, ունեցաւ բազմարդիւն գործունէութիւն, հաւասրելով Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին կամ Արմաշի Դպրեվանքին, ըստ բարձրութեան եւ ըստ վաստակի: Արդարեւ, Կիլիկեան Ս. Աթոռն ու իր Դպրեվանքը իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն ու կը գործեն ո՛չ միայն նիւթական ու անցաւոր դժուարութեանց մէջ, այլ հոգիին սպառնացող պայմաններու ներքեւ: Եւ այսօր աշխարհ գիտէ, թէ որքան ծանր են ու անակնունելի այդ սպառնալիքին պոռթկումները կամ երեւոյթները: Ուստի, պատի՛ւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, պատի՛ւ անոր Դպրեվանքին»:

 Դպրեվանքի «Գլաձոր» պարբերաթերթին (ներկայիս՝ տարեգիրք) մէջ կը կարդանք. «Հաւատա՛, հայ ժողովուրդ, անխախտ հաւատքով, թէ ձայդ կը լսեն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ հասակ առնող ժառանգաւորներ, եւ այդ ձայնիդ թրթռացումներուն համաձայն կը պատրաստուին քեզի ընծայուելու, քեզի զոհաբերուելու: Անոնք իրենց օրերը սպաննելու համար չեն արգելափակուած Դպրեվանքի չորս պատերէն ներս, այլ յօժարակամ մեռնելու՝ որ Դո՛ւն ապրիս եւ գոյատեւես, իրենց զոհաբերութեամբն իսկ՝ Քեզի, հիմնուած մեծ Վարդապետին սա խօսքին վրայ, թէ “եթէ ոչ հատն ցորենոյ անկեալ յերկիր մեռանիցի, ինքն միայն կայ, ապա եթէ մեռանիցի, բազում արդիւնս առնէ”» («Գլաձոր», Պարբերաթերթ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանուց, Բ. Տարի, 1958, Թիւ Գ., էջ 8):

- «Դպրեվանքը այս աշխարհէն դուրս չէ, անոր մէջ է՝ իր կեանքով, եւ կը դիտէ զայն… նորութեան մասին ունի իր խօսքը, իր կեցուածքը, որովհետեւ նորութիւններով է որ կ՚ապրի իր ներկան ու նորութիւններով կը ձգտի լարել իր ապագան» («Գլաձոր», Հանդէս Դպրեվանուց Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ԺԱ. Տարի, 1969-1970, Թիւ Ա., էջ 10):

 Խորէն Ա. Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Ամէն ինչ հիմնովին վերանորոգուած է քառասուն տարի առաջուան Անթիլիասի որբանոցի շէնքերէն: Այսօր Անթիլիասի Դպրեվանքը որբանոց մը չէ, այլ լոյսի կեդրոն մը, մշակոյթի մշտավառ ջահ մը: Այսօր այս շէնքերուն բնակիչները պատսպարուելիք տեղ մը եւ կամ հաց չէ որ կ՚ուզեն. անցա՜ծ են այդ օրերը. այսօր 60 ուսանողներու նայուածքները կ՚ըսեն. “Ոչ միայն հացիւ”: Անոնք լսեցին ու այսուհետեւ միշտ պիտի լսեն թէ “հացից բացի կայ Հացեկաց, տեսնելուց զատ կայ եւ տեսիլք” այդ տեսիլքի լոյսին տակ է որ կը սկսինք քառասներորդ ուսումնական տարեշրջանը»:

 Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը կը գրէ.

- «Դպրեվանքը սքեմ չի տար իր աշակերտներուն: Մարդուն հոգեկան բովանդակութիւնն է, որ կը շինէ իմացական աշխարհի, գիտական պաշարի, ծառայութեան կամքի հայթայթումով եւ մշակումով: Իւրաքանչիւր շրջանաւարտին կը մնայ տրուածը ներդաշնակել սքեմին հետ կեանքի փորձով»:

- «Ինծի համար Դպրեվանքը ուրիշ բան մը չէ Կիլիկեան Կաթողիկոսութեան ամբողջ առաքելութեան մէջ, եթէ ոչ Աւետարանին մէջ նկարագրուած ԹԱԲՈՐ ԼԵՌը, ուր կը բարձրանան հայ մարդիկ եւ կ՚ունենան Աստուծոյ ներկայութիւնը իրենց մէջ, եւ նոյն ատեն կը վերապրին իրենց պատմութեան Մովսէսներուն եւ Եղիաներուն ներկայութիւնը՝ անբաժա՛ն Աստուծոյ ներկայութեան ապրումէն: Եւ այն ատեն, երբ երկինքէն բացուող լոյսին նային՝ իրենց հոգին այլակերպուած է արդէն, եւ երբ իջնեն դաշտ ու հետեւին իրենց Վարդապետին, ահա արդէն մտած կ՚ըլլան հայու ծառայութեան տաժանակիր՝ բայց փառաւոր կեանքին»: 

- «Դպրեվանքը իւրայատուկ նկարագիր ունեցող կրթական օճախ է: Չի՛ նմանիր ուրիշ որեւէ կրթական հաստատութեան: Այստեղ բուսնող ծառին աւիշը կը բխի երկու ակունքներէ՝

ա) Քրիստոնէական հաւատքէն՝ Աստուածաշունչի ոգեհոս ակերէն, եւ

բ) Հայկական դպրութենէն, մեր հայրենի հոգեւոր եւ ազգային ժառանգութենէն»:

• Գէորգ Գանտհարեան կ՚ըսէ. «Ինչ կը վերաբերի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին, ապա կը կրկնեմ, ինչ որ ըսած եմ Դպրեվանքի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով՝ Թեհրանի եւ Թաւրիզի մէջ, 2005-ին կազմակերպուած հանդիսութիւններուն ընթացքին. Անթիլիասի Դպրեվանքը Մարդու եւ Հայու կազմաւորումին դարբնոցը պիտի դառնար, այլ բացատրութեամբ՝ նուիրական օճախ մարդակերտումի եւ հայակերտումի: Երեք քառորդ դարու ընթացքին Դպրեվնաքը հայ ազգին 4 կաթողիկոս նուիրած է՝ Զարեհ Ա., Խորէն Ա., Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա., որուն օրով ինծի բախտ վիճակուեցաւ Հայ Եկեղեցիին եւ հայ դպրութեան ծառայելու, ապա՝ 35 եպիսկոպոս, 80 կուսակրօն քահանայ, մօտաւորապէս 200 ամուսնացեալ քահանայ եւ 300 աշխարհական ուսուցիչներ, դպրապետներ, մտաւորականներ, հասարակակակ գործիչներ, նուիրեալ ծառաներ հայ մշակոյթին եւ կրթութեան: Սխալա՞ծ կ՚ըլլանք արդեօք, հետեւեալ հաստատումը կատարելով. “Առանց Դպրեվանքի ներդրումին, մեր ազգային կեանքը կարեւոր չափով պիտի աղքատանար”»:

 Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚ըսէ.

«Դպրեվանքը սուրբ վայր մըն է, ուր յանձնառու եւ տեսլական ունեցող սպասաւորներ կը պատրաստուին մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի ծառայութեան համար: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը վճռական դերակատարութիւն ունի մեր ժողովուրդի պատմութեան այս կարեւոր ժամանակամիջոցի ընթացքին, երբ մեր ժողովուրդին կարիքներն ու սպասումները այնքան բազմաթիւ ու այլազան են, թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ»:

 Մեսրոպ Վարդապետ (ապա Արքեպիսկոպոս) Աշճեան կ՚ըսէ. «Դպրեվանքի մէջ յաճախ մեր նիւթերը, դասերը ունինք անցեալի հետ կապուած: Այդ բոլորը՝ կրօնք եւ հաւատք, ծէս եւ աղօթք, գրականութիւն ու պատմութիւն, քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ, նոր լոյսի տակ կենդանի պահելու կոչուած իմացական կեանքի ընթացք մըն է Դպրեվանքը:

Որքան խորանանք հնութեան մէջ, այնքան կը նորոգուինք, որովհետեւ մեր այսօրուան կեանքը դիտած կ՚ըլլանք առատայորդ լոյսին տակ»:

 

Վրանդ Քորթմոսեան

«Ժամանակ»/Պոլիս