image

ԱՄՆ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսըն ամերիկացի ժողովուրդին կոչ կ'ընէր՝ օգնել հայերուն

ԱՄՆ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսըն ամերիկացի ժողովուրդին կոչ կ'ընէր՝ օգնել հայերուն

Քեռի Սեմը, Մայր Հայաստանը եւ երկու որբերը 

 

Լուսանկարին մէջ «Հայ-սուրիական ամերիկեան նպաստամատոյց»-ի կոմիտէի դրամահաւաք նախաձեռնութիւնն է ամերիկեան Սիեթըլ քաղաքին մէջ` յօգուտ սովեալ հայերու: Ամերիկան խորհրդանշող Քեռի Սեմը, Մայր Հայաստանը եւ երկու հայ որբերը ներկայացնող հերոսները, շրջելով քաղաքի փողոցներուն մէջ, ամերիկացիներուն կոչ կ'ընէին մասնակցելու հանգանակութիւններուն: Մեքենային վրայ փակցուած է պաստառ՝ «Սովեալ Հայաստան. օգնեցէ՛ք կարիքաւոր երեխաներուն... Քեռի Սեմը օգնութեան ձեռք կը մեկնէ այսօր: Սիեթըլը կը կատարէ իր պարտքը» գրութեամբ (1917 թ.):

 


 

ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորկընթաուի նախաձեռնութեամբ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ ստեղծուած Հայ-սուրիական նպաստամատոյցի ամերիկեան կոմիտէն ԱՄՆ տարբեր քաղաքներու մէջ յաճախ կը կազմակերպէր շրջիկ ցուցադրութիւններ, որոնց նպատակն էր ամերիկեան հասարակութեան տեղեկացնել հայ ժողովուրդի անլուր տառապանքներուն մասին եւ կոչ ընել մասնակցելու անոնց օգնելու համար կազմակերպուող հանգանակութիւններուն: Իր գոյութեան 15 տարուան ընթացքին (1915-1930թթ.) Նպաստամատոյցը հանգանակութիւններու եւ դրամահաւաք աշխատանքներու միջոցով մօտ 117.000.000 ԱՄՆ տոլարի օգնութիւն ցուցաբերեց Մերձաւոր Արեւելքի գաղթականներուն (այդ շարքին՝ նաեւ հայ)՝ անոնց ապահովելով կացարանով եւ սնունդով:

«Հաշուի առնելով հրատապ օգնութեան անհրաժեշտութիւնը` Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին կրկին կոչ կ'ընեմ շարունակելու հանգանակութիւնները, որքան իրենք անհրաժեշտ կը համարեն` իրենց խղճի եւ առատաձեռնութեանն համապատասխան, այս տառապեալ ժողովուրդներուն օգնելու համար»:

ԱՄՆ Նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի` ամերիկացի ժողովուրդին ուղղուած կոչէն
Հոկտեմբեր 29, 1917 թ.


Լուսանկարի աղբիւրը՝ Armenia. The World Spells Tragedy, New York, 1917.
«100 ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ» գիրքէն