image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա կը փորձէ տիրանալ Երուսաղէմի հայկական կալուածներուն

Թուրքիա կը փորձէ տիրանալ Երուսաղէմի հայկական կալուածներուն

13 Փետրուար 2020ին, «Տը Ճըուիշ Փրէս» (The Jewish Press) շաբաթաթերթին մէկ յօդուածը բացայայտեց Թուրքիոյ կառավարութեան գործունէութիւնը՝ Երուսաղէմի հայկական եւ քրիստոնէական թաղամասերուն տիրանալ փորձելուն վերաբերեալ։ Լրագրող Պարուխ Ետիտի յօդուածը կը կրէ՝ «Թուրքիա Կ՛աշխատի Երուսաղէմի Հին Քաղաքի Հայկական Թաղամասին Տիրանալ» խորագիրը:

«Երուսաղէմի հայ բնակիչները TPS-ին (Իսրայէլի լրատուական գործակալութիւն) պատմած են թուրք պաշտօնեաներու ճիգերուն, որոնց միջոցով անոնք վերջին տարիներուն կը փորձեն զիրենք համոզել՝ ժխտել թուրքերու կողմէ դար մը առաջ իրականացած Հայոց Ողջակիզումը եւ տեղւոյն քրիստոնեաներուն պատկանող անշարժ գոյքը ձեռք բերելու այլ գործողութիւններու մասին», կը գրէ Ետիտ։

Երուսաղէմի հայ բնակիչներէն մէկը, որուն մեծ հայրը Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներէն է, TPS-ին ըսած է, որ թուրք կին դիւանագէտի մը հետ տեսակցելէն 40 վայրկեան ետք թրքուհին փորձած է համոզել զինք՝ կասեցնել  Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ իր գործունէութիւնը ։ «Ես հասկցայ, որ ան կ՛ուզէ համոզել զիս՝ դադրեցնել հայկական կոտորածին ուղղութեամբ իմ գործունէութիւնը»։ Հայը ըսած է, որ ինք թուրք դիւանագիտուհիին անմիջապէս ցոյց տուած է դուռը. թրքուհին հասկցած է, որ հայկական համայնքը երբեք չի հրաժարիր Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարէն։ «Մենք հարիւր տարի եւս կը սպասենք, բայց չենք հրաժարիր փոխհատուցման մեր պահանջէն, այնքան ատեն որ տակաւին չենք հասած Իսրայէլի եւ Գերմանիոյ միջեւ կնքուած վճարման նման համաձայնագիրի մը», աւելցուցած է հայ զրուցակիցը։

Երուսաղէմի մէջ անշարժ գոյքի այլ հայ սեփականատէրեր TPS-ին յայտնած են, որ թրքական կառավարութեան ներկայացուցիչները իրենց առաջարկած են 3000 տոլար դրամական պարգեւներ՝ զանազան կարիքներու համար։ Սակայն հայերը մերժած են թրքական կաշառքները՝ զանոնք անուանելով «լռեցման պարգեւներ, որոնց նպատակն է՝ չդատապարտել Թուրքիոյ կառավարութիւնը 1915-1917 թուականներու կոտորածներուն համար»։ Թէեւ իսրայէլացի լրագրող Ետիտ կ՛օգտագործէ «կոտորած» եզրը՝ Իսրայէլի կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութեան համաձայն, ան արագօրէն կը շեղի այդ քաղաքականութենէն՝ բացատրելով.  «Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացած հայերու բնաջնջումը կանխամտածուած եւ համակարգուած ցեղասպանութիւն էր՝ իր տարածքին մէջ ապրողող հայ բնակչութեան դէմ։ Նոյնիսկ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք թուրքերը, քիւրտերը եւ արաբները շարունակեցին կոտորել հայերը մինչեւ 1923, եւ տարածուած է այն կարծիքը, որ սպաննուած է Թուրքիոյ հայերուն մօտաւորապէս կէսը՝ 1․5 միլիոն հայ»։ Թուրքերը եւ քիւրտերը իսկապէս ցեղասպանութիւն կատարած են հայ ժողովուրդին դէմ, բայց ես տեղեակ չեմ արաբներու կողմէ հայերու դէմ գործադրուած որեւէ կոտորածի մասին»:

Ետիտ կը շարունակէ իր յօդուածը՝ վկայակոչելով Երուսաղէմի մէջ հայկական կալուածներ գնելու թրքական փորձերու օրինակներ. «Թրքական ճնշումները նաեւ դրսեւորուած են հայկական կալուածներ ձեռք բերելու գործին մէջ: TPS-ին յայտնի դարձած է, որ քանի մը ամիս առաջ հայկական թաղամասի բնակիչները ցնցուած են՝ յայտնաբերելով, որ իրենց տուներէն մէկը իր իրական արժէքը երեք անգամ գերազանցող գինով ծախուած է մահմետականի մը։ Քննութեամբ պարզուած է, որ հայկական անշարժ գոյքի գնման ֆինանսաւորումը ստացուած է Թուրքիայէն։ Այս միջադէպէն ետք համայնքին կարգ մը ղեկավարները հանդիպապած են, որպէսզի քննարկեն իրադարձութիւններու շղթան եւ միջոցներու ձեռնարկեն՝ կանխելու համար համայնքի կալուածներուն արտահոսքը թուրքերուն: Հայերու շրջանակին մէջ տակաւին կայ վախի զգացում, որ թուրքերը հետզհետէ աւելի շատ կալուածներու կը տիրանան կամ կը գնեն»:

Ետիտ կը վկայակոչէ Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէական կալուածներու տիրանալու թրքական այլ ծրագիր մը․ «Քրիստոնեայ առեւտրական մը, որ խնդրած է անանուն մնալ, ըսած է, որ վերջերս թուրքերը Յորդանանի վաքըֆին փոխանցած են շատ հին սեփականութեան վկայականներ, քանի մը հատը շատ մաշած, ներառեալ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի եւ հայկական ու քրիստոնէական թաղամասերու գոյքի սեփականութեան մասին փաստաթուղթեր։ Առեւտրականը, որ ցոյց տուած է քանի մը վկայականներու լուսանկարները TPS-ին, ըսած է, որ թուրքերը խնդրած են վաքըֆէն հաստատել այն փաստաթուղթերը, որոնք կ՛օգտագործուին կալուածները գնելու համար»: Հակասութիւնը այն է, որ թրքական կառավարութիւնը իր արխիւներով չի բացայայտեր մինչեւ Ցեղասպանութիւնը հայերուն պատկանող կալուածներուն վկայականները, եւ Յորդանանի վաքըֆը կ՛ուղարկէ սեփականութեան վկայականներու պատճէնները:

Ետիտ իր յօդուածին մէջ նաեւ կը գրէ հետեւեալը․ «Երուսաղէմի մէջ ընդլայնող թրքական գործունէութիւնը եւ «Իսլամ ողբայրներ»ուն տրամադրուող անոր աջակցութիւնը կ՛անհանգստացնեն Իսրայէլը։ Իսրայէլի պաշտպանական ուժերու հետախուզական բաժինը տարեկան վերջին իր զեկոյցին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, Թուրքիան ներկայացուցած է իբրեւ սպառնալիք»։

Այնուհետեւ Ետիտ կը նկարագրէ Իսրայէլի դժկամութիւնը՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ ըսելով. «Իսրայէլի պաշտօնեաները յաճախ բարձրացուցած են Հայկական Ողջակիզման ճանաչման կարելիութիւնը՝ իբրեւ հակազդեցութիւն Իսրայէլի դէմ վարուող թրքական գործունէութեան, յատկապէս՝ Թուրքիոյ մէջ «Համաս»ի ահաբեկչական գումարտակի տեղաւորման: Տարիներ շարունակ Իսրայէլ ձեռնպահ մնացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալէ՝ վախնալով, որ այսպիսի ճանաչում մը կը վնասէ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն»: Ասիկա անհեթեթ փաստարկ է, որովհետեւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ արդէն իսկ վնասուած են, եւ անոր կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը յաւելեալվնաս չի պատճառեր, ինչպէս որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ անցեալ տարուան աշնան իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը բացասական ազդեցութիւն ճունեցաւ ամերիկա-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ:

Իսրայէլացի լրագրողը ճիշդ կը նշէ, երբ կ՛ըսէ. «Թուրքիա կը վերահսկէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բոլոր հրապարակումները եւ այս մէկը կը նկատէ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան համար մեծ նշանակութիւն ունեցող հարց, ըստ որուն, թուրքերը չեն հրաժարած Երուսաղէմի մէջ հայերը համոզելու իրենց փորձէն՝ դադրեցնել իրենց ոգեկոչման ջանքերը»։

Ետիտ նաեւ հաղորդած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը խրախուսէ թրքական զբօսաշրջութիւնը դէպի Երուսաղէմ՝ վճարելով Երուսաղէմի եւ Արեւմտեան Ափին մէջ մզկիթներ այցելելու ճանբորդութեան ծախսերը:

«Թրքական ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւնները ամէնօրեայ դրութեամբ կը գործեն Երուսաղէմի մէջ՝ օգնելով «Իսլամ եղբայրներ»ուն եւ Երուսաղէմի կրօնական գործունէութեան։ Հայկական թաղամասէն աղբիւր մը ըսած է, որ Հին քաղաքին մէջ վերջին շրջանին թուրք զբօսաշրջիկները նոյնպէս կ՛աշխատին հայերուն դէմ՝ պատռելով Ցեղասպանութեան մասին պաստառներնը եւ հրապարակումները: Հայերը դատապարտող արձանագրութիւններ տարածուած են թաղամասի պատերուն:

Աւելին, թրքական «Ժառանգութիւն» ընկերութիւնը Երուսաղէմի մէջ եռանդուն գործունէութիւն կը ծաւալէ «կրթութեան, մշակոյթի, անշարժ գոյքի եւ բարօրութեան ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ կը ֆինանսաւորէ «ուղեկցող նախագիծը»` հազարաւոր մահմետական հաւատացեալներու մզկիթներ տեղափոխելու, ինչպէս նաեւ տասնեակ հազարաւորներու սնունդը ֆինանսաւորելու՝ Ռամատանի պահքը աւարտելու համար», կը պատմէ Ետիտ։

Նմանապէս, TIKA՝ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան թրքական համագործակցութեան եւ համակարգման գործակալութիւնը, ֆինանսաւորած է քանի մը ծրագրեր Երուսաղէմի մէջ։ Տասնեակ մզկիթներ եւ տուներ վերանորոգուած են Թուրքիոյ կողմէ։

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը պէտք է հակադրուի թրքական ջանքերուն՝ թոյլ չտալով, որ տեղւոյն հայերը իրենց գոյքը վաճառեն թուրք գնորդներու: Հայաստանի կառավարութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը պէտք է օգնէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին՝ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին հանդէպ թրքական ոտնձգութիւններու փորձերը կարենալ դիմակայելու համար։

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ