image

Սփիւռքահայերու մասնակցութիւնը Երկրորդ աշխարհամարտին

Սփիւռքահայերու մասնակցութիւնը Երկրորդ աշխարհամարտին

Այս տարի կը նշուի Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի՝ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին 75-ամեակը: Մարդկութեան ընթացքը այլ հունի մէջ դրած այդ պատերազմին մէջ ներքաշուած էին աշխարհի երկիրներուն մեծ մասը, ահա թէ ինչու պատերազմի աւարտին 75-ամեակը սկսած են տօնել բազմաթիւ երկիրներու մէջ, նկատի ունենալով նաեւ, որ զանազան երկիրներու մէջ պատերազմը տարբեր թուականներու աւարտած է: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին աւելի քան 30 երկիրներէն 100 միլիոնէ աւելի մարդու մասնակցութիւնը աննախադէպ էր պատերազմներու պատմութեան մէջ, աննախադէպ էր նաեւ զոհերուն թիւը՝ զանազան հաշուարկներով պատերազմի զոհ գացած է 50-էն 85 միլիոն մարդ։ Մեծ եղած է նաեւ հայ ժողովուրդի մասնակցութիւնը: Սովորաբար կը խօսուի պատերազմին Խորհրդային Միութեան կողմէ հայերու մասնակցութեան մասին:

 Ծանօթ են խորհրդահայ հրամանատարներուն եւ զինուորներուն քաջագործութիւններն ու հերոսութիւնները. պատմութեան դասագիրքերը, հայկական, խորհրդային գրականութիւնը լեցուն են հայերու մասնակցութեան պատմութիւններով: Հակառակ որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը Հայաստանի տարածքին չէ եղած, սակայն աւելի քան 600 հազար հայ մասնակցութիւն ունեցած է գրեթէ բոլոր ռազմաճակատներու վրայ: Մասնակից հայերուն հիմնական մասը Խորհրդային Հայաստանէն եւ Խորհրդային Միութեան այլ տարածքներէն էր եւ վերջին շրջանին սկսած են մեծ թիւով տեղեկութիւններ ի յայտ գալ նաեւ Խորհրդային Միութեան տարածքէն դուրս երկիրներէ հայերու մասնակցութեան թիւերուն մասին: Կը յայտարարուին սփիւռքահայերու անուններ, կը գրուին անոնց մասին պատմութիւններ եւ այդ պատմութիւններու ընդմէջէն կը տեսնենք, որ անուրանալի եւ անժխտելի է սփիւռքահայերու մասնակցութիւնը Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին:

Սփիւռքահայերու եւ Երկրորդ աշխարհամարտի կապին մասին զանազան մեկնաբանութիւններ կան. որոշ պատմաբաններու հիմնական տեսակէտը այն է, որ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն սփիւռքահայերու ճնշող մեծամասնութիւնը իր վերաբերմունքը արտայայտած է Մայր հայրենիքի շահերէն բխած եւ ատոր համեմատ համախմբուած է հակաֆաշական ազգային ճակատի կազմակերպութիւններու մէջ: Այդ առումով դեր խաղացած է նաեւ այն, որ Խորհրդային Հայաստանի խումբ մը գիտնականներ, արուեստագէտներ, նշանաւոր գործիչներ դիմում-կոչ հրապարակած եւ զայն խորագրած են «Արտասահմանեան երկիրներու բոլոր հայերուն»: Այդ նամակը տպագրուած է հայկական «Սովետական Հայաստան» եւ ռուսական «Փրաւտա» թերթերու 17 օգոստոս 1941-ի թիւերուն մէջ: Նամակին տակը ստորագրած են նշանաւոր մարդիկ, որոնցմէ՝ նկարիչ Մարտիրոս Սարեան, գրողներ Աւետիք Իսահակեան, Դերենիկ Դեմիրճեան, դերասաններ Վաղարշ Վաղարշեան, Հայկանոյշ Դանիէլեան, գիտնական Յովսէփ Օրբելի, գրող ակադեմիկոս Յակոբ Մանանդեան, երգահան Արմէն Տիգրանեան եւ շատ ուրիշներ:

Այդ նամակը մեծ տարածում գտած է սփիւռքի մէջ, անմիջապէս ստեղծուած են միութիւններ, կոմիտէներ, որպէսզի ընթացք տան հայրենիքէն հնչած խնդրանք-կոչին. հաւատացած ըլլալով, որ Խորհրդային Միութեան յաղթանակը վերածնող հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի յարատեւման երաշխիքն է:

Ծանօթ է, որ Էջմիածնի վանքին սփիւռքահայերու տրամադրած նիւթական հանգանակութիւններուն շնորհիւ 1944 թուականին ստեղծուած է «Սասունցի Դաւիթ» խորհրդային հրասայլային շարասիւնը: Ամենայն Հայոց Գէորգ Զ. Չէօրեքչեան Կաթողիկոսը յատուկ կոնդակով դիմած էր սփիւռքի հայերուն՝ կոչ ուղղելով մասնակցիլ հրասայլերու շարասիւն ստեղծելու նպատակով կազմակերպուած հանգանակութեան: Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններուն նախաձեռնութեամբ 7 մարտ 1943-ին Նիւ-Եորքի մէջ տեղի ունեցած է հայկական գաղութի ներկայացուցիչներու հաւաք մը, որուն ընթացքին ընտրուած է «Սասունցի Դաւիթ» շարասիւնին համար միջոցներ հանգանակող կոմիտէ։ «Սասունցի Դաւիթ»ի ստեղծման համար հանգականութեան մասնակցած են նաեւ Հարաւային Ամերիկայի, Իրանի, Կիպրոսի, Յորդանանի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի, Եթովպիոյ, Եգիպտոսի եւ այլ երկիրներու հայերը:

Մայր Աթոռի արխիւներուն եւ Երկրորդ աշխարհամարտի հայկական փաստաթուղթերուն մէջ առ այսօր կը պահուի ամէն մէկ երկրէ հաւաքուած գումարին քանակութիւնը, որ ներդրուած է շարասիւն կազմելու գործին մէջ: Հաւաքուած միջոցներով պատուիրուած է 21 հրասայլ։ 1944-ի փետրուարին 119-րդ առանձին հրասայլային գունդին յանձնուած այդ հրասայլերուն աշտարակներուն վրայ, հայերէն գլխագիրներով գրուած է «Սասունցի Դաւիթ»։ Ուքրանական ռազմաճակատին մէջ մարտ-մայիս ամիսներուն, գունդին կազմէն ներս, սփիւռքահայերու հանգանակութեամբ կազմուած շարասիւնը յարձակողական գործողութիւններ ծաւալած է ընդհուպ մինչեւ Ռումանիոյ ուղղութեամբ։ 1944 թուականի մայիսին հրասայլային գունդը, որու կազմին մէջ էր «Սասունցի Դաւիթ»ը, համալրուած է «Սասունցի Դաւիթ» անունը կրող երկրորդ շարասիւնով (22 հրասայլ)։ Շարասիւնը մասնակցած է քանի մը քաղաքներու ազատագրման եւ այլ մարտական գործողութիւններու: 23 յուլիս 1944-ի հրամանագրով՝ «Սասունցի Դաւիթ» շարասիւնը պարգեւատրուած է «Կարմիր դրօշ» շքանշանով։ Այնուհետեւ շարասիւնը փոխադրուած է Պանեւեժիսի շրջանը եւ մինչեւ օգոստոս կռուած է ռազմաճակատի հրամանատար, բանակի զօրավար Յովհաննէս Բաղրամեանի ենթակայութեան տակ։ 1945 թուականին այն գունդը, որուն կազմին մէջ էր «Սասունցի Դաւիթ» շարասիւնը, արժանացած է պահապանի կոչման եւ ստացած է հրասայլային առանձին գունդի կարգավիճակ: Սփիւռքահայերու հանգանակութեամբ կազմուած այդ շարասիւնին կազմին մէջ Խորհրդային Միութենէն զանազան ազգերու զինուորներ կային, այդ կարգին նաեւ՝ հայեր, որոնք պարգեւներու արժանացած են:

Պատերազմին արտասահմանի մէջ ապրող հայերու մասնակցութեան անդրադարձող կարեւոր դրուագ մըն է իրանահայերու հանգանակած գումարով «Կեներալ Բաղրամեան» հրասայլային շարասիւնի կազմաւորումը: Այս շարասիւնը նոյնպէս յաղթական երթ ունեցած է, իսկ իրանահայերը զօրավար Բաղրամեանին որպէս պարգեւ ոսկեջրուած սուր մը ղրկած են, որ կը պահուի Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ:

Պատերազմին սփիւռքահայերու մասնակցութեան մասին արժէքաւոր նիւթեր կը պահուին Հայաստանի արխիւին մէջ, իսկ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան «Մայր Հայաստան» ռազմական թանգարանին մէջ հետաքրքրական լուսանկարներ կարելի է տեսնել, ինչպէս նաեւ հոս անջատ ցուցադրութեամբ ներկայացուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Բ. Աշխարհամարտին:

Սփիւռքահայերու մասնակցութիւնը ֆաշականութեան դէմ մեր պատմութեան եւ ընդհանրապէս համաշխարհային պատմութեան կարեւոր մասն է: Աւելի քան 50 հազար սփիւռքահայ ընդգրկուած է բռնատիրութեան դէմ պայքարին մէջ՝ Հակահիթլերեան դաշինքի անդամ երկիրներու (ԱՄՆ, Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ այլն) բանակներուն մէջ: Սփիւռքահայութիւնը գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Եւրոպայի տարածքին հակաֆաշական դիմադրութեան շարժումին ընթացքին: Միայն Ֆրանսայէն ու Մեծն Բրիտանիայէն (այդ կարգին՝ այդ երկիրներու գաղութներէն) հայերուն մասնակցութիւնը հասած է մինչեւ 30 հազարի։ ԱՍՆ-ի կողմէ պատերազմին մասնակցած է 21 հազար հայ: Անոնց մէջ կը նշուին Վիքթոր Մաղաքեանի, Երուանդ (Էրնեսթ) Տէրվիշեանի, ամերիկեան բանակի հրամանատար Ճէք (Սիրակ) Հանիկեանի, Քըրք Պոլչափի, Սարգիս Զար-դարեանի եւ շատ-շատերու անունները:

Գնդապետի տեղակալ Հարբի Սաչակեան եղած է առաջիններէն մէկը, որ ամերիկեան բանակի լեռնային ջոկատներուն ուսուցանած է օդագնացութեան մարտավարութիւն, իսկ աւելի ուշ՝ առաջադրուած ամերիկեան ռազմաօդային ուժերու վարչութեան կազմին մէջ: Շատ են ամերիկահայերուն անունները, որոնք ԱՄՆ-ի ազգային կոչումներու արժանացած են: Անոնցմէ շատեր այդ կոչումին արժանացած են յետմահու:

ԱՄՆ-ի հերոսի կոչում ստացած է Երուանդ Տէրվիշեան: «Քոնկրէսի պատուոյ մետայլ» շքանշանով պատերազմի տարիներուն ԱՄՆ-ի բանակին մէջ պարգեւատրուած է ընդամէնը 87 մարդ, որոնցմէ մէկն ալ Երուանդ Տէրվիշեանը եղած է: Այդ մէկը ամենաբարձր պարգեւն էր, որ պատերազմի մասնակցութեան համար տրուած էր հայու մը: «Քոնկրէսի պատուոյ շքանշան»էն զատ Տէրվիշեան պարգեւատրուած է կարգ մը երկիրներու շքանշաններով՝ լեհական վտարանդի կառավարութեան կողմէ՝ «Պատուոյ մետայլ»ով, «Պրոնզէ աստղ»ով եւ իտալական հրամանատարութեան կողմէ՝ «Արծաթեայ խաչ»ով, «Ռազմական արիութեան խաչ»ով եւ այլն։ Զօրացրուելով, Տէրվիշեան զբաղեցուցած է ռազմական բարձր պաշտօններ, եղած է Ամերիկեան ազգային լիկէոնի փոխ-հրամանատար, ռազմական պետական կարեւոր հարցերու խորհրդական:

ԱՄՆ-ի ազգային հերոս Էրնեսթ Տէրվիշեան մահացած է 1984 թուականին եւ յուղարկաւորուած՝ իր ծննդավայր Ռիչմոնտի յիշատակի պուրակին մէջ: Յառաջիկային անջատ նիւթով մը կ՚անդրադառնանք ԱՄՆ-ի Ազգային հերոս ճանչցուած հայուն:

ԱՄՆ-ի բանակէն պատերազմին զօրավարներ դարձած են Ճորճ Մարտիկեան, Հայկ Շեքերճեան եւ այլք: Յատկանշական է, որ պատերազմին մասնակցած ամերիկահայ զինուորներուն հիմնական ու զգալի մասը ԱՄՆ գաղթածներն էին, բայց կային նաեւ ծագումով ամերիկացի հայեր: Եթէ բազմաթիւ հայեր պատերազմի դաշտ կը մեկնէին Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ գտնուած Հայաստան հայրենիքին պատերազմի մէջ ներքաշուած ըլլալուն համար, ապա մեծ էր թիւը մանաւանդ ամերիկահայերուն, որոնք իրենց պարտքը կը մատուցէին ԱՄՆ-ին կամ այն երկրին, ուրկէ կը զօրակոչուէին: Ամերիկահայերը, օրինակ, պատերազմի երթալով շնորհակալութիւն կը յայտնէին Մերձաւոր Արեւելքի նաւամատոյցի գործունէութեան եւ Կարմիր խաչի մարդասիրութեան համար՝ Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ ԱՄՆ-ի օժանդակութեամբ փրկուեցան հազարաւոր հայեր:

Բ. Աշխարհամարտին ամերիկեան բանակին կողմէ մասնակցած 21 հազար հայերէն զոհուած է շուրջ 500 հոգի, վիրաւորուած՝ աւլիք քան 500 եւ 50 հոգի անյայտ կոր-սըւածներուն մաս կը կազմէ:

Սուրիոյ բանակէն Բ. Աշխարհամարտին մասնակցած է զօրավար Արամ Քարամանուկեան, Պուլկարիոյ բանակէն՝ զօրավար Գաբրիէլ Գաբրիէլեան:

Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի բանակներէն պատերազմին մասնակցած հայերուն զգալի մասը զօրակոչուած էր Եգիպտոսէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ այլ երկիրներէ: Իր սխրանքով Ֆրանսայի մէջ հռչակուած է գրող, մտաւորական Միսաք Մանուշեանը՝ յետմահու արժանանալով Ֆրանսայի Դիմադրութեան շարժման հերոսի կոչումին: Միսաք Մանուշեանի մասին աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր իր «Անցած օրեր» գիրքին մէջ այսպէս գրած է.

«Նախքան դիմադրութեան հերոս դառնալը Միսաք Մանուշեան հայկական համայնքէն ներս յատկապէս ճանչցուած էր իր բանաստեղծութիւններով: 1944-ին Մանուշեանն ու իր խումբը ձերբակալուեցան ֆաշական Գերմանիոյ պետական գաղտնի ոստիկանութեան կողմէ: Միսաքին կինը՝ Մելինէն, խուճապահար թաքնուեցաւ մեր տան մէջ: Մենք մտահոգ կը սպասէինք լուրերու, որոնք վերջնականօրէն վատ լուրեր եղան, քանի որ այդ դիմադրականները, զորս գերմանացիները կ՚անուանէին «ահաբեկիչներ», գնդակահարուեցան»:

1978 թուականին Փարիզի մօտակայքը Մանուշեանի պատուին դրուած է յուշարձան մը, որուն վրայ գրուած է. «Փառք անոր, որ զոհուած է, որպէսզի Ֆրանսան ապրի»։

Պատերազմին աւելի քան 300 հայորդի զոհուած է Յունաստանի դիմադրութեան պայքարին ընթացքին: Անոնց մէջ էին Անդրանիկ եւ Երուանդ Ղուկասեանները, Վահրամ Սաքայեանը, Սիլվեսթրօ Ղալէեանը եւ ուրիշներ: Յունաստանի «Նոր Կեանք» թերթը 1945-ին կարեւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Յունաստան ներխուժած գերմանաֆաշական զօրքերուն դէմ մարտնչած յունահայերուն մասին:

Պուլկարիոյ հայ մասնակիցներէն ծանօթ է հերոսուհի կուսակցական Սաշկայի (Հերմինէ Ռազկրատլեան) անունը, որուն, ըստ տեղեկութիւններուն, ֆաշականները տանջամահ ըրած են: Հարաւ-սլաւիայէն յայտնի է հայ հերոսուհի կուսակցական Վարդուհի Սուքիասեանին՝ Սուքիսիչին անունը:

Սփիւռքահայերու մասնակցութեան ամենաշատը անդրադարձած է սփիւռքահայ մամուլը, որմէ կը տեղեկանանք, որ հայերը ամենամեծ մասնակցութիւնը ունեցած են նաեւ Լեհաստանի, Չեխոսլովաքիոյ, Հոլանտայի, Իտալիոյ, Գերմանիոյ տարածքներուն վրայ մարտնչող կուսակցական ջոկատներու շարքերուն մէջ:

Բ. Աշխարհամարտին հայերու մասնակցութեան մասին բազմաթիւ գիրքեր գրուած են: Տիգրան Դրամփեանի «Ֆրանսահայ համայնավարները դիմադրութեան տարիներուն» (Երեւան, 1967) աշխատութեան մէջ նկարագրուած է ֆրանսահայերուն մասնակցութիւնը եւ հեղինակը այս գիրքին համար իբրեւ յառաջաբան ընտրած է ֆրանսացի ականաւոր գրող Լուի Արակոնի հետեւեալ խօսքերը. «Հայ ժողովուրդի տառապանքներուն նկարագրութեան համար ֆրանսացի գրողները քիչ թանաք ու թուղթ չեն վատնած: Բայց հայ ժողովուրդը թանաքի փոխարէն իր արիւնը թափած է Ֆրանսայի ազատութեան համար»:

Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտի 75-ամեակին առթիւ՝ յառաջիկային կ՚անդրադառնանք պատերազմին մասնակցած սփիւռքահայ քանի մը նշանաւոր անուններու:

 

ԴՐՈՒԱԳ ՄԸ

Ամերիկահայ մամուլին մէջ կը նշմարենք հետեւեալ լուրը, որ լաւագոյնս կ՚արտացոլացնէ ամերիկահայերուն մասնակցութիւնը պատերազմին՝ նաեւ թիկունքի վրայ: Պատերազմի ամենածանր տարիներուն բազմաթիւ ամերիկահայեր, օժտուած ըլլալով երգելու, պարելու եւ դերասանական ձիրքերով, կը կազմակերպէին թատերական ներկայացումներ եւ գեղարուեստական ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին հանգանակուած գումարը կը նուիրաբերէին բարեսիրական նպատակներու, ինչպէս նաեւ այն ժամանակ տարածուած երեւոյթի մը՝ Պատերազմի արժեթուղթերու գնումին։ Ռազմաճակատը վիրաւորուած, Ֆիլատելֆիայէն կրտսեր ենթասպայ Ճոն Ֆերեշեթեանը, ապաքինած եւ հիւանդանոցի ամերիկացի զինուորներուն մասնակցութեամբ ծովուն վրայ կազմակերպած է առաջին թատերական ներկայացումը։ Այդ ներկայացումին յաջողութիւնը այնքան մեծ էր, որ շուտով խումբը «Ծիրանագոյն սիրտ» միջոցառման ծիրէն ներս 145 ներկայացումներով հանդէս եկած է ԱՄՆ-ի քսանհինգ նահանգներուն եւ հիւանդանոցներուն մէջ՝ վիրաւոր զինուորներուն համար, նոյնպէս մասնակցած է Պատերազմի արժեթուղթերու վաճառքի երեք մեծ հանդիսութիւններուն՝ հանգանակելով 2 միլիոն տոլար:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս