image

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ. Առաջին Դպրոցս

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ. Առաջին Դպրոցս

Պուրճ-Համմուտցի մանուկին համար դպրոցական ընտրութեան շատ տեղիք չկար, քանի ան  ձեւով մը կանխորոշուած աւանդոյթ էր. ամէն փոքրիկ ենթադրուած էր յաճախելու  իր թաղային վարժարանը, ուր կը գտնուէր նաեւ եկեղեցին. ասոնք միասնաբար կը կազմէին մէկ կալուած:

Այսուհանդերձ այս կարգը կը խախտէր ի նպաստ  կաթողիկէ եւ որոշ չափով աւետարանական դպրոցներուն, ուր կը յաճախէին նաեւ առաքելական ընտանիքներու զաւակները, մինչ հակառակ շարժումը գրեթէ գոյութիւն չունէր:  Այսպէս էր, որովհետեւ աւանդականօրէն կը տիրէր այն համոզումը, թէ այդ վարժարաններու շրջանաւարտները աւելի լաւ կը տիրապետէին, կաթողիկէներու պարագային՝ ֆրանսերէնին, իսկ աւետարանականներու պարագային՝ անգլերէնին: Այս մտայնութիւնը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է, եւ այդ դպրոցներու աշակերտութեան մեծամասնութիւնը միշտ ալ կազմած են առաքելական  դաւանանքի աշակերտները:

Ոչ-հայկական՝  այլադաւան կամ պետական  դպրոց  յաճախելու հարց չէր դրուեր մինչեւ անցած դարու 50-ականները: Հետագայ տասնամեակներուն  է որ ծնունդ առաւ այդ երեւոյթը:

Ուրեմն իմ պարագայիս յստակ էր, որ պիտի յաճախէի իմ թաղային վարժարանս, որ կը կրէր Ազգային Աբգարեան անունը՝ ի յիշատակ Ատանայի համանուն վարժարանին: Անոր կառուցումին նախաձեռնողներն ալ եղած էին Նոր Ատանայի բնակիչները, որոնք կը գրաւէին մերինին կից  թաղամասը:

Պատերազմը տակաւին չէր դադրած, սակայն անոր անմիջական վտանգը արդէն  բաւական նուազած  եւ  հեռացած ըլլալ կը թուէր:

1944-ի հոկտեմբերի առաւօտ մը եղբայրս զիս եւ քոյրս դպրոց տարաւ ու արձանագրել տուաւ օրուան շատ ծանօթ տնօրէնին, որ  Գէորգ Տէր Անդրէասեան կը կոչուէր, մեզի թաղակից, շատ գեղեցիկ, տպաւորիչ ու յարգուած անձնաւորութիւն մը, որ ինծի համար նշանակեց 15, իսկ քրոջս համար՝ 25 լիբանանեան ոսկի տարեթոշակ, որ համազօր էր 13 տոլարի:

Այնուհետեւ տեղի ունեցան կարգ մը գնումներ՝ գիրք, գրատախտակ, մատիտ եւ այլն, որ դրի մօրս կարած եւ ուսէս կախ պարապ պայուսակիս մէջ, ու առաաջնորդուեցայ մանկապարտէզ, այսինքն՝ եկեղեցիին սրահը, քանի յատուկ կառոյց մը գոյութիւն չունէր իբր այդպիսին: Այստեղ, չորս անկիւնները շարուած էին  նստարաններ, որոնց իւրաքանչիւր խումբը կը կազմէր դասարան մը:

Օրուան մանկապարտիզպանուհին՝ տիկ. Արմէնուհին, հիմնուելով հասակիս ու կազմիս վրայ,  կարգադրեց, որ  նստիմ կոկոն դասարան, որ էր մանկապարտէզի երրորդ կարգը: Ընկերներս հերթով կը կարդային հատուած մը, մինչեւ որ  կարգը հասաւ ինծի, իսկ ես ոչ մէկ տառ կը ճանչնայի: Ուսուցչուհին գայթակղեցաւ,  առանց բառերը ծամծմելու արտայայտեց իր արհամարհանքը  եւ բիրտ շարժումներով զիս տարաւ տիկին Արմենուհիին  քով:  Կարճ խորհրդակցութենէ մը ետք անոնք որոշեցին   զիս դնել բողբոջ դասարան, ուր բոլորն ալ անգրաճանաչ էին ինծի պէս: Ուրեմն տեղս գտած էի: Սակայն ո՛չ հասակակիցներս:

Կը զգայի,  որ ես քիչ մը աւելի մեծ եմ ընկերներէս: Այդպէս էր, քանի եղած եմ հիւանդոտ մանուկ մը, եւ ծնողքս որքան կարելի է խուսափած են զիս  «աչքերնէն հեռացնելէ»  եւ ուշ  ղրկած են դպրոց: Այս աններդաշնակութիւնը՝ իմ եւ դասընկերներուս միջեւ, մինչեւ վերջ ալ տիրած է. ես  ընդհանրաապէս մէկ տարի աւելի մեծ եղած եմ դասընկերներուս տարիքային միջինէն, թէեւ հատուկենտ պատահած է, որ ունենամ ինձմէ աւելի տարիքոտ դասընկեր ալ՝ կրկնողներ, դպրոց փոխողներ եւ այլն: Տարիքային այդ տարբերութիւնը պատճառ դարձած է, որ ընկերներէս  աւելի  դիւրին իւրացնեմ տրուող դասերը, եւ այս առաւելութիւնը պահած եմ երկար ու ձիգ  ուսանողութեանս ամբողջ տեւողութեան:

*   *   *

Մէկուն համար, որ առաջին անգամ կ’այցելէր մեր մանկապարտէզը, ան կրնար թուիլ բաբելոնեան խառնարան մը, ուր անկիւն մը ընթերցում կը կատարուէր, ուրիշ անկիւն մը՝ կ’երգէին, երրորդ անկիւն մը պատմութիւն կը պատմէին, իսկ չորրորդ մը՝ կրաքարէ անձնական փոքրիկ գրատախտակի վրայ մեսրոպեան տառերը կը դրոշմուէին:

Եւ կը կերտուէին…ապագայ հայ սերունդները:

Ասով չէր վերջանար այդ մանկապարտէզին իւրայատկութիւնը:

Այնտեղ, ճիշդ խորանին տակը, կը գտնուէր խոռոչ մը, որուն մէջ պահ դրուած էր աղքատներուն վերապահուած դագաղ մը:            Մէջ ընդ մէջ  այդ դագաղը դուրս կը  բերուէր՝ ուրախութիւն մեզի, քանի գիտէինք այլեւս, որ քիչ ետք  մեզ բակ պիտի հանէին, եւ եկեղեցին լեցուէր…յուղարկաւորներով. շուտով կը հասնէին դագաղակիրները եւս՝ քահանային  ու քանի մը դպիրներու երգեցողութեամբ: Արարողութեան ամբողջ տեւողութեան, որ կը վերջանար «Ի վերին Երուսաղէմ»-ով, մենք կուշտուկուռ կը խաղայինք, ըսել կ’ուզեմ՝ կը զբօսնէինք բակին մէջ, ի վերջոյ դժկամակութեամբ «դասարան» մտնելու համար:

Մէկ-երկու ժամ ետք կը վերադառնար պարապ դագաղը՝  խաղալիքի մը պէս թեթեւ ու անվնաս, կը զետեղուէր նոյն խոռոչին մէջ, որուն մուտքը ծածկուած էր փոքրիկ վարագոյրով մը: Այս բոլորին մենք այնքան ընտելացած էինք, որ գրեթէ  անտարբեր կը դիտէինք անցած-դարձածը՝ իսկոյն մոռնալու համար եւ հանգիստ  կը տրուէինք մեր զբաղումներուն՝  անոր հանապազօրեայ մտերմութեան մէջ, եթէ…

Եթէ չըլլային մուկերը:

Արդարեւ, մեր ուսուցչուհիները, մանկապարտիզպանուհիի գլխաւորութեամբ եւ զինուած  օրուան մանկավարժական  զէնքերով,   մեզ համոզած էին, որ այդ նոյն խոռոչին մէջ կը բնակէին…մուկեր, եւ անօթի մուկեր, որոնք ակնդէտ  զոհի կը սպասէին: Եւ ամենայարմար զոհը, ոչ աւելի, ոչ պակաս, մե՛նք էինք, թարմ ու մատղաշ մատաղցուներ, եթէ…ծուլութիւն եւ չարութիւն  ընէինք:

Եւ որովհետեւ անկարելի էր ծոյլ կամ չար չըլլալ, ահա մէջ ընդ մէջ կը հաւաքէին  նմանները, եւ իբրեւ ազդարարութիւն՝ կը շարէին  խորանէն,– իմա՝ մուկերու խոռոչէն,–  երկու մեթր ասդին, մետաղեայ վանդակին կից:

Ա՛լ լացողներ, պոռչտացողներ, տակերնին թրջողներ…

Յաջորդ քայլը, եթէ յանցանքը կրկնողներ ըլլային, անոնց ցուցամատին կը քսուէր յատուկ ձէթ մը, որ շատ կը գրաւէր մուկերը. այլ խօսքով՝ իբրեւ ախորժաբեր մուկերուն՝ քիչ մը աւելի գրգռելու համար անոնց ախորժակը…որուն պիտի յաջորդէր անշուշտ բո՛ւն յօշոտումը…

Ցերեկը ականատեսն էինք այս բոլորին, իսկ գիշերը՝  երազողը:

Ճիշդ է, որ այդ վերջնական քայլը որեւէ ատեն չառնուեցաւ, եւ որեւէ մանուկ այդ չարաշուք խոռոչին մէջ չթխմուեցաւ, այսուհանդերձ անոր սպառնալիքը մանկապարտէզի ողջ տեւողութեան՝ այդ եկեղեցւոյ մէջ, մեր գլխուն վերեւ,  կախուած մնաց իբրեւ դամոկլէսեան սուր մը,  որուն  կրնայինք  որեւէ ատեն զոհ երթալ:

*    *    *

Մանկապարտէզը ունէր հաճելի պահեր ալ:

Ամէն շաբաթ, ժամը 11-ի շուրջ, դասերը կանգ կ’առնէին, նստարանները կը վերադասաւորուէին, եւ կը սկսէր հանդէսը, ուր փոքրիկները  ցոյց կու տային իրենց շնորհները. կ’երգէին, կը պարէին, կ’արտասանէին, մինչեւ  իսկ թատերական փոկրիկ պատկերներ կը ցուցադրէին:

Առաջին մէկ օրէն ինծի բաժին ինկաւ  Յովհաննէս Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ»-էն   հատուած մը, որ կարծեմ դասագիրքիս մէջ ալ կը գտնուէր:

Քշեց գառները մեր հովիւ հսկան,

                   Ելաւ Սասնայ սարերն աննման.

                   Հ՜էյ ջան սարեր,

                   Սասնայ սարեր…

Եւ կը թուի, թէ յաջող կ’արտասանէի, քանի որ այնուհետեւ, մանկապարտէզ իմ կեցութեանս երեք տարիներուն, բազմիցս արտասանել տուած են զայն ինծի: Եւ երբ պատահէր, որ ուսուցչուհին անունս տար եւ ես ուղղուէի դէպի բեմ, իմա՝ խորանին առաջամասի փոքրիկ տարածութիւնը, կռնակս երկու մեթր անդին պահ դրուած դագաղին դարձուցած,  ընկերներս աջէն-ձախէն կը փսփսային.

–Սասունցի Դաւիթն է…

Այդ մակդիրով ալ կամաց-կամաց դարձայ գրաճանաչ ու աւարտեցի մանկապարտէզի երեքամեայ շրջանս:

 

 

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com