image

Աւօ Թումայեանի կեանքի գործը

Աւօ Թումայեանի կեանքի գործը

Աւօն՝ Աւետիս Թումայեանը (Աւօ Թումայեան)  ինքնուս գրող է: Մասնագիտութեամբ գծանկարիչ եղած է, աշխատանոց ունեցած է  նախ Հալէպ, ապա Պէյրութի հայաբնակ Պուրճ Համուտ թաղամասը: Վերջին Լիբանանի աշխատանոցը մինչեւ այժմ գոյութիւն ունի, ուր լուսանկարչական եւ տեսանկարահանման աշխատանոց հիմնած են իր որդին ու թոռը՝ Մարգար եւ Աւետիս Թումայեանները: Մարգար Թումայեանի հետ հարցազրոյցի միջոցով տեղեկութիւններ հաւաքեցինք իր հօր՝ Աւետիս Թումայեանի մասին, որ առաւել յայտնի էր Աւօ անունով (Հայաստանի ազգային գրադարանը կան Աւոյի գիրքերէն, բայց հեղինակի մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ): 

 

Աւօ ծնած է 1920 թուականին, Չորք Մարզպան (Տէօրթ Եօլ), սասունցի ընտանիքի մէջ: 1922 թուականին ընտանիքով փոխադրուած են Հալէպ, ուր ան հետագային յաճախած է Հայկազեան վարժարանը: Ունեցած է գծանկարչութեան հանդէպ մեծ սէր եւ իր ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է գծանկարչութեան վրայ: Հետաքրքրական է, որ Աւօն ընդամէնը 5-րդ դասարանի կրթութիւն ունի, ան, այդ սերունդի սփիւռքահայ շատ պատանիներուն պէս, կանուխ ձգած է դպրոցը, եւ 16 տարեկան ըլլալուն պէս աշխատանոց բացած է Հալէպի Սալիպէ թաղամասը: Այդ աշխատանոցին մէջ ան ձեռքով կը նկարէր խանութներու անուններ, լոկոներ, գովազդային յայտարարութիւններ, շարժանկարներու ցուցադրումներու ազդագրեր: Գեղագրութիւնը յարգի մասնագիտութիւն էր սփիւռքի մէջ, եւ շատ հայ վաճառականներ իրենց վաճառատուներու անունները կը պատուիրէին ձեռքով գրուած ու նկարազարդուած: 

 

Սալիպէէն յետոյ, Աւօն իր աշխատանոցը փոխադրած է Հալէպի մէկ այլ վայր: Հալէպեան միջավայրէն ներս ան առնչուած է յեղափոխական թեմաներուն հետ, տարուած է հայ ժողովուրդի պատմութեամբ եւ  մտադրած է  պատմութիւններ գրել, յեղափոխական ոգին փոխանցելով սփիւռքի մէջ ապրող հայ նոր սերունդին: Յեղափոխական թեմաներով նախ նիւթեր տպագրած է Հալէպի, ապա Պէյրութի հայկական թերթերուն մէջ: ՀՅԴ պաշտօնաթերթերու եւ թերթերու պատանեկան յաւելուածներուն մէջ հերթաբար հրատարակած է իր «Յեղափոխական ալպոմ» շարքը, շարքի իւրաքանչիւր թեման նուիրելով  հայ ազատագրական պայքարի երեւելի դեմքերէն մէկուն: «Յեղափոխական ալպոմ» շարքին նոր նիւթեր հայթայթելու համար,  ան մեկնած է Իրաք եւ Իրան, ուրկէ վերադարձած է նոր ու հարուստ նիւթերով, որոնց մէկ մասը առաջին անգամ  հրատարակուած է իր շարքով: Իր հետ բերած է նաեւ լուսանկարներ, որոնք հետագային լոյս տեսած են գիրքերու վերածուած ալպոմներով:

 

1962 թուականին Աւօն կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր կը շարունակէ նոյն գործը: Աշխատած է  ՀՅԴ Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Ազդակ» օրաթերթը: 1965-էն սկսեալ ան երեք անգամ այցելած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, կրկին նիւթեր հայթայթելու եւ պատմական փաստեր հաւաքելու նպատակով, հանդիպած է քաղաքական, կուսակցական գործիչներու եւ հասարակական դէմքերու հետ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, որոշ շրջան մը ան մամլոյ մէջ դադրեցուցած է «Յեղափոխական ալպոմի» հրատարակութիւնը: Հետագային «Յեղափոխական ալպոմի» բոլոր շարքերը  լոյս տեսած են առանձին գիրքով, կազմին՝ լուսանկար, եւ շատ արագ տարածուած են սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ:

Աւետիս Թումայեան մահացած է 1989 թուականի 15 օգոստոսին: Անոր գիրքերը կ'արժեւորուին յատկապէս այն առումով, որ, չունենալով նոյնիսկ դպրոցական ամբողջական կրթութիւն,  ան ձեռնամուխ եղած է նման ծաւալուն գործի, ինչն ալ դարձած է իր կեանքի գործը:

 


«Յեղափոխական ալպոմ»-ի մասին լուր՝ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթին մէջ, 1958 թ, 3 յուլիս

 

 



 


«Յեղափոխական ալպոմ»-ի օրինակ

 

 

 


Յայտնի մատենագէտ Արտաշես Տէր-Խաչատուրեանի յօուվածը՝ Աւոյի մահուան քառասունքի առթիւ, տպուած Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, 1989 թ.,  23 սեպտեմբեր

 

 

Յայտարարութիւն՝ տպուած  Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, 1963թ.,  3  յունուար

 

1963  թ-ին  «Յեղափոխական ալպոմ» -ը բացառիկ թիւ նուիրած է Զարեհ Ա կաթողիկոսին. յայտարարութիւն «Ազդակ» օրաթերթի մէջ, 1963,  20 մայիս

 

 Աւօ «Հրայր», 1985 թ.

 

 

 Աւօ  «Գէորգ Չաւուշ»,  1972 թ.