image

Ֆելլինիի 100-ամեակն ու ամայի Ռիմինին

Ֆելլինիի 100-ամեակն ու ամայի Ռիմինին

Ադրիական ծովու ափին գտնուող Ռիմինի քաղաքի օդակայանը կոչուած է աշխարհահռչակ իտալացի բեմադրիչ Ֆետերիքօ Ֆելլինիի անունով:

Ինչպէս կարգ մը իտալական քաղաքներ, Ռիմինին եւս այս օրերուն գոց է, եւ առողջարանային այդ քաղաքը, որ ամէն եղանակի բազմահազար հիւրեր կ՚ընդունէր, այսօր պարապ ու ամայի է:

Համաճարակի ճիրաններուն մէջ գտնուող Իտալիայէն երբեմն յուսադրող լուրեր կը հասնին: Այս լուրերէն մէկը հասաւ Ռիմինիէն, ուր 101 տարեկան մարդ մը բուժուած է քորոնա վարակէն եւ միացած՝ իր հարազատներուն:

Ռիմինին նոյն անունով մարզին կեդրոնն է. մարզին ղեկավարը համացանցի վրայ էջ մը բացած է ու ամէն օր կը տեղեկացնէ Ռիմինիի մէջ քորոնաժահրին պատկերը: Հոն նոյնպէս վարարակիրներու մեծ թիւ կայ, ապաքինողներ շատ չեն կամ դանդաղ կ՚ապաքինուին:

Ռիմինին այս տարի կը պատրաստուէր Ֆետերիքօ Ֆելլինիի 100-ամեակին, որ բացի ամբողջ Իտալիոյ մէջ եւ աշխարհի տարածքին նշուելուն, պիտի նշուէր նաեւ բեմադրիչին ծննդավայրին մէջ: Յունուարին Ռիմինիի մէջ տրուեցաւ 100-ամեակի ձեռնարկներուն մեկնարկը եւ ամբողջ տարի մը պիտի շարունակուէր, բայց Իտալիան փետրուար-մարտ ամիսներուն մտաւ խոր մեկուսացման մէջ:

Մինչ այս համաճարակը՝ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ, արուեստասէրներ Ռիմինի կը հասնէին՝ տեսնելու համար Ֆետերիքօ Ֆելլինիի ծննդավայրը. մարդու մը, որ յեղափոխած է համաշխարհային շարժանկարային արուեստը եւ որուն անունը «ոսկեայ» տառերով գրուած է շարժապատկերի պատմութեան մէջ:

Այս քաղաքին մէջ իտալական հնագոյն վայրերէն մի քանին հանդիպած եւ գողտրիկ մտերմութիւն մը կազմած են: Քաղաքը կը նկատուի Ռոմանական Ռիվերայի կեդրոնը: Մէկ կողմէն ծովու ափին գտնուիլը, միւս կողմէ՝ Մարեքիա եւ Աուզա գետերուն միջեւ անոր դիրքը, Սան Մարինոյի հանրապետութենէն եւ Տիտանօ լերան մօտ գտնուիլը Ռիմինին հրաշագեղ զբօսաշրջային վայրի մը վերածած են: Այս քաղաքը նաեւ հարուստ է իր պատմութեամբ, որ կը սկսի Քրիստոսէ առաջ, կ՚անցնի քանի մը հնագոյն ժամանակաշրջաններէ, կը հասնի նոր ժամանակաշրջան, երբ 1797 թուականին քաղաքը գրաւուած էր ֆրանսացի բնակչութեան կողմէ, իսկ 1860 թուականին ան մտած է Իտալական թագաւորութեան կազմին մէջ: Ռիմինին նաեւ կեդրոն եղած է Առաջին եւ Երկրորդ աշխարհամարտերուն ընթացքին ու այս ողջ պատմական ընթացքը կ՚արտացոլուի քաղաքի թանգարաններուն, շէնքերուն, պատմական եւ մշակութային վայրերուն մէջ: Բայց պէտք է նշել, որ Ռիմինին տակաւին անցեալ դարերէն ունեցած է զբօսաշրջային համբաւ. որպէս ծովափնեայ հանգստավայր, քաղաքը յայտնի էր 1843 թուականէն ի վեր, երբ հոս հիմնադրուեցաւ առաջին լողափնեայ հաստատութիւնը, որ Ադրիական ծովու ափին ամենահին հանգստավայրերէն մէկն էր: Լողափին լայնութիւնը, ծովուն մաքրութիւնը, լողալու վայրերուն յարմարաւէտութիւնը, շքեղ պանդոկները, բնութիւնը եւ բուժիչ ջուրերով հարստութիւնը Ռիմինին դարձուցած են իտալական եւ եւրոպական հարուստ խաւի համար բաղձալի զբօսաշրջային վայր: Հոն նաեւ ընկերային ձեռնարկներ կը կազմակերպուէին եւ քաղաքը այդպէսով մինչեւ հիմա պահած է իր հնամենի փայլքը: Այսօր Ռիմինին յայտնի է իր հնագոյն եկեղեցիներով ու վանքերով, ապարանքներով ու պալատներով, ամրոցներով, հնագիտական վայրերով:

Քաղաքին հին ըլլալուն մասին կը վկայեն Օգոստոս եւ Տիբերիոս կայսրերու ժամանակներուն կառոյցները՝ կամարային կամուրջը, յաղթական կամարը եւ ամփիթատրոնի փլատակները: Զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը գրաւած են տարանջատուած միջնադարեան տաճարները եւ պալատները, որոնց մէջ է 14-րդ դարու մեծ հասարակական շէնքը՝ Փալացցօ տել Փոտեսթան:

Ռիմինիի մէջ նշանաւոր է նաեւ 13-րդ դարու Սուրբ Օգոստոս եկեղեցին, ուր կը պահուին կաթոլիկ երջանկայիշատակ Ալպերթօ Մարվելիի մասունքները: 1177 թուականէն ի վեր, նաւահանգիստին մօտ գտնուող Սան Նիքոլօ եկեղեցւոյ մէջ կը պահուի Սուրբ Նիկողայոսի մասունքը՝ ձախ ձեռքի ոսկորը:

Թատրոնները, հնագոյն գրադարանները, թանգարանները եւ զբօսայգիները ամբողջական կը դարձնեն Ռիմինիի պատկերը: Քաղաքին պատմական հատուածին մէջ նաեւ կը գտնուի Ֆետերիքօ Ֆելլինիի թանգարանը, որ կը կառավարուի բեմադրիչին անունը կրող հիմնադրամին կողմէ եւ իտալական շարժանկարային արուեստի պատմութեան մէկ մասը ներկայացնող ինքնատիպ վայր մըն է:

Ֆետերիքօ Ֆելլինի ծնած է 1920 թուականին, միջին դաս նկատուող ընտանիքի մը մէջ: Ռիմինին այդ ժամանակ փոքր քաղաք մըն էր, ուր Իտալիոյ այլ վայրերէն անոր ծնողքը փոխադրուած էր: Իր ծննդավայրը այսպէս կը յիշէ Ֆելլինին․ «Ռիմինի… անորոշ, ահաւոր ու նուրբ բանի մը զուգորդում եւ զօրեղ շնչառութիւն, լայնարձակ ծովու ամայի տարածք… Այնտեղ տխրութիւնը մանաւանդ ձմրան կը դառնայ պայծառ, երբ կը ճերմկին ալիքներուն մանր կատարները եւ ուժեղ քամին կը փչէ. առաջին անգամ ծովը ճիշդ այդպէս տեսած եմ, իսկ այն տունը, ուր կ՚ապրէինք, կը գտնուէր կայարանի մօտակայքին։ Կարծեմ այդտեղ ալ կանխորոշուեցաւ իմ ճակատագիրս»։

1924 թուականին Ֆելլինին սկսած է յաճախել Ռեմինիի Սան Վինչենցոյի միանձնուհիներուն կողմէ ղեկավարուող տարրական դպրոցը, երկու տարի անց՝ հանրային դպրոցը: Ուշիմ աշակերտ մը ըլլալով ան իր ազատ ժամերը լեցուցած է գծելով, տիկնիկային բեմադրութիւններ ընելով եւ մանկական ամսագիր կարդալով: Այդ ամսագրին մէջ ալ ան կարդացած է ամերիկեան մանկական շարժանկարներու մասին պատմութիւններ, որոնք մեծ ազդեցութիւն ձգած են շարժանկարներ նկարելու իր յետագայ գործին վրայ: Փոքր տարիքին ան նաեւ պաշտած է կրկէսը: Նոյնիսկ որոշ ժամանակ ծաղրածու աշխատած է: Մանկութեան այդ սէրը յետագային արտացոլուած է իր նկարահանած ժապաւէններու որոշ դրուագներուն մէջ:

Ֆելլինին առաջին անգամ ծնողքին հետ Հռոմ այցելած է 1933 թուականին եւ Հռոմի մէջ տեսած պատկերները, գեղարուեստական զգացողութիւնները անդրադարձ ունեցած են իր յետագայ ժապաւէններուն մէջ:

1937 թուականին Ֆետերիքօ Ֆելլինին նկարիչ Թեմօ Պոնինիին հետ Ռիմինիի մէջ բացած է դիմանկարներ գծելու խանութ մը: Կը գրէր հիմնականօրէն երգիծական յօդուածներ եւ զանոնք կը տպագրէր երգիծական թերթերու մէջ: Որոշելով ըլլալ ծաղրանկարիչ եւ երգիծական գրող՝ Ֆելլինին 1938 թուականին կը ճամբորդէ Ֆլորանսա, ուր «420» շաբաթաթերթին մէջ կը հրապարակէ իր առաջին ծաղրանկարը:

Այնուհետեւ մեծ բեմադրիչին կենսագրութիւնը շարունակուած է Հռոմի մէջ, ուր 1939 թուականին, իր ծնողքը ուրախացնելու համար, ընդունուած է Հռոմի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժինը, քանի որ մինչ այդ դժուարութիւններ ունեցած էր աւագ դպրոցին մէջ եւ բացակայութիւններուն պատճառով հազիւ կարողացած էր աւարտել զայն:

Ուսանողական տարիներուն ապագայ օսքարակիր բեմադրիչը դժուար օրեր ունեցած է. ան իր ընկերոջ հետ, աղքատութենէն յուսահատ, սկսած է ճաշարաններու եւ սրճարաններու մշտական յաճախորդներու ուրուանկարները կատարել եւ վաճառել: Կարճ ժամանակ լրագրողի աշխատանք մը գտած է, բայց դատական լուրեր գրելը ձանձրալի նկատելով թողած է գործը: Ուրիշ աշխատանք մը գտած է ազդեցիկ երգիծական Marc’Aurelio-ի մէջ եւ հոն մշտական գործ ունենալով, սկսած է աշխատիլ գրողներու, երիգիծաբաններու եւ բեմագիրներու հետ: Այս մարդիկը կապեր կը ստեղծէին շարժանկարային արուեստի բնագաւառին մէջ եւ այսպէսով կ՚ընդլայնի Ֆելլինիի մասնագիտական ծանօթութեան շրջանակը, ան կը գրէ բեմագրութիւններ, որոնք կը բեմադրուին, կը գործուղուի պատերազմական դաշտ, ուրկէ նոյնպէս գրութիւններ կը ղրկէ, իսկ վերադառնալով, մէկը միւսին ետեւէն, կը նկարահանէ իր աշխարհահռչակ շարժանկարները:

Ֆելլինիի առաջին ինքնուրոյն շարժանկարը «Ճերմակ շէյխ»ն է (1952), սակայն համաշխարհային ճանաչման արժանացած է «Ճանապարհ» ժապաւէնով, որով արտայայտած է մարդասիրութեան, փոխըմբռնման ու բարութեան գաղափարները: Բեմադրիչը նոյն գաղափարները արծարծած է նաեւ «Քապիրիոյ գիշերները» (1956) շարժանկարին մէջ, հոս փնտռած է չարի եւ բարիի յաւերժական պայքարի խորհրդաւոր իմաստը:

Արուեստի քննադատները Ֆելլինիի ստեղծագործութեան բարձրակէտը կը նկատեն «Քաղցր կեանք» (1959, Քաննի փառատօնի «Ոսկէ արմաւենիի ճիւղ» մրցանակ ստացած) շարժանկարը, ուր հեղինակը ցոյց կու տայ, թէ որքան դատարկ ու անիմաստ է կեանքը, երբ մարդիկ առանձին են եւ օտարացած իրարմէ: «Ութուկէս» (1963-ին նկարահանուած եւ «Օսքար» ստացած ժապաւէնին մէջ) Ֆելլինին քննադատած է բարձր խաւի հասարակութեան արատները, որոնք յագեցած են ճշմարտութեան դաժան որոնումներով:

Ֆետերիքօ Ֆելլինին շարժանկարային մրցանակները ընդհանրապէս ստացած է բեմադրիչներէն եւ այդ մրցանակներուն մէջ տասնեակ Օսքարներ կան: Ընդհանուր առմամբ ան 25 շարժանկարներու բեմադրիչ է եւ 51 շարժանկարի համար ալ գրած է բեմագրութիւն:

ՖԵԼԼԻՆԻՆ՝ ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մինակ ըլլալ, կը նշանակէ՝ դուն քեզի հետ ըլլալ, չէ՞ որ այդ ժամանակ դուն կարող ես ազատ զարգանալ առանց ոեւէ մէկուն աչքը ածելու:

Լիակատար մենութիւնը բացառիկ վիճակ է, իսկ մենութիւնը տանելու ընդունակութիւնը շատ աւելի հազուադէպ կը պատահի: Ես միշտ նախանձած եմ ինքնաբաւ մարդոց՝ միայն այդ է, որ անկախութիւն կը պարգեւէ: Բոլորը կը պնդեն, թէ ազատութեան կարիք ունին, բայց իրականութեան մէջ կը վախնան ատկէ: Աշխարհի մէջ մարդիկը ամենէն շատ մենութենէն կը վախնան:

Մինակ մնալով, անոնք մի քանի վայրկեան ետք որեւէ շրջապատ կը փնտռեն, միայն թէ դատարկութիւնը լեցնեն: Անոնք կը վախնան լռութենէն. այն լռութենէն, երբ միս-մինակ կը մնաս քու միտքերուդ հետ՝ անվերջանալի ներքին մենախօսութիւն վարելով: Չէ՞ որ այդ ժամանակ ստիպուած պիտի ըլլաս սիրել սեփական շրջապատդ: Բայց այդ մէկը ունի նաեւ իր առաւելութիւնը՝ դուն կարիք չունիս ինքզինք կոտրելու, որպէսզի համակերպիս օտար մարդոց գաղափարներուն կամ պարզապէս զանոնք սիրաշահիս:

«ՀՌՈՄ»

«Հռոմ» շարժանկարը, որ Ֆետերիքօ Ֆելլինին նկարահանած է 1972 թուականին, արժանացած է Քաննի եւ «Ոսկէ կլոպուս» փառատօներու մրցանակներուն: Շարժանկարի գլխաւոր դերին մէջ Հռոմ քաղաքն է, իսկ պատմութիւնը իր մասին է, թէ ինչպէս պզտիկ քաղաքէն փոխադրուեցաւ Հռոմ, տեղաւորուեցաւ մեծ բնակարանի մէջ՝ մեծ թիւով զանազան բնակիչներու հետ: Շարժանկարին մէջ մասնաւոր նիւթ մը չկայ, բայց կայ քաղաքը՝ իր զարգացումով, եռուզեռով եւ այդ բոլորին մէջ ձեւաւորուած բեմադրիչը: Հռոմի պատկերը կայ նաեւ Ֆելլինիի միւս շարժանկարներուն մէջ՝ «Ութուկէս», «Քապիրիոյ գիշերները» եւ այլն: Բայց ինչպէս շատեր նկատած են, այսօրուան Հռոմին մէջ դժուար է գտնել այն դրուագները, որոնք բեմադրիչը նկարահանած է, ատոնք այլեւս անցեալին կը պատկանին:

Իր ամբողջ կեանքը ան ապրած է մէկ կնոջ՝ Ճուլիեթթա Մազինայի հետ, զոր նկարահանած է իր ժապաւէններուն մէջ, սակայն թերեւս կարճ հասակին պատճառով կնոջ դերասանական ճանապարհը մեծ զարգացումներ չէ ունեցած, հակառակ որ շարժանկարները, որոնց մէջ ան նկարահանուած է, Ֆետերիքոյին «Օսքար» բերած են: Անոր կը մնար, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին հիանար իր ամուսինով եւ ներել կիներուն հանդէպ ունեցած թուլութիւնը: Ճուլիեթթա կը գիտակցէր, որ կը բնակի աշխարհահռչակ մարդու մը կողքին: Ինչպէս յետոյ խոստովանած է դերասանուհին՝ ինք շքեղ հագուստներ չէ հագած, ադամանդներ ու ինքնաշարժներ չէ ունեցած եւ միակ բանը, որ ստացած է ամուսինէն՝ ժապաւէններն են:

1993 թուականին Ֆելլինին շարժանկարի մէջ ունեցած իր ներդրման համար արժանացաւ հերթական «Օսքար»ին՝ եւ շնորհակալական խօսքեր յայտնելու ընթացքին ան բացագանչելով դիմեց կնոջ. «Ճուլիեթթա, սէ՛ր իմ յանկարծ չլաս...»:

Երջանկութեան եւ հպարտութեան արցունքները կը յորդէին Ճուլիեթթա Մազինայի աչքերէն: Ան գիտէր, որ հակառակ ամուսինին թուլութիւններուն, ինք անփոխարինելի էր իբրեւ ներշնչանքի աղբիւր, կին, ընկեր… Նման պահերուն Ճուլիեթթան իրապէս երջանկութիւն կը զգար:

Նոյն թուականին, «Օսքար»էն քանի մը ամիս անց, հոկտեմբեր 30-ին, Ֆելլինին կաթուածի պատճառով կը յայտնուի հիւանդանոցը եւ օր մը ետք կը մահանայ: Իտալիան փառաւոր կերպով կը յուղարկաւորէ իր արժանաւոր զաւակը: Քանի մը ամիս ետք, անոր հաւատարիմ Ճուլիեթթան, վշտին չդիմանալով, նոյնպէս կը մահանայ…

Մահէն առաջ ան կը խնդրէ որ զինք յուղարկաւորեն՝ ամուսինին լուսանկարը ձեռքերուն մէջ:

Ահա, այսպէս են իտալացիները. անոնք սիրել գիտեն եւ կ՚ուզեն, որ նոյնիսկ մահուան անհեթեթութիւնը գեղեցիկ ըլլայ:

2020 թուականը, որ Իտալիոյ պատմութեան մէջ կը մնայ դաժան տարի, նաեւ կը յիշուի որպէս մեծ իտալացիի՝ Ֆետերիքօ Ֆելլինիի յիշատակի տարի: Այսօր Իտալիոյ մէջ գործող անձինք բժիշկներն են, բայց ատենին արուեստի մարդիկն էին երկրի գլխաւոր դերակատարները: Իտալիան՝ պատմութեան մէջ իր արուեստով, ճարտարապետութեամբ եւ բոլոր գեղեցիկին հանդէպ մեծ սիրով հռչակուած այդ երկիրը, կրկին պիտի վերադառնայ փառքի օրերուն ու արուեստ եւ սէր պիտի պարգեւէ իր երկրի բնակիչներուն ու աշխարհին:

Իսկ մինչ այդ, Ռիմինի քաղաքի Ֆետերիքօ Ֆելլինիի անուան օդակայանին մէջ, պաղ քամիները կը պտտին, եւ օդակայանը կը սպասարկէ միայն արտակարգ դրութեան անցուդարձը: Եթէ Ֆելլինին ողջ ըլլար, ան, վստահ, այսօր աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնը դարձած իր հայրենիքին՝ Իտալիոյ մասին կը նկարահանէր հերթական գլուխ-գործոցներէն մէկը:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս