image
Հրատապ լուրեր:

Ծերակուտական Կրեհեմ ցոյց տուաւ իր իրական դէմքը՝ կեղծ թուրք նախարարի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին

Ծերակուտական Կրեհեմ ցոյց տուաւ իր իրական դէմքը՝ կեղծ թուրք նախարարի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին

Ծերակուտական Լինզի Կրեհեմ (հանրապետական, Հարաւային Քարոլայնա) տխրահռչակ դարձաւ Պապ Մենենտեզի (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի) միջնորդութիւնը արգելափակելու համար. վերջինս կոչ կ՛ընէր Ծերակոյտին քուէարկել Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի օգտին՝ շրջանցելով Արտաքին Յարաբերութիւններու յանձնախումբը:

AXIOS լրատուական կայքը յայտնեց, որ 13 Նոյեմբեր  2019ին, երբ ծերակուտական Կրեհեմ կը լքէր Սպիտակ Տան մէջ նախագահ Էրտողանի հետ տեղի ունեցող տեսակցութիւնը, նախագահ Թրամփի օգնականներէն մէկը անկէ խնդրեց դէմ ըլլալ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին, զոր պիտի հաստատուէր Ծերակոյտի կողմէ՝ առանց նախապէս անցնելու Արտաքին Յարաբերութիւններու յանձնախումբի բովէն։  Ծերակուտական Կրեհեմ AXIOSի ըսաւ, որ համաձայնած է արգելափակել բանաձեւը, «քանի որ ան [Էրտողան] դեռ քաղաքը կը գտնուէր․․․: Այդ ոչ յարմար ժամանակ էր: Ես կը փորձեմ փրկել յարաբերութիւնները, եթէ հնարաւոր է»: Հարցին, թէ արդեօք ինք անյարմար չի՞ զգար Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը արգելափակելու համար, ծերակուտական Կրեհեմ ըսաւ AXIOSի․ «Այո, որովհետեւ ինծի հաճելի կը թուի Պապը [Մենենտեզը]։ Ան բազում տարիներէ ի վեր կ՛աշխատի այդ ուղղութեամբ, բայց մտածեցի, որ քաղաքը գտնուող Թուրքիոյ նախագահը, ամենայն հաւանականութեամբ, աւելին է, քան հանրութիւնը կրնար ընդունիլ»։ Ապա ծերակուտական Կրեհեմ աւելցուց․ «Ես չեմ պատրաստուիր յաջորդ անգամ դէմ ըլլալ»։

Անցեալ ամիս «Փոլիթիքօ» լրատուական միջոցը բացայայտեց, որ ռուս «փրանքեր» (յետ այսու՝ հեռաձայնային խանգարող) Ալեքսէյ Սթոլեարովի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին, վերջինս ինքզինք ներկայացուց իբրեւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, ծերակուտական Կրեհեմ ըսաւ, որ աւելի քան պատրաստ է աշխատելու Թուրքիոյ հետ՝ բարելաւելու համար անոր յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ։

Ծերակուտական Կրեհեմի խօսնակ Քեւըն Պիշափ հաստատեց «Փոլիթիքօ»ին, որ ռուս հեռաձայնային խանգարողը, իրօք, խաբած է ծերակուտականին․ «Մենք յաջողութեամբ կանխած ենք ծերակուտական Կրեհեմը եւ գրասենեակը խաբելու շատ փորձեր, սակայն այս անգամ յաջողեցաւ սողոսկիլ», ըսաւ ան։ «Անոնք յաջողեցան հասնիլ իրեն»։ Փաստօրէն, ռուս հեռաձայնային խանգարողը առաջին անգամը չէր, որ կը խաբէր ծերակուտական Կրեհեմը։

Հակասելով իր հրապարակային յայտարարութիւններուն՝ ծերակուտական Կրեհեմ Թուրքիոյ կեղծ պաշտպանութեան նախարարին ըսաւ, որ համաձայն է Թուրքիոյ այն դիրքորոշման, որ կ՛ըսէ, թէ քիւրտերը «սպառնալիք» են: Կրեհեմ նաեւ ըսաւ, որ ինք եւ Թրամփ դէմ եղած են Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելուն՝ ռուսական S-400 հրթիռային համակարգը գնելուն համար:

Ահա քանի մը հատուած՝ հեռաձայնային զրոյցէն․

Հեռաձայնային խանգարող․ «Որքան որ ես կը հասկնամ, նախագահ Թրամփ ձեզի վստահած է այդ բանակցութիւնները», ըսաւ այն մարդը, զոր Կրեհեմ կ՛ենթադրէր, որ Աքարն է՝ ըստ 16 վայրկեաննոց  հեռաձայնային զրոյցի ձայնագրութեան։

Ծերակուտական Կրեհեմ․ «Այո, կարծէս թէ: Թոյլ տուէք ձեզի հաղորդել, թէ ան [նախագահ Թրամփ] ինչ ըսած է ինծի. «Ես չեմ փափաքիր պատժամիջոցներ կիրարկել մեր դաշնակից Թուրքիոյ դէմ»:

Հեռաձայնային խանգարող․ «Այո, բայց ի՞նչ ըսած է նախագահ Թրամփ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին վերաբերեալ»:

Ծերակուտական Կրեհեմ․ «Լաւ։ Այսպէս, ան ինծի թելադրեց զանգահարել նախագահ Էրտողանին եւ անոր ներկայացնել այս առաջարկը․․․: Ես չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ կրնամ ըսել ձեզի, բայց ես ամէն բան կ՛ընեմ, եւ նախագահ Թրամփ շատ կարեկցութեամբ կը  վերաբերի նախագահ Էրտողանի իրավիճակին, սակայն Քոնկրեսը կարեկից չէ։ Դեմոկրատները ընդհանրապէս չեն կարեկցիր, եւ մենք հոս կորսնցուցած ենք քանի մը հանրապետականներ, երբ խօսքը կը վերաբերի Թուրքիոյ: Իսկ Թուրքիան չափազանց արժէքաւոր դաշնակից է վէճի մէջ մտնելու համար»։

Ըստ GQ ամսագիրին՝ Յուլիսի սկիզբը ռուս հեռաձայնային խանգարողը զանգահարած էր ծերակուտական Կրեհեմի՝ թրքական բջջային հեռաձայնէ մը, զոր ան գնած էր յատուկ այս առիթով։ Հեռաձայնային խանգարողը ըսած էր Կրեհեմի, որ ինք կը ծառայէ իբրեւ Թուրքիոյ կառավարութեան հետ անոր համար շփման կէտ: Ծերակուտական Կրեհեմ համաձայնած է դարձեալ հեռաձայնել հեռաձայնային խանգարողին՝ Թրամփի հետ խօսելէ ետք։

Ծերակուտական Կրեհեմ 12 Օգոստոսին զանգահարած է հեռաձայնային խանգարողին եւ պարծենալով ըսած․ «Ես հանդիպեցայ նախագահին եւ հանգստեան օրերը անցուցի անոր հետ։ Մենք երէկ կոլֆ խաղացինք, ճաշեցինք եւ խօսեցանք Թուրքիա գտնուող մեր բարեկամներուն մասին, եւ ես անոր ըսի, որ նախասիրութիւնս է փոխել խօսակցութիւնը եւ ձեզ վերականգնել F-35 ծրագրով, ինչպէս նաեւ ստորագրել ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիրը եւ առաջ շարժիլ նոր ուղղութեամբ, եւ ան կը փափաքի այսպէս ընել»։

«Իսկ դուք ըսի՞ք անոր մեր խօսակցութեան մասին», հարցուց հեռաձայնային խանգարողը։

«Այո», ըսաւ ծերակուտական Կրեհեմ․ «․․․Մենք կը փափաքինք աւելի սերտ յարաբերութիւններ ունենալ նախագահ Էրտողանի հետ: Անձամբ ինծի հաճելի կը թուի նախագահ Էրտողանը։ Կը կարծեմ՝ նախագահ Թրամփ հաճելի կը գտնէ նախագահ Էրտողանը։ Իմ կարծիքով ան ուժեղ մարդ է, եւ մենք պէտք է գործ ունենանք ուժեղ մարդոց հետ: Ուստի, կը կարծեմ, որ յաջորդ բանը, որ պէտք է ըլլայ, այն է, որ երկու նախագահները խօսին միմեանց հետ»:

Հեռաձայնային խանգարողը հարցուց, թէ ինչ պէտք է զեկուցէ նախագահ Էրտողանի։

«Ահա թէ ինչ պէտք է ընենք», ըսաւ ծերակուտական Կրեհեմ: «Թոյլ տուէք այսօր երեկոյեան զանգահարել նախագահին: Ես վաղը կը զանգահարեմ ձեզի, եւ ահա թէ ինչ կը կարծեմ, որ պէտք է ընենք: Մենք պէտք է հեռաձայնային զանգ ունենանք երկու նախագահներու միջեւ … եւ ես կը կարծեմ, որ խօսակցութիւնը կ՛ըլլայ․ դուք կրնաք ըսել նախագահ Էրտողանի, որ ես հանգստեան բոլոր օրերը անոր հետ կ՛անցընեմ, եւ նախագահը չի փափաքիր պատժամիջոցներ կիրարկել Թուրքիոյ դէմ։ Անոր կարծիքով ատիկա խենթութիւն է։ Անձամբ ես կը կարծեմ, որ ատիկա խենթութիւն է։ Մեզի պէտք է զայն շրջանցելու ճամբաներ գտնել»։

Ծերակուտական Կրեհեմ ռուս հեռաձայնային խանգարողի հետ հեռաձայնային զրոյցին հաստատեց նաեւ, որ նախագահ Թրամփ անձնական շահագրգռուածութիւն ունի Թուրքիոյ պետական դրամատան նկատմամբ, որ խախտած է ամերիկեան օրէնքները՝ առեւտուր ընելով Իրանի հետ․․․: Ըստ «Պլումպըրկ»ի զեկոյցին՝ Թրամփ ըսած էր այդ օրերու պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսընի՝ գլխաւոր դատախազէն խնդրել՝ փակել իրանա-թրքական ոսկիի առեւտուրով զբաղուող Ռեզա Զարապի դատական գործը. Ռեզա ձերբակալուած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ թրքական դրամատան կեղծ գործարքի մէջ ունեցած դերին համար: Էրտողան լոպիինկ ըրած էր Ամերիկայի պաշտօնեաներուն՝ Զարապը ազատ արձակելու համար։

Թէեւ հեռաձայնային զանգերու բացայայտումները ցնցող չեն, սակայն ասիկա ապահովութեան լուրջ հարց է, որովհետեւ ռուս հեռաձայնային խանգարողը, որ կրնայ ըլլալ կապուած է Քրեմլինի հետ, կրնայ իբրեւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար խօսիլ Թրամփի մերձաւոր կողմնակից ծերակուտական Կրեհեմի հետ, որ այնուհետեւ ռուսին պատգամները կը փոխանցէ նախագահ Թրամփի։ Իսկ յետոյ ծերակուտական Կրեհեմ Միացեալ Նահանգներու նախագահի հետ ունեցած իր խօսակցութիւնը կը փոխանցէ ռուսին։

Յաճախ կ՛ըսեն, որ «քաղաքականութիւնը կը միացնէ տարբեր հայեացքներու տէր մարդիկը»։ Ասիկա այնքան ճիշդ է Թրամփի եւ Կրեհեմի պարագային, որոնք ոխերիմ թշնամիներէ վերածուած են մտերիմ ընկերներու։ 2016ին նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ընթացքին թեկնածու Թրամփ Կրեհեմը անուանած է «խենթ», «անխելք» եւ «երբեւէ իմ տեսած ամէնէն յիմար մարդկոցմէ մին»: Իսկ Կրեհեմ, իր հերթին, Թրամփը կոչած է «խելագար», «խենթ» եւ «ապուշ»։ Ներկայիս անոնք մտերիմ ընկերներ են եւ միասին կոլֆ կը խաղան․․․

 

Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան