Յակոբ Չոլաքեան
ՍԱՆԴԻԿը (սէնտէկ) քարէ սանդի փոքրիկ տեսակն էր՝ նոյն արտաքին ձեւերով՝ քառանկիւն, բոլորաձեւ, թասաձեւ (նկ.1, 2, 3, 4): Մեծկակ ու միջակ սանդիկները դրուած կ’ըլլային դրան քով, կամ սաքուին մէջ տեղ մը: Գործածելէ ետք բերանքս ի վար կը դարձնէին ու կը գործածէին իբրեւ աթոռակ (նըստէպիկ):
Կային ջուրի թասի մեծութեամբ փոքր սանդիկներ եւս (նկ. 5): Ասոնք խոհանոցի մէջ կը գործածէին իբրեւ հաւան (մետաղէ սանդիկ): Հաւան քիչեր ունէին:
Չկար տուն առանց սանդիկի:
Սանդիկի մէջ ծեծը կ’ընէին յատուկ տաշուած քարով, որ կը կոչուի սանդաքար (սէնտըքուօր): Կիները սանդիկ կը գործածէին քիչ չափի չոր մթերքներ ծեծելու եւ փոշին մթերելու համար` անուխ, քարանուխ, սամիթ, ծոթրին, բեւեկ, աղտոր եւ այլն: Սովորութիւն էր, որ աշնանացանի վերջաւորութեան կինը խնդրէր ամուսինէն, որ ցորենի սերմէն երկու ափքես (մէկ ափ լեցուն, երկու ափը միասին՝ շանղօրդ) աւելցնէ Ս. Յակոբի հերիսայի համար: Կինը Ս. Յակոբի հերիսայի ցորենը սանդիկին մէջ կը ծեծէր:
Հանդիպած եմ կոտրած սանդիկի մը, որ բռնատեղ ալ ունի (6):
1947-ի հայրենադարձութեան շատ ընտանիքներ իրենց հետ սանդիկ ալ հայրենադարձուցին (7):
ԿՐԻՃը (կըրէճ) մեր բառարաններուն մէջ ընդհանրապէս կոտրած կուժի մը յատակն է, որ կը գործածուի իբրեւ հաւերու ջրաման: Քարէ կրիճները տարբեր արտաքին ձեւ ու փորուածք ունին: Հաւու կրիճները պէտք է այնքան բարձր ըլլային, որ ճուտիկները կարողանային բարձրանալ եզրին ու ջուր խմել. նաեւ պէտք չէ խորունկ ըլլային, որպէսզի ճուտիկները չխեղդուէին (նկ (նկ. 8, 9): Կային որ շան համար իբրեւ լակաման կը գործածէին (նկ. 10):
Վերջերս հաւ չպահող կիները կրիճները իբրեւ զարդաման կը գործածեն (նկ. 11): :
Քարտաշ Սերոբ Եարալեանը (Բարլուօյս) սանդիկ կամ կրիճ կը նուիրէր իր հարազատ նորակազմ ընտանիքներուն: Սանդիկն ու կրիճը ոմանց օժիտին մաս կը կազմէին: