image

Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեան. «Ազդարար»ը

Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեան. «Ազդարար»ը

Այս տարի լրացաւ հայ առաջին տպագիր թերթի՝ «Ազդարար»ի 225-ամեակը: Հայ մամուլի պատմութեան մէջ նշանաւոր այս իրադարձութիւնը տօնեցուաւ հայաշխարհին մէջ, եւ յառաջիկայ շաբաթներուն ալ տակաւին կը սպասուին գիտական եւ մշակութային ձեռնարկներու: Ատոնցմէ մէկը Հայաստանի Ազգային գրադարանի նախաձեռնած մամուլի գիտաժողովն է՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մամուլը հետազօտողներուն մասնակցութեամբ:

Ազգային գրադարանին մէջ կը պահուի «Ազդարար» հանդէսին առաջին թիւը եւ «Ազդարար»ը կը ցուցադրուի Ազգային գրադարանին կից Գրատպութեան թանգարանին մէջ: Իր օրին «Ազդարար»ի հրատարակութիւնը՝ հայրենիքէն հեռու, հնդկահայոց գաղութին մէջ, անշուշտ իրադարձութիւն եղած է: Հայութիւնը յետագայ տարիներուն բազմաթիւ թերթեր տպած է աշխարհի ողջ տարածքին, միշտ յիշելով «Ազդարար»ը, իբրեւ հայ լրագրերու նահապետ: Միաժամանակ, հայ գիտական եւ հասարակական միտքը տօնած է «Ազդարար»ին նուիրուած զանազան յոբելեաններ, մանաւանդ մեծ շուքով տօնուած է թերթին հիմնադրման 200-ամեակը: Այդ առթիւ պէյրութահայ մատենագէտ, մամուլի հետազօտող Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեան աշխատութիւն մը պատրաստած է, որ պիտի տպագրուէր 1994 թուականի սկիզբը Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի Կաղանդի բացառիկին մէջ, սակայն ատկէ շաբաթներ առաջ՝ 5 դեկտեմբեր 1993 թուականի մամուլի եւ լեզուի նուիրեալը՝ Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեանը, անակնկալ կերպով հեռացած է կեանքէն: Անոր ուսումնասիրութիւնը, անշուշտ, տպագրուած է, եւ յետագային՝ գիրքերու տեսքով լոյս տեսած են բանահաւաքին՝ մամուլին նուիրուած այլ գործեր, որոնք կը պատկերեն հայ մամուլի մատենագիտութիւնը: Տէր-Խաչատուրեան ունի նաեւ հայ գրականութեան մատենագիտութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւններ:

Առանձին գրքոյկներով հրատարակուած են Տէր-Խաչատուրեանի աշխատասիրութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) 100-ամեայ մամուլը՝ 1890-1990 թուականներուն, եւ Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան մամուլը՝ 1887-1992-ին: Անտիպ են հայագէտին որոշ գործերը նուիրուած զանազան մարզերու մամուլին, օրինակ՝ Վասպուրականի մամուլին եւ այլն: 1961 եւ 1964 թուականներուն Պէյրութի մէջ տպուած են անոր «Հայ մամուլի ցուցահանդէս» գիրքերը՝ երկու բաժինով: Առանձին աշխատութիւններ ունի լիբանանահայ մամուլի յիսուն տարուան նուիրուած (1921-1971), սուրիահայ մամուլին, «Հայ մամուլի ցուցակ» խորագրով գիրք մըն ալ Լոս Անճելըս 1987-ին տպուած է:

Ինչ կը վերաբերի գրականութեան, Տէր-Խաչատուրեան կազմած է Շահան Պէրպէրեանի, Լեւոն Շանթի, Ռուբէն Զարդարեանի մատենագիտութիւնները, կազմած է նաեւ ժողովրդական երգերու «Տարօն» հաւաքածոն, հեղինակած է «Հայ տպագրութեան նախակարապետը՝ Մեղապարտ Յակոբ» գիրքը (Պէյրութ, 1966), «Ուղղագրական ուղեցոյց», «Հայ մշակութային գանձերու փրկութեան եւ պահպանման հրամայականը» (Պէյրութ, 1980), «Տարօնի խոհագիրքը» (Պէյրութ, 1984) եւ այլ գիրքեր:

Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեան ծնած է Պէյթ Մերի, Լիբանան, 1931-ին:

Սփիւռքի մէջ նշանաւոր է իբրեւ հայ մամուլի եւ գիրքի հմուտ մատենագէտ, լեզուաբան, բառարանագէտ, քերականագէտ, բանահաւաք, պատմագէտ, խմբագիր եւ դասախօս-ուսուցիչ:

Ան վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի պատմագիտութեան բաժանմունքէն՝ Պսակաւոր եւ Մագիստրոսի վկայականներով: Ունեցած է դասախօսական եւ ուսուցչական գործունէութիւն:

Իր բառարանը՝ «Հայոց լեզուի նոր բառարան»ը, արեւմտահայերէնի փնտռուած բառարաններէն մէկն է: Մահէն ետք, Պէյրութի հայկական հաստատութիւններուն եւ իր զաւակներուն ջանքերով, հրատարակուած են անոր պատրաստած հատորներէն մաս մը:

«Ազդարար»ի 225-ամեակին առթիւ մեր ընթերցողներուն իբրեւ յիշատակ, քառասուն տարի իր կեանքը հայ գիրին եւ մամուլին նուիրած մարդուն նաեւ ոգեկոչելով հայ մամուլի այս յոբելենական տարին, կը ներկայացնենք Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեանի ուսումնասիրութենէն մաս մը, որ ան պատրաստած էր «Ազդարար»ի 200-ամեակին առթիւ: Նշենք նաեւ, որ Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեան իր անձնական գրադարանին մէջ ունէր «Ազդարար»ի բնատիպ երկու թիւ, 1795, թ. 1 եւ 2, այսինքն՝ շարքին հինգերորդն ու վեցերորդը, որ յայտնաբերած եւ ձեռք բերած էր անձնական ջանքերով: Հայ մամուլի գրացուցակներուն մէջ անոր հաւաքածոյի մէջ գտնուող այս թիւերուն մասին նշուած չէ: 2014 թուականին զաւակները այդ բնօրինակները նուիրած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:


«ԱԶԴԱՐԱՐ». ՀԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ԼՐԱԳԻՐԸ

Շմաւոնեանի տպարանը կը գործէր եւ որոշ հերթականութեամբ լոյս կ՚ընծայէր գիրքեր: Որպէսզի տպարանը ոտքի կենար, ամէնօրեայ նիւթ կ՚ուզէր: Պէտք էր գոհացնել զայն: Շմաւոնեան Քահանայ, իբրեւ լուսամիտ եւ արթուն մարդ, տեղեակ է որ Հնդկաստանի մէջ կայ պարբերական հրատարակութիւն: 1784 թուականին, Կալկաթայի մէջ սկսած է լոյս տեսնել, անգլերէնով, Calcutta Gazette-ը: Չի հետեւիր այս թերթին: Իրեն ուղեցոյց կը վերցնէ նոյն Մատրաս քաղաքին մէջ լոյս տեսած անգլերէն լրագիրը: Անոր մասին կը գրէ.

«Մեր քաղաքին բարեկարգ անգլիացիները, ասկէ ամիս մը առաջ, սկսան տպագրել տետրակ մը, մերինին նման՝ ամսուն վերջը, եւ ինչպէս իմացայ, անոր մէջ ուրիշ բան չկայ, բայց միայն իրենց ազգէն համբաւաւոր մարդոց վարքը, զանազան պատմութիւններ, գործելու որպիսութիւնը եւ ոմանց արժանաւոր գրուածքները... իսկ տետրակին վերջը, իրենց հասարակութեան գործերը քաղցրացնելու համար, կը տպեն հոս վաճառելի զանազան իրերու գիները եւ նաւերու մեկնումի ու ժամանման ժամանակացոյցը:


«ԱՅՍ ՏԵՏՐԱԿԸ ԵՍ ԻՆԾԻ ՕՐԻՆԱԿ ՎԵՐՑՈՒՑԻ»

Շմաւոնեան Քահանայ հոգեպէս պատրաստ է: Սակայն, հակառակ եկեղեցական ըլլալուն, ծանօթ է նաեւ շուկայի քերականութեան: Կ՚ուզէ որ իր ժողովուրդն ալ հոգեպէս պատրաստ ըլլայ իր նոր հրատարակութիւնը ընկալելու: Իր թերթին լոյս ընծայումէն շուրջ քառասուն օր առաջ, իր հաւատացեալ ժողովուրդին կը բաժնէ ծանուցում-բացատրողագիր մը, «Բարեպաշտ Պարոնաց եւ Մաքրակենցաղ Տիկնանց Մադրասիս հայոց» խորագիրով: Այս ծանուցումը նաեւ տպուած է «Ազդարար»ի առաջին թիւին մէջ (էջ 1-2):


«ԱԶԴԱՐԱՐ»Ի ԱՇԽԱՏԱԿԻՑՆԵՐԸ ԵՒ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ Շմաւոնեան Քահանայ կը ձեռնարկէ «Ազդարար»ի հրատարակութեան, գիտակից է գործին ծանրութեան: Հետեւաբար, դիմած է հնդկահայ մտաւորականութեան որոշ մէկ խաւին եւ երիտասարդ գրոց-բրոցներու, եւ ապահոված՝ անոնց հաւանութիւնն ու գործակցութիւնը: Իր ծրագիրին երկրորդ կէտը ներկայացնելու ատեն -«ուրիշ ազգերէ թարգմանութիւններ»-, փակագիծի մէջ կը նշէ՝ «որ եւ ուրախակիցք իմ երիտասարդք տեղոյս խոստացան օգնել ինձ»:

Ըստ երեւոյթին, կան խմբագրական մարմին եւ ուղղութիւն: Այդ խմբագրական մարմինին անդամներն են Շմաւոնեան Քահանան եւ «ուրախակից երիտասարդները», որոնք կոչուած են նաեւ վերակացուներ: Շմաւոնեան Քահանան, ապրելով բրիտանական գաղութի մը մէջ, ընդունած է ժողովրդավարական սկզբունքներ:

«Տպագրուելիք յօդուածները քննութեան կ՚ենթարկուին խմբագրական մարմինին կողմէ եւ, հաւանութիւն ստանալէ ետք, կը յանձնուին գրաշարին: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ զանգակատան տակ դրուած է տուփ մը (նամակատուփ մը), ուր կրնայ դրուիլ «Ազդարար»ի հասցէագրուած որեւէ գրութիւն»:

Աշխատակիցները կարելի է բաժնել երկու տեսակի.

1. Իրենց անուն-մականուններով ներկայացող անձեր.

2. Ծածկանուններու ետին թաքնուած անձեր:

1) Անուն-մականունով ներկայացողները արդէն գրական անցեալ ունեցող, գիրքի հեղինակ կամ յայտնի վաճառականներ են: Ատոնք են, նախ խմբագրապետը՝ ինք՝ Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանը. ապա՝ Յովսէփ Արք. Արղութեան, Ստեփանոս Յովհաննէս Գուլամիրեան, Պետրոս Յարութիւնեան, Խաչիկ Ծատուր Զարիֆեան (տպարանին նախկին հրատարակութիւններուն ողնայարը), Յակոբ Սիմոնեան Այուբեանց (նոյնպէս նախկին գործակից), Սիմէոն Մկրտում, Փիլիպպոս Յակոբ Պտրումեան, Տէր Թորոս Անդրէասեան եւ Խօջամալ Սաֆարեան:

2) Ծածկանուններով ներկայացող աշխատակիցներ եւ թղթակիցներ -Ուրախակից Բարեկամ, «Բանասէր յումեմնէ» (Բանասէրէ մը), Թարգմանիչ, Ակնկալու, Տ. Թ. Ա., Չ. Ջ. Ճ., Հայ Որդի Հայ, Անուն Դիւական, Սատանի Չարխ, Ազգակից եւ այլն:

Այս ծածկանուններուն տակ որո՞նք թաքնուած են: Բոլորն ալ տարբե՞ր անձեր են, թէ՞ ոչ երբեմն նոյն անձը տարբեր ծածկանուններու տակ կը ներկայանայ: Պէտք է անոնց գրուածքները լեզուական, ոճական եւ շարադրական հիմերու վրայ մանրամասն քննութեան ենթարկել եւ եզրակացութիւններու յանգիլ:

Ուրախակից Բարեկամը հայ լեզուին տեղեակ, գրելու շնորհով օժտուած մէկն է: Գրեթէ իւրաքանչիւր թիւի մէջ ունի երկարապատում եւ ծանրաքայլ քերթուած մը: Այդ քերթուածները այսօրուան իմաստով, խմբագրականի դեր կը կատարէին: Ո՞վ կրնայ ըլլալ այս անձը: Մարգարիտ Մխիթարեան զայն կը նոյնացնէ Տէր Թադէոս Անդրէասեան Սոգինեանցի հետ:

Շմաւոնեան Քահանայ 1791 թուականին լոյս ընծայած է անոր «Ողբ հայաստանեաց» քերթողական գրքոյկը: Իր հրատարակութիւններուն յիշատակարաններուն մէջ կը նշէ անոր անունը: Հին գործակիցներ էին:

Ուրախակից Բարեկամը առաջին թիւին մէջ ուղղութիւն կու տայ թերթին խմբագրական մարմինին -հետեւիլ օտար թերթերու բովանդակութեան՝ գործելակերպին եւ ընդօրինակել զայն: Նախանձայոյզ եւ աշխատասէր ըլլալ: Հրատարակել միայն հաւաստի եւ խրատական (դաստիարակչական) լուրերը: Հետեւիլ գիտնականներու խորհուրդներուն եւ լոյս ընծայել գեղարուեստական գրականութիւն:

Շմաւոնեան Քահանայ արդէն ունէր Ուրախակից Բարեկամին մօտիկ ծրագիր մը: Կը ջանայ թելադրանքները կիրարկել:

Շմաւոնեան պարզ քահանայ մը չէ: Քաղաքական հեռանկարներ ունեցող քաղաքական գործիչ մըն է: Եթէ Շահամիրեան գլխաւորաբար Հերակլ Բ.-ի վրայ դրած էր իր յոյսը՝ հայ ժողովուրդին ազատագրումը ապահովելու, Շմաւոնեան Քահանայ կը ջանայ հոն հասնիլ լուսաւորութեան ճամբով ինքնաճանաչման եւ ազգային փրկութեան: Նոյն ուղիէն կ՚ընթանան Ուրախակից Բարեկամը, Հայու Որդի Հայը եւ Ազգակիցը: Հայ վաճառականութեան ապագան մութ է Հնդկաստանի մէջ: Դժուար թէ կարենայ մրցակցիլ անգլիացիներու հետ: Ուրեմն՝ պէտք է մտածել աչքը ուղղել դէպի Հայրենիք, որ ունի բերրի հող: Գանձերով միասին տեղափոխուիլ Հայրենիք, տնտեսապէս հզօրանալ հոն եւ փրկել զայն օտար նուաճողներէն:

Բովանդակութեան իմաստով, թերթը հիմնականօրէն նկատի ունի հնդկահայ գաղութը: Տեղական թերթ մըն է եւ պարտաւոր է ամենէն առաջ գոհացնել իր տեղական կարիքները, ընթերցողներուն ճաշակը: Որովհետեւ այդ գաղութին բարեկեցիկ տարրը հայ վաճառականներն են, հիմնականօրէն նկատի ունի զանոնք: Աշխատակիցներ ունի անոնցմէ: Կը տպէ անոնց յայտարարութիւնները, ճամբորդական նոթերը, անոնց պսակն ու մահը, նորածիններու ծնունդը: Եւ որովհետեւ այդ գաղութը առաւելաբար կազմուած է պարսկահայերէ, լայն տեղ յատկացուցած է Պարսկաստանի եւ պարսկահայ լուրերու: Թղթակցութիւններ ստացած է Մատրասէն, Կալկաթայէն, Պասրայէն, Չինաստանէն եւ Փիլիպեան կղզիներէն:

Լուրեր կան նաեւ Երեւանէն եւ Շուշիէն, նաեւ Անգլիայէն եւ Ֆրանսայէն: Ֆրանսական Յեղափոխութեան տարիներն են: Ռոպեսփիէռի մահուան առիթով կը գրէ. «Նորոգ իմն փոխարկութիւն երեւելի չէ լեալ միայն թէ գրեն, Ռօբէլապիէռ անուամբ այրն, զոր կառավարէր ապստամբացն ֆրանսիսոսաց, ՚ի վերջումն սպանեալ են»:

Լուրը վերցուցած է Հնդկաստանի անգլիական թերթերէն: Ռոպեսփիէռի անուան մէջ սխալներ կան: Կա՛մ անոնք սխալած են, կա՛մ Շմաւոնեան Քահանան:

«Ազդարար»ի զանազան թիւերուն մէջ լոյս ընծայուած է Խաչատուր Ջուղայեցիի «Պատմութիւն պարսից»ե գործը, որ սկզբնաղբիւր է Հայաստանի եւ Պարսկաստանի պատմութեան համար: 11 թիւի մէջ, յաջորդաբար, տպուած է Յակոբ Այուբեանցի «Հէյդարայի խանի պատմութիւնը», որ արկածային վէպի առաջին նմոյշն է մեր գրականութեան մէջ:

«Ազդարար»ի թիւերը ունին նիւթերու որոշ շարք: Սկիզբը կը տրուին ծանր նիւթերը կամ պաշտօնական յայտարարութիւնները, օրինակ՝ Յովսէփ Արք. Արղութեանի շրջաբերական-նամակները:

Ծանր նիւթերը երբեմն կը գրաւեն ամսաթերթին ծաւալին գրեթէ կէսը: Անոնց կը յաջորդեն ստացուած թղթակցութիւնները, որոնք կը շօշափեն զանազան հարցեր: Կը յաջորդէ լուրերու բաժինը -տեղական, պարսկական եւ եւրոպական: Առակ մը՝ հոգեկան քիչ մը հանդարտութիւն առթելու համար: Ծանուցումներ, վաճառելի իրերու սակ, ծնունդ, մահ եւ այլն: Վերջին էջը յատկացուած է օրացոյցի, երկու ամ-սըւան վրայ, տուեալ ամիսը եւ յաջորդը:

Ընդհանուր առմամբ այս է շարքը: Երբեմն խախտումներ կան:

«Ազդարար» լոյս տեսաւ մինչեւ 1796 մարտ (18 թիւ): Անկէ ետք լոյս չտեսաւ: Վերջին թիւին մէջ ո՛չ մէկ ակնարկութիւն դադարման մասին:

…Ի՞նչ են պատճառները թերթին դադարման, մեզի անծանօթ են: Թերթը սիրուած էր գաղութէն, մա՛նաւանդ անոր երիտասարդ գրասէր տարրէն: Բայց թերթ մը ամէն բանէ առաջ նիւթական հաստատ կռուաններու պէտք ունի, իր գոյութիւնը կարենալ ապահովելու համար: Հաւանաբար այդ է որ պակսեցաւ: Բայց թերթը նոր շաւիղ մը բացած էր մեր մշակոյթին անդաստանին մէջ, ուրկէ պիտի ընթանային նոր հաւատաւորներ եւ մեզ հասցնէին այսօրուան մեր մամուլին բարձրութեան:


ՀՆԴԿԱՀԱՅՈՑ ԳՈՐԾԱԾԱԾ ՏՈՄԱՐԸ

Հնդկահայերը գործածած են Ազարիա Ջուղայեցիի տոմարը:

Շմաւոնեան Քահանայ այդ տոմարին ամսանուններով լոյս ընծայած է «Ազդարար»ը: Հետեւաբար պարտաւոր ենք հակիրճ կերպով անդրադառնալ այդ տոմարին:

ԺԶ. դարուն, տոմարագէտ Ազարիա Ջուղայեցին կը պատրաստէ հայ տոմարին երրորդ շրջանը (առաջինը պատրաստուած էր Զ. դարուն, երկրորդը՝ ԺԱ. դարուն): Տարին բաժնած էր 12 ամիսի՝ 30-ական օրով, 13-րդը՝ յաւելեաց ամիս, 5 օրով: Նահանջ տարիներու 12-րդ ամիսը կ՚ունենար 31 օր: Տարուան առաջին օրը կը սկսի գարնանային գիշերահաւասարի օրը՝ մարտ 21-ին: Ամսանունները մեծ մասով արաբական են: Կու տանք բաղդատական տախտակը Հռոմէական (Յուլեան) տոմարին հետ, որ ծանօթ է Հին տոմար անունով.

Շամս Մարտ 21

Ադամ Ապրիլ 20

Շբաթ Մայիս 20

Նախա Յունիս 19

Ղամար Յուլիս 19

Նադար Օգոստոս 18

Թիրա Սեպտեմբեր 17

Դամա Հոկտեմբեր 17

Համիրա Նոյեմբեր 16

Արամ Դեկտեմբեր 16

Ովդան Յունուար 15

Նիրհան Փետրուար 14

Յաւելեաց Մարտ 16 [1]

Մեր այսօրուան գործածածը կը կոչուի Գրիգորեան տոմար (Նոր տոմար): Յուլեան եւ Գրիգորեան տոմարներուն տարբերութիւնը ԺԸ. դարուն 11 օր էր: Յուլեանին վրայ պէտք է աւելցնել 11 օր, ունենալու համար անոր համապատասխանող այսօրուան մեր՝ Գրիգորեանին ճշգրիտ օրը:

«Ազդարար»ի Ա. թիւին ճակատին գրուած է «Ազդարար, Թիրայ ամսոյ», որ կ՚ընդգրկէ սեպտեմբեր 17-հոկտեմբեր 16-ի օրերը: 18-րդ դարուն մենք կը հետեւէինք Յուլեան տոմարին: Կարգ մը բանասէրներ տեղեակ եղած են, որ «Ազդարար»ը լոյս տեսած է Թիրա ամսոյն վերջին օրերը, ատոր համար ալ այդ ամսոյն վերջին օրը՝ հոկտեմբեր 16-ը (Հին տոմարով) նկատած են անոր լոյս ընծայման՝ ծննդեան օրը: Լէօ եւ Մարգարիտ Մխիթարեան կը նշեն զայն:

Կը կասկածինք, որ հոկտեմբեր 16-ին հրապարակ ելած ըլլայ: Ինչո՞ւ: «Ազդարար»ի առաջին թիւին վերջին էջերուն մէջ (էջ 43) տպուած են Ուրախակից Բարեկամին շնորհաւորանքի՝ ուրախակցութեան կարճ նամակը եւ քերթուած մը: Նամակը կը կրէ Թիրա 30 թուականը, այսինքն՝ 16 հոկտեմբեր: Նամակը, քերթուածը եւ անոնց հետեւող օրացոյցը կը գրաւեն եօթ էջ (ամբողջ թիւը 48 էջ):

Տպարանը կրցա՞ւ այդ էջերը շարել, տպել, պրակները հաւաքել, թիւը կազմել եւ հրապարակ հանել նոյն օրը՝ հոկտեմբեր 16-ին: Կը կասկածինք: Կ՚ենթադրենք որ հոկտեմբեր 16-ին վրայ պէտք է աւելցնենք 1-2 օր, վերոյիշեալ աշխատանքներուն ամբողջացման համար: Հետեւաբար, լոյս տեսած ըլլալու է հոկտեմբեր 17-18-ին: Նոր տոմարով 28-29 հոկտեմբերին:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս