image
Հրատապ լուրեր:

Թէլ Ապիատ… Ջաղացքը գացէր էր, չախչախն ալ պիտի երթար

Թէլ Ապիատ… Ջաղացքը  գացէր  էր,  չախչախն ալ պիտի երթար

Յակոբ Չոլաքեան

 
(Համառօտ, առանց յղումներու)

Արաբ Փունար (Այն Արապ), Թէլ Ապիատ, Այն Արուս ... Դեռ տարագրութենէն առաջ ուրֆացի հայեր որոշ կալուածներ ունէին այս կողմերը եւ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակած էին շրջանի պետեւի աշիրէթներուն հետ: 1908-ին ուրֆացիք ձեռնամուխ եղած էին բնակութիւն հաստատելու այս կողմերը, Այն Արուսի շուրջ հայոց պատկանող ընդարձակ հողերուն վրայ: Այդ նպատակով ալ միութիւն մը կազմուած էր Ուրֆայի մէջ: Գիւղերը կը հիմնուին՝ Շարակրատ, Հիշէ Պէնտի եւ Սլուկ, երեքն ալ ներկայիս Սուրիոյ մէջ… առանց հայու:

Թէլ Ապիատ...1922-էն ետք թրքական սահմանին վրայ մեծ մասամբ ուրֆացի հայերէ կազմուած գիւղ մը, երկաթուղիի կայարանին մօտ: 1927-ին գիւղի բնակչութիւնը կը հաշուէ 200 հայ, 100 ասորի: Թուրքիան կը պահանջէր, որ հայկական նորաշէն գիւղերը ըլլան սահմանէն 50 քիլոմեթր հեռու: Պատճառաբանուեցաւ, որ այս հայերը հաստատուած են իրենց հողերուն վրայ:
Ըստ Բերիոյ թեմի վիճակագրութեանց՝ 1938-ին ունի 412, 1943-ին՝ 412 անձ առաքելական հայութիւն: Հայրենադարձութեան հետեւանքով հայ բնակչութիւնը կը նօսրանայ ու հետզհետէ կ’աւելնան քիւրտերը, արաբներն ու թուրքմէնները: Այսուհանդերձ՝ քանի մը տասնեակ հայ ընտանիքներ չեն լքեր գիւղը: Պալիխ գետի աւազանին մէջ բնակող հայ ընտանիքներ եւս կու գան վերահաստատուելու Թէլ Ապիատի մէջ: 1974-1975-ին կը վերակառուցուի Ս Աստուածածին եկեղեցին ու կը վերանուանուի՝ Ս. խաչ, որ Խաչի տօնին կը դառնայ համաժողովրդական ուխտագնացութեան վայր, յատկապէս Հալէպ հաստատուած նախկին թիլապիատցիներուն համար:

Թէլ Ապիատ 20 Սեպտեմբեր 2012-ին ինկաւ «Ազատ բանակ»-ին, իսկ 6 Յունուար 2015-ին՝ Իրաքի եւ Շամի Իսլամական պետութիւն կազմակերպութեան ձեռքը: Ս. Խաչ եկեղեցին եւ Ազգ. Խորէնեան վարժարանը դարձան անոր կեդրոնը: Հայ ընտանիքներէն ոմանք ապաստանեցան այլ վայրեր: Մնացողներուն համար Գէորգ Գույումճեան կը պատմէ. ՛՛Մեզի ըսին, որ պարտաւոր ենք ենթարկուիլ իրենց հրամաններուն: Ամէն մարդ կրնար իր գործը կատարել, պայմանաւ, որ իրենց վճարենք կրօնական տուրք կոչուածը՝ «Ճըզիէ»ն (գլխահարկ), որովհետեւ մենք ուրիշ կրօնքի կը պատկանինք: Եկեղեցւոյ խաչը վար առին, եկեղեցին բանտի վերածեցին, ետքը մենք խնդրեցինք, որ եկեղեցւոյ մէջ աղօթքներ կատարենք, սակայն ապարդիւն՛՛:
Թէլ Ապիատ 17 Յունիս 2015-ին ինկաւ քրտական ուժերու ձեռքը: Գիւղ մնացած տասնեակ մը հայ ընտանիքներու եւ քիւրտերու ջանքերով 6 Յունուար 2016-ին Ս. Ծննդեան տօնին եկեղեցւոյ զանգը կը տեղադրուի, խաչը կը վերահաստատուի:
Քանի մը հայ ընտանիքներ եւս կը վերադառնան Թէլ Ապիատ եւ կ՛անցնին իրենց գործին գլուխը:

Թէլ Ապիատի Ազգ. Խորէնեան վարժարանը հիմնուած է 1925-ին, լրիւ նախակրթարան է. ունի մանկապարտէզ. 1936-1937 տարեշրջանին ունի 100, 1944-1945-ին՝ 123 աշակերտ-աշակերտուհի: Հակառակ այն իրողութեան, որ գիւղին մէջ եղած են գաղափարական տարբեր հոսանքներ՝ «Դպրոցական աշխատանքները առաջ կը տարուին համերաշխական ոգիով»: 1950-1951 տարեշրջանին ունի 94, 1969-1970-ին՝ 95 աշակերտ աշակերտուհի :
2003-2004 տարեշրջանին ունի 42 աշակերտ-աշակետուհի, 17-ը՝ մանկապարտէզ, 25-ը՝ նախակրթարան: Ունի օտար աշակերտներ եւս:
2012-էն ի վեր դպրոցը չէր գործեր:
9 Հոկտ. 2019, թրքական ներխուժում, տասնամեակներէ իվեր կրկնուող սպառնալիքի գործադրութիւն:
16 հայ ընտանիքներ հեռացած են քաղաքէն: