image

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դատական գործը յառաջ կ՛երթայ թրքական դատարաններու մէջ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դատական գործը յառաջ կ՛երթայ թրքական դատարաններու մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան (Լիբանան, Անթիլիաս) ներկայացուցած դիմումը՝ Թուրքիոյ Սիս քաղաքը գտնուող իր նախկին նստավայրը վերականգնելու առնչութեամբ, հասարակական լայն հնչեղութիւն ստացած էր, մինչդեռ նոյնքան կարեւոր մէկ ուրիշ դատական ​​հայց՝ ընդդէմ Թուրքիոյ, հազիւ թէ յայտնի է հայ եւ միջազգային հանրութեան։ 

Համեմատաբար անյայտ այս դատավարութիւնը յարուցուած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին կողմէ, եօթը տարի առաջ: Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին Սթամպուլի մէջ հայկական թերթի մը հրապարակած միակ լուրը կը վերաբերէր Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի Թուրքիա կատարած տարատեսակ այցերուն՝ երկրին մէջ գտնուող պատրիարքարանի կալուածներու վերաբերեալ հայցերու առնչութեամբ: Երուսաղէմի պատրիարքարանին կողմէ յայտարարութիւններ չեն եղած, եւ հայկական մամուլին մէջ ոչ մէկ հարցազրոյց հրապարակուած է այս դատական կարեւոր ​​գործին մասին:

Թուրքիոյ մէջ Երուսաղէմի պատրիարքարանի դատական գործին վերաբերեալ առաջին գլխաւոր նորութիւնը հրապարակուեցաւ թրքական «Հիւրիեթ» թերթի 2 Հոկտեմբեր 2019ի թիւով: «Հիւրիեթ» հաղորդեց, որ Սահմանադրական դատարանը (Թուրքիոյ բարձրագոյն դատարանը) 12 Սեպտեմբեր 2019ին որոշում կայացուց, որ Թուրքիոյ ստորին ատեանի դատարանը խախտած է Հայոց պատրիարքարանին իրաւունքները՝ մերժելով պատշաճ մուտք՝ դատարան հայցադիմումի ներկայացման համար (Սահմանադրութեան 36րդ յօդուած)։ Սահմանադրական դատարանը յայտարարեց, որ ստորին ատեանի դատարանը բաւարար չափով չէ քննած հայկական դիմումի պահանջները։

Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց Հայ Առաքելական Աթոռը (Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը) 26 Օգոստոս 2016ին հայց ներկայացուցած էր Անգարայի դատարան՝ ձգտելով վերականգնել Թուրքիոյ մէջ իր կալուածները։ Թրքական փաստաթուղթերուն մէջ յղում կատարուած է Երուսաղէմի պատրիարքարանի Սուրբ Յակոբեանց միաբանութեան՝ իբրեւ Մար Եաքուպի, որ Սուրբ Յակոբեանցի թրքերէն թարգմանութիւնն է։ Երկու տարբեր անունները շփոթ յառաջացուցած էին դատարանէն ներս՝ նշեալ կալուածներու սեփականատիրոջ իսկական ինքնութեան մասին:

Սահմանադրական դատարանը հայցը վերադարձուց Անգարայի դատարան՝ պահանջելով, որ ստորին ատեանի դատարանը վերանայի այս հարցը՝ հետագայ քննութիւններ կատարելով։ Եթէ ​​ստորին ատեանի դատարանը վերանայի իր աւելի կանուխ կատարած մերժումը, ապա այդ մէկը դուռ կը բանայ դատական հետապնդումի՝ Թուրքիոյ դատական համակարգի միջոցով։

Անցեալ շաբաթ ես պատիւը ունեցայ հեռաձայնային զրոյց մը ունենալու Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ՝ դատական գործի կարգավիճակին կապուած։ Որքան յայտնի է ինծի, ասիկա առաջին հարցազրոյցն էր, որ Նորին գերազանցութիւնը շնորհած էր լրատուական միջոցի ներկայացուցիչին, այս հարցի առնչութեամբ։ Ան ինծի տեղեկացուց, որ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը միայն Սթամպուլի մէջ ունէր մօտաւորապէս 1200 կալուած: Պատրիարքարանը ամբողջ Թուրքիոյ մէջ նաեւ տասնեակ այլ կալուածներ ունէր, որոնք կառավարութեան կողմէ բռնագրաւուած էին 1915ին, Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին: Պատրիարք Մանուկեանը նշեց, որ 1950ին, Թուրքիոյ Եալովա քաղաքին մէջ Երուսաղէմի պատրիարքարանի սեփականութիւնը հանդիսացող շատ մեծ եւ արժէքաւոր կալուած մը թրքահայու մը կողմէ ծախուած է թուրքի մը եւ որ աւելի ուշ փախած է Միացեալ Նահանգներ։ Պատրիարքը ըսաւ, որ ինք շահագրգռուած է դատական հայց յարուցելու այդ թրքահայու ժառանգորդներուն դէմ:

7 Օգոստոս 1973ին, Թուրքիոյ Հիմնադրամներու գլխաւոր տնօրէնութիւնը ի սկզբանէ Երուսաղէմի կալուածները ընդգրկած էր իր ցանկին մէջ։ Երբ որոշուեցաւ այդ կալուածները Հիմնադրամի գլխաւոր վարչութեան ենթակայութենէն դուրս բերել, Երուսաղէմի պատրիարքարանը 19 Յուլիս 2012ին դատական ​​հայց ներկայացուց, սակայն թրքական դատարանը մերժեց դիմումը: Թէեւ Պատրիարքարանը շահեցաւ բողոքելու իրաւունքը, սակայն դատարանը մերժեց այդ որոշումը․․․

Սահմանադրական դատարանը յայտարարեց, որ այս պահուն կարիք չկայ քննելու Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի կողմէ պահանջուող կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը:

Այնուհետեւ, Սահմանադրական դատարանը որոշեց, որ «նախքան փաստաթուղթերը եւ գրառումները, մասնաւորապէս՝ նախքան դատական գործի վարչական քննութիւնները դատարան ներկայացնելը, պէտք է կարելի ըլլայ պարզել, թէ արդեօք եղա՞ծ է երկրորդ  Հիմնադրամ, կամ ոչ։ Առանց այդ բոլոր հարցերու պարզաբանման եւ առանց այդ բոլոր անհրաժեշտ քննութիւններու իրականացման, դատական դիմումը մերժելը մեծ անյարմարութիւն յառաջացուցած  է  դիմումատուի [Պատրիարքարան] համար, եւ դատարան դիմելու անոր իրաւունքին միջամտելը եղած է բաւականին ծանրակշիռ։ Այս մերժումով կը խախտի Սահմանադրական դատարանի 36րդ յօդուածը՝ դատական կարգով մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը»:

Ասիկա կարեւոր դատավարութիւն է ոչ միայն Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար: Հայցադիմումով պահանջուող հսկայական թիւով՝ 1200 կալուածները, զայն կը դարձնեն խիստ արժէքաւոր, յատկապէս հաշուի առնելով կալուածներուն վայրը, Սթամպուլի՝ Թուրքիոյ ամենէնէն նշանաւոր քաղաքին մէջ:

Թէեւ դեռ շատ շուտ է խօսելու համար այս դատական գործընթացի վերջնական արդիւնքներուն մասին, հաւանական է, որ Պատրիարքարանը վերականգնէ 1200 կալուածներու մէկ մասը, եթէ ոչ բոլորը, ապա Թուրքիոյ կառավարութիւնը կրնայ թոյլ չտալ այդ գոյքի վաճառքը եւ եկամուտներու դուրս հանումը Թուրքիայէն, թոյլ տալով միայն գոյքի օգտագործումը կամ անոր վարձակալութիւնը ուրիշներու կողմէ: Ստացուած եկամուտը այնուհետեւ կրնայ օգտագործուիլ Թուրքիոյ հայկական դպրոցներու եւ եկեղեցիներու աջակցութեան նպատակով:

Այնուամենայնիւ, եթէ ստորին ատեանի դատարանը եւ Սահմանադրական դատարանը որոշում կայացնեն ընդդէմ հայկական Պատրիարքարանի, ապա վերջինս կրնայ աւելի ուշ  դատական հայց ներկայացնել Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան:

Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը նոյն ծրագիրին հետեւելու գործընթացի մեջ է, այն բանէն ետք, երբ իր հայցադիմումը մերժուեցաւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ, քանի որ հայցը ուղղակիօրէն ներկայացուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան՝ շրջանցելով Թուրքիոյ ստորին ատեանի դատարանը: Կաթողիկոսարանը այժմ իր հայցը կը վերաներկայացնէ Թուրքիոյ ստորին ատեանի դատարան։

Այս երկու դատավարութիւններու մասին թրքական դատարաններու, անհրաժեշտութեան պարագային, նաեւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումը պէտք է որ վերադասաւորեն Թուրքիայէն հայկական պահանջներու օրինական հետապնդման օրակարգը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պարզ ճանաչումէն աւելի անդին երթալով:

 

Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան