Ամերիկեան հեռուստաստղ Քիմ Քարտաշեանի նախնիները հրաշքով փրկուած են Հայոց ցեղասպանութենէն եւ յայտնուած ԱՄՆ: Այս փաստին միջազգային մամուլը բազմիցս անդրադարձած է, գրելով, որ Քիմ Քարտաշեանի ապուպապերու ընտանիքը Արտահանի գաւառի Քարաքալա գիւղէն է: Անոնք, արդէն սկսած կոտորածներու պատճառով 19-րդ դարու վերջը լքած են գիւղն ու ուղեւորուած Գերմանիա։
Քիմի ապուպապ Թաթոս Քարտաշեանը լքած է Քարաքալան 1913-ին։ Ան Գերմանիայէն տեղափոխուած է Ամերիկա, ուր նոր կեանք սկսած է: Գաղթի ճանապարհը բռնած Թաթոս Քարտաշեանը չէր ալ պատկերացներ, որ հայոց ցեղասպանութենէն մէկ դար անց Քարտաշեան ընտանիքը ԱՄՆ-ի ամենայայտնի ազգանուններէն մէկը կը դառնար:
Էրզրումէն հեռացածներու շարքին էր Քիմի միւս ապուպապ Յովհաննէս Միրոյեանը, որ ծնած էր 1844-ին։ Յովհաննէս Միրոեանը ամուսնացած է Լուսիա Չորպաճեանի հետ՝ 1867-ին, Էրզրումի մէջ: Անոնք Էրզրումէն փախած են դստեր՝ Վարդանուշի հետ:
Վարդանուշի աղջիկը՝ Հայկուհի Առաքելեանն է, որուն Հելէն ըսած են. ան ծնած է 1917-ին, ԱՄՆ-ի մէջ: Հելէնը Քիմի տատիկն է: Հելէնն Ամերիկայի մէջ ամուսնացած է Քարտաշեաններու տոհմէն Թաթոս Քարտաշեանի որդի՝ Արթուր Քարտաշեանի հետ, եւ անոնք սկսած են ԱՄՆ-ի մէջ միսի փաթեթաւորման ամենամեծ պիզնեսը։ Հելէնի եւ Արթուրի որդին՝ Ռոպերթը, որ յայտնի իրաւաբան էր, ամուսնացած է Քրիս Հոկթընի հետ: Ռոպերթ Քարտաշեանը մահացած է 2003-ին` ստամոքսի քաղցկեղի պատճառով։ Քիմի տատիկն ու պապիկը մահացած են Քալիֆորնիոյ մէջ 2008 եւ 2012 թուականներուն:
Քիմ Քարտաշեանը տատիկի՝ Հելէնի հետ
Քիմ Քարտաշեանը տարուէ տարի աւելի կը մօտենայ իր արմատներուն. օրեր առաջ ան եւ քոյրը Էջմիածնի մէջ կնքած են իրենց երեխաները
Միջազգային մամուլը անդրադարձած է նաեւ, որ Քիմի նախնիներու գիւղին՝ Քարաքալայի մէջ, ինչպէս 100 տարի առաջ, այնպէս ալ հիմա, մարդիկ ձիերով եւ էշերով կ'երթեւեկեն: Գիւղին մէջ հիմնական թուրքեր եւ քիւրտեր կ'ապրին: