image
Հրատապ լուրեր:

...Ու ակամայ կը մտածես, որ մեր սա փոքրիկ Հայաստանն ալ երկու կողմէն, արեւելքէն ու արեւմուտքէն, նոյն «վտանգ»ն է թրքութեան համար

...Ու ակամայ կը մտածես, որ մեր սա փոքրիկ Հայաստանն ալ երկու կողմէն, արեւելքէն ու արեւմուտքէն, նոյն «վտանգ»ն է թրքութեան համար

Քեսապահայ մտաւորական  եւ բանասէր   Յակոբ  Չոլաքեանի  դիմատետրի  էջէն կը  կարդանք՝ 


Վաւերագիր 15

Թուրքիա-Սուրիա առաջին սահմանագծումէն ետք մինչեւ այսօր Թուրքիա Սուրիոյ հիւսիսի ամբողջ երկայնքին յիսուն (երբեմն՝ երեսուն, քսան) քիլոմեթր խորութեան տարածութիւն մը իր հսկողութեան տակ պահելու համար ճիգ չէ խնայած, իբրեւ թէ ապահովական նպատակով: 1920-1940-ական թուականներուն Թուրքիա հայ գաղթականութիւնը բացէ ի բաց կը նկատէր իր ապահովութեան հանդէպ ծառացող վտանգ ու ատոր համար ալ կտրականապէս դէմ էր գաղթական հայութեան այդ տարածքին մէջ հաստատուելուն: Թուրքիոյ ճնշումներուն ենթարկուելով՝ ֆրանսական գաղութային իշխանութիւնները քանի անգամ պարտադրած են գաղթական հայերուն բնակավայր փոխել, Ազգերու դաշնակցութեան Մերձաւոր Արեւելքի հայ որբահաւաքման ու գաղթականութեան տեղաւորման գործին «լիազօր քոմիսէր» Քարէն Եփփէ որքան բանակցութիւններ վարած է սահմանամերձ գօտիներուն վրայ հաստատուած հայոց կրկին տեղափոխուելու հարկադրանքը վերացնելու համար: Դեռ աւելին. թուրք պետութիւնը կրցած է շահագործել անապատի սիւննի աշիրէթներու կրօնական զգացումները եւ գրգռել հայոց դէմ՝ վերջիններս արաբներու գոյութեան սպառնալիք համարելով:

Երէկ հայերն էին, այսօր՝ քիւրտերն ու եզիտիները:
Ու կրկին նոյն յանկերգը՝ ապահովական գօտին, յիսուն թէ քսան քիլոմեթր: Կրկին սիւննի տարրը պաշտպանելու պատճառաբանութեամբ, խորքին մէջ թուրքմէնները հովանաւորելու նպատակով՝ երէկ հայերը, այսօր քիւրտերն ու եզիտիները ոչնչացնելու համար:

1930-ի Մայիսին Գաղթականներու զետեղման յանձնախումբի ատենապետ վերապատուելի Ահարոն Շիրաճեան օգնական ունենալով Friends of Armenia-ի ներկայացուցիչ միսս Edith Roberts-ը պշերիկցի քրտախօս հայ գաղթականներու համար երկու գիւղեր կառուցելու համար տեղի ընտրութիւն կը կատարէ. ատիկա Թէլ Պերրի կոչուող վայրն է, Հասիչէի շրջան: Ֆրանսական գաղութային իշխանութեան եւ տեղական կառավարութեան ներկայացուցիչները անձամբ կը տեսնեն վայրը ու հաւանութիւն կու տան: Գաղթականները կը տեղաւորուին վրաններու մէջ ու բուռն թափով կը սկսին տուներ կառուցել, հոր փորել, բայց ֆրանսացի զինուորականները յանկարծ պարտաւորուած կը զգան հայ գաղթականները հեռացնելու այդ վայրէն՝ չարագուշակ 50 քիլոմեթրը մէջտեղ դնելով: Վեր. Ահարոն Շիրաճեան Հայ գաղթականաց կեդրոնական խնամատարութեան յղուած 7-6-30 թուակիր նամակով հետեւեալը կը տեղեկագրէ.

«Միւսիւ Լէ Նայ մեզի հաղորդեց որ Թէլ Պերրին թողուլու ենք: Մէկ քանի օր վերջ հասկցանք որ Թէլ Պրաքն ալ թողուլու ենք եղեր:Բոլորս ալ յուսախաբ՝ սկսանք տեղափոխութեան: Միեւնոյն ատեն Հասիչէի կառավարիչ Քէփթըն Derraumaux շատ անքաղաքավար վարուեցաւ միսս Ռոպըրթսի հանդէպ: Խորհեցայ աւելի լաւ է միսս Ռոպըրթսը հեռացնել որ աւելի անախորժալի վիճակ մը թող չառնէ: Վերջը հասկցանք … մեր համոզումը սա եղած է որ, մանաւանդ միւսիւ Պուրնիէի ազդեցութեամբ քէփթըն Derraumauxի շատ նեղեցին որ 50 քիլոմեթրօ հեռու նստեցուցած չէ: Քէփթընը ստիպուած ինքզինք ազատելու համար ցոյց կու տայ իբրեւ թէ այս բոլոր բաները ընողը միսս Ռոպըրթս է. ինք լուր չունի: Ինչ օգուտ, Ճեներալ Գալէ եւ Քէփթընը իրենք անձամբ ըսեր եւ ցոյց տուած էին (այս վայրը. Չ): Բայց յանցաւորը միսս Րոպըրթս եղաւ: Մայիս 15-ին միսս Ռոպըրթս թողուց Թէլ Պերրի գաղթավայրը եւ դարձաւ Հալէպ: Մայիս 16-23 երկու տեղի տուներն ալ փոխադրեցինք: 25 000 չափ աղիւսները թողուցինք ու դարձեալ գործի սկսեցինք: Բաւական յուսախաբ՝ ոմանք կը մռմռային: Նոր յարդ, նոր ջանք պէտք էր, նոր հոր, նոր ջուր, նոր աշխոյժ ու նոր քաջալերում պէտք էր»:

Միւս կողմէ՝ արաբ աշիրէթներու շրջանակին մէջ լուրեր կը շրջին, թէ իբր հայեր արաբներ կը սպանեն, դիակները կը պահեն եւ այլն: Ասիկա յատկապէս թրքական աղբիւրէ կը սնի ու նպատակ ունի ազգամիջեան կռիւ հրահրելու եւ աւելիով պատուհասելու հայ գաղթականութիւնը: Այս մասին Ահարոն Շիրաճեան կը տեղեկագրէ.
«Եւ թէ ճիշդ այս փորձանքի ատենները տեղական արապներու կողմանէ գէշ նայուածք եւ զրոյց կը շրջէր: Գամըշլի, Հասիչէ եւ ուրիշ տեղեր եւ թէ Սինճար շատ հայեր , որ միշտ գործերը արապներուն մէջն է, բաւական վախցան ու վախ տուին իբրեւ թէ արապ աշիրէթներ շատ գէշ լարուած են եւ կարելի է յարձակին: Պէտք էր աւելի ջանքեր ընել: Չխորհեցայ կառավարութեան բան մը ըսել: Զրոյցներ շատ զարմանալի եւ տգէտ էին: Իբրեւ թէ՝ որ արապ հայերուն քով գայ՝ գաղտնի կերպով կը մեռցունեն, թունաւոր կերակուր կու տան եւ կը մեռցունեն եւ Ճաղճաղ գետին ներքեւը խորունկ վայր մը գտած են ու մարմինները հոն կ’անհետացնեն: Իբրեւ թէ հայերը Թէլ Պրաքի հին աւերակին մէջ իրենց հին թագաւորներուն գիրքերը գտած են եւ հոն նոր թագաւորութիւն պիտի հիմնեն: Եւ կամաց-կամաց բոլոր երկիրը պիտի գրաւեն եւ աշիրէթներուն տեղ չպիտի թողուն»:
Ահա այսպէս… Ի վերջոյ Թէլ Պրաքի վրայ կը կառուցուին երկու հայկական գիւղեր՝ Սահակաշէնն ու Մեսրոպաշէնը: 1946-ին այս հայերը Հայաստան կը ներգաղթեն՝ իրենց ետին այս տխուր պատմութիւնն ալ ձգելով:
Ու ակամայ կը մտածես, որ մեր սա փոքրիկ Հայաստանն ալ երկու կողմէն, արեւելքէն ու արեւմուտքէն, նոյն «վտանգ»ն է թրքութեան համար, ու «ապահովութեան գօտին» այս պարագային ամբողջական բնաջնջումով միայն կրնայ իրական ըլլալ: Չմոռնանք: