image
Հրատապ լուրեր:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ Արաբա-ամերիկեան Խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնախումբին կողմէ

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ Արաբա-ամերիկեան Խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնախումբին կողմէ

 

Վերջին տարիներուն եւ ամիսներուն արաբական երկիրները կ՛ազատագրուին թրքական կառավարութեան քաղաքական լկտի ազդեցութենէն եւ կը սկսին ազնիւ դիրքորոշում ցուցաբերել Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Արաբական կառավարութիւնները, հակառակ իրենց երբեմնի համակրանքին եւ աջակցութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու նկատմամբ, որոնք ապաստան փնտռած էին Մերձաւոր Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ, դժկամութեամբ կ՛ընդունէին Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Թուրքիոյ հետ իսլամական միեւնոյն հաւատքը բաժնեկցելու պատճառով:

Արաբական առաջին երկիրը, որ կոտրեց Ցեղասպանութեան յանցագործութեան ճանաչման գծով թրքական շրջափակման կապանքները՝ Լիբանանն էր: 3 Ապրիլ 1997ին, Լիբանանի  խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ: Լիբանանի խորհրդարանը երկրորդ բանաձեւ մը ընդունեց 11 Մայիս, 2000ին՝ յայտարարելով, որ «կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը եւ իր լիակատար համերաշխութիւնը կը յայտնէ իր քաղաքացիներու պահանջներուն»:

Այդ ժամանակէն ի վեր, Սուրիոյ նախագահը եւ խորհրդարանի տարբեր անդամներ քանի մը անգամ խօսած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, սակայն տակաւին խորհրդարանական պաշտօնական բանաձեւ մը չեն ընդունած՝ եղելութիւնը ճանչնալով իբրեւ ցեղասպանութիւն:

Համանման քայլեր նետուած են Եգիպտոսի մէջ, ուր դատական հայց ներկայացուած է Թուրքիոյ դէմ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Սակայն, Եգիպտոսի խորհրդարանը պաշտօնական բանաձեւ չէ ընդունած:

Մարտ ամսուան ընթացքին Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը, որ կը փորձէ տապալել Լիպիոյ կեդրոնական վարչակարգը, յայտարարութիւն տարածած է՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Սա լրիւ անակնկալ քայլ էր, քանի որ Լիպիոյ մէջ հայկական համայնք գոյութիւն չունի:

Լուրեր կան, որ արաբական ուրիշ երկիր մը կը փափաքի ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն ես կը նախընտրեմ չհրապարակել այդ երկրին անունը՝ թրքական կառավարութեան չտեղեկացնելու եւ անոր կողմէ լոպիինկի իրականացում թոյլ չտալու համար։

Վերջերս, 25 Ապրիլ 2019ին, անսպասելի ճանաչում մը կատարուեցաւ, երբ Արաբա-ամերիկեան խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը (ADC) իր պաշտօնական առաջին յայտարարութիւնը ըրաւ՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Ըստ իր կայքէջին՝ «ADC-ն իրաւապաշտպան քաղաքացիական կազմակերպութիւն է, որ կոչուած է պաշտպանելու արաբական ծագում ունեցող մարդոց իրաւունքները եւ խրախուսելու անոնց մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը: ADC-ն հիմնուած է 1980ին, Միացեալ Նահանգներու նախկին ծերակուտական Ճէյմզ Ապուրեզքի կողմէ: Ներկայիս, ADC-ն արաբա-ամերիկեան հասարակական ամէնէն մեծ կազմակերպութիւնն է Միացեալ Նահանգներու մէջ: ADC կը պաշտպանէ բոլոր մարդոց մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքները եւ հանդէս կու գայ ցեղայնականութեան եւ մոլեռանդութեան որեւէ տեսակի դէմ»:

Ահա ADC-ի համակրական յայտարարութեան ամբողջական գրութիւնը. «Աւելի քան 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը համակարգուած ձեւով կոտորած է 1.5 միլիոն հայեր եւ հայ ժողովուրդը բռնի տեղահանած իր պատմական հայրենիքէն: Այսօր մենք կը յիշենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կ՛ոգեկոչենք բոլոր անոնք, որոնք կորսնցուցին իրենց կեանքն ու տուները: ADC իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին: 1915-1918 տեղի ունեցած համակարգուած կոտորածներէն ետք, բազմաթիւ հայ փրկուածներ փախան մօտակայ արաբական երկիրներ՝ ապաստան փնտռելու, իսկ յետոյ նոր տուներ կառուցելու համար: Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը արաբական երկիրներու մէջ ստեղծած է ծաղկուն համայնքներ, յատկապէս Բարեբեր Մահիկի մէջ: Հայկական համայնքը եղած է արաբական հասարակութեան անբաժանելի մասնիկը, դարեր շարունակ գոյութիւն ունենալով Պաղեստինի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ: Նշելով մեր բարոյական արատը մեր համաշխարհային հասարակութեան մէջ, ADC ուս-ուսի կանգնած է մեր հայ քոյրերու եւ եղբայրներու կողքին: Մեր համայնքները շատ լաւ գիտեն համակարգուած թալանի եւ ճնշումներու գինը, եւ մենք միասին պիտի շարունակենք պաշտպանել անարդարութեան եւ հալածանքներու դիմաց կանգնածները»:

Համոզուած եմ, որ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը շնորհակալ է ADC-ի՝ իր կարեկցական դիրքորոշման համար: Ի պատասխան ADC-ի ուղարկած իմ նամակին՝ ADC-ի իրաւական եւ քաղաքական հարցերով տնօրէն Ապըտ Այյուպ գրեց, որ առաջին անգամ է, որ ADC պաշտօնական յայտարարութիւն տարածած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

Իմ հարցումին, թէ ի՞նչ բան դրդեց ADC-ն՝ այս տարի հանդէս գալու նման յայտարարութեամբ, Այյուպ պատասխանեց. «Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին մենք երիտասարդ հայ-ամերիկացիներու հետ աշխատելու պատիւը ունեցանք այն հարցերու մասին, որոնք կ՛ազդեն մեր բոլորին վրայ, եւ այդ յարաբերութիւններուն իբրեւ արդիւնք մենք սկսանք ուսումնասիրել յայտարարութեամբ հանդէս գալու գաղափարը՝ ի նշան զօրակցութեան: Աւելին, մեր անդամներէն շատեր արմատներով կապուած են համայնքին: Վերջապէս, ամբողջ աշխարհի մէջ ատելութեան եւ մոլեռանդութեան աճին զուգընթաց, կը զգանք, որ ներկայիս կարեւոր է յայտարարութեամբ մը հանդէս գալը»:

Իմ հարցումիս, թէ ADC արդեօք կը նախատեսէ՞ այսպիսի յայտարարութեամբ մը հանդէս գալ յառաջիկայ Ապրիլ 24-ին, Այյուպ դրական պատասխան տուաւ:

Ես նաեւ հարցուցի Այյուպի, թէ ADC որեւէ քննադատութիւն ստացա՞ծ է արդեօք թրքական կառավարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու թրքական կամ իսլամական խումբերու կողմէ իր յայտարարութեան համար, ան պատասխանեց, որ ADC որեւէ այդպիսի քննադատութիւն չէ ստացած: Սակայն, «մեր անդամները լիովին աջակցած են այս յայտարարութեան»:

Ի վերջոյ, երբ ես հարցուցի, թէ ADC ի՞նչ կը մտածէ Թրամփի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելէ հրաժարելուն մասին, Այյուպ պատասխանեց. «Նախագահ Թրամփի ըրածներուն մեծ մասը մտահոգութեան տեղիք կու տայ, սակայն «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործման մերժումը համահունչ է նախորդ վարչակազմերուն: Այս եզրը օգտագործելու անկարողութիւնը՝ անկարողութիւն է ճանչնալու միլիոնաւոր անմեղ մարդոց հասցուած ցաւն ու տառապանքը»:

Բնականաբար, ես կ՛ողջունեմ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ADC-ի յայտարարութիւնը եւ Այյուպի պատասխանները իմ հարցումներուն: Կ՛առաջարկեմ հայկական կազմակերպութիւններուն՝ ADC-ի յայտարարութիւնը յղել Ուաշինկթընի մէջ արաբական բոլոր երկիրներու դեսպանատուները՝ խնդրելով անոնցմէ կոչ ընել իրենց կառավարութիւններուն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

 

Յարութ Սասունեան      

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com 


Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան