image

Փաշինեան յաջողութեամբ անցաւ միջազգային ասպարէզի քաղաքական առաջին քննութենէն

Փաշինեան յաջողութեամբ անցաւ միջազգային ասպարէզի քաղաքական առաջին քննութենէն

Անցեալ շաբաթ Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ Հայաստանի վարչապետ  Նիկոլ Փաշինեան առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի  խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ):

Փաշինեան տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ եւրոպական 47 երկիրներու ներկայացուցիչներու առջեւ։ Աւելի տպաւորիչ էին վարչապետին պատասխանները՝ անոնց  տասնեակ հարցումներուն։ Մինչ ելոյթը նախապատրաստուած էր, հարցումները  յանպատրաստից էին եւ պատասխանները պէտք է տրուէին տեղւոյն վրայ։

 

Փաշինեան իր ելոյթը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով Եւրոպական Խորհուրդին՝ քանի մը անգամ զինք փրկելուն համար Հայաստանի նախորդ վարչակազմի կողմէ բանտարկուելէ կամ բանտարկութեան ժամկէտը կրճատելուն համար։ Փաշինեան  հետապնդուած է՝ «Օրագիր» թերթին մէջ իբրեւ խմբագիր քանի մը սուր յօդուածներ հրապարակելուն համար։

 

Այնուհետեւ Հայաստանի վարչապետը թուարկեց իր երկիրին ժողովրդավարական տպաւորիչ յաջողութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են անցեալ տարուան «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք։

 

Օգտուելով առիթէն, Փաշինեան նաեւ քննադատեց ԵԽԽՎ անդամները, որոնք Արցախի ժողովրդավարական զարգացումներուն երբեք աջակցութիւն ցոյց չտուին: Թէեւ «Լեռնային Ղարաբաղը տակաւին միջազգայնօրէն չէ ճանչցուած իբրեւ անկախ պետութիւն, բայց մի՞թէ Լեռնային Ղարաբաղ ապրող մարդոց մա՛րդ ըլլալուն վերաբերեալ միջազգային բանավէճ կայ», հարցուց Փաշինեան:

 

Ի պատասխան կաշառակերութեան մասին Ֆրանսայի խորհրդարանական Տալոզի հարցումին՝ Փաշինեան ըսաւ. «կաշառակերութեան դէմ անձնապէս պայքարելու համար ամէնէն մեծ բանը, որ պէտք է ընեմ ՝ կաշառակերութեան մէջ չիյնալն է․․․: Առաջինը՝ ես, իմ ընտանիքը, հարազատները այս առումով պէտք է ըլլանք առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ: Ես շատ կարեւոր կը նկատեմ, որ  թափանցիկութիւնը այսօր Հայաստանի մէջ հիմնական հաստատութիւններէն մէկն է, թէեւ չեմ ըսեր, որ 100 տոկոսով կայացած է, բայց մեծ քայլերով առաջ կ՛երթայ: Կը փափաքիմ ըսել, որ ընդամէնը 10 օր առաջ իմ մերձաւոր ազգականներէն մէկուն նկատմամբ յարուցուած է քրէական գործ: Չեմ ուզեր անոր անմեղութեան նախնական վարկածը խախտել, բայց սա փաստը, եւ այն, որ գործը պիտի քննուի լիարժէք օրինականութեան եւ առարկայական պայմաններու մէջ․․․․»։

 

Ատրպէյճանէն Աղաեւա հարցուց, թէ Հայաստան ե՞րբ պիտի կատարէ միջազգային կազմակերպութիւններու բանաձեւերն ու փաստաթուղթերը Արցախի վերաբերեալ։ Իր պատասխանին մէջ Փաշինեան կոչ ըրաւ «Լեռնային Ղարաբաղի  ներկայացուցիչներու մասնակցութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, որովհետեւ շատ դժուար է հասկնալ, թէ ինչպէս մենք կը պատրաստուինք հարցը լուծել՝ առանց հակամարտութեան առաջնային եւ հիմնական կողմին լսելու, առանց անոր հետ խօսելու: Ինչպէս որ իմ ելոյթին մէջ ըսի՝ մեր քայլերը ուղղուած են  անոր, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ վերականգնենք երկխօսութիւնը Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ: Շատեր չեն գիտեր, որ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ տեղի ունեցած  է  ուղիղ  հանդիպում: Այդ  փորձը  եղած  է, Լեռնային Ղարաբաղի  ընտրուած  ներկայացուցիչները, ըստ էութեան, միշտ ներգրաւուած եղած են բանակցային գործընթացի մէջ, սովորաբար  կ՛ըսուի, թէ  մինչեւ 1998 թուական, բայց  ես կրնամ ըսել, որ մինչեւ 2018 թուական Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները ներկայ եղած են բանակցային գործընթացին:  Եկէք չմոռնանք,  որ  Ռոպերթ Քոչարեան Հայաստանի նախագահ դառնալէ առաջ՝ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած նախագահը, այնուհետեւ Սերժ  Սարգսեանը ներկայացուցած է Հայաստանը, բայց ան նաեւ եղած է Ղարաբաղի  առաջնորդներէն մէկը: Այսպէսով, մենք, ըստ էութեան, ունինք վիճակ մը, որ Լեռնային Ղարաբաղը բանակցային ամբողջ  գործընթացի  ընթացքին  ներկայացուած  եղած  է բանակցային սեղանի շուրջ: Այսօրուան մեր խնդիրն է՝ ստեղծել պայմաններ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը չընդհատի․․․․»:

 

Ի պատասխան Սլովենիայէն Թոմիչի՝ Հայաստանի մէջ միասեռականներու համայնքի  իրաւունքներու մասին հարցումին՝ Փաշինեան պատասխանեց․ «Հայաստանի մէջ  օրէնքի գերակայութիւն է, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բոլոր  քաղաքացիները ունին նոյն իրաւունքներն ու պարտականութիւնները»:

 

Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Այտին իր մտահոգութիւնը յայտնեց Փաշինեանի  վերջին յայտարարութիւններուն մասին՝ Արցախի շուրջ բանակցութիւններու ձեւաչափի փոփոխման վերաբերեալ՝ «Սփիւռքի մէջ եւ երկրին ներսը սակաւապետներու (oligarchs) ճնշման տակ»։ Փաշինեան կրկնեց իր այն պատասխանը, զոր տուած էր Ատրպէյճանի պատգամաւորի հարցումին՝ աւելցնելով, որ «ես արդէն իսկ բացատրեցի, որ մենք  բացարձակապէս չենք ակնկալեր, ոչ ալ կը պահանջենք բանակցային ձեւաչափի  փոփոխութիւն․․․: Ինչպէ՞ս կրնանք պատկերացնել, որ կրնայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուիլ առանց Լեռնային Ղարաբաղի ներգրաւուածութեան։ Շատ յաճախ կ՛օգտագործուի «բռնագրաւում» բառը, բայց անոնք, որոնք այսօր կ՛ապրին Ղարաբաղի մէջ, այդ մարդիկը ծնած են Ղարաբաղի մէջ, ապրած են Ղարաբաղի մէջ, անոնց հայրերը ապրած են  Ղարաբաղի մէջ, անոնց հայրերուն հայրերը ապրած են Ղարաբաղի մէջ, անոնց հայրերուն մեծ հայրերը ապրած են Ղարաբաղի մէջ եւ դեռ կրնանք այսպէս շարունակել: Ինչպէ՞ս կրնայ մարդ բռնագրաւել այն տարածքը, ուր ծնած է ինք, ուր իր զաւակը ծնած է, եւ ուր մահացած եւ թաղուած են իր նախնիները․․․: Ես վերջերս նոյնիսկ հանդէս եկած եմ թերեւս շատ տարօրինակ  համարուող նախաձեռնութիւններով: Ասուլիսին ընթացքին հռետորական հրապարակային հարց տուի, թէ արդեօք, օրինակ, Ատրպէյճանի նախագահը կամ ղեկավարութիւնը բան մը չունի՞ ըսելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ժողովուրդին: Ես, օրինակ, կ՛ուզէի ունենալ կարելիութիւն՝ դիմելու Ատրպէյճանի ժողովուրդին եւ խօսելու անոր հետ: Անշուշտ հիմա ալ կրնամ, բայց ես չեմ ուզեր, որ այդ մէկը ըլլայ, այսպէս ըսած, միակողմանի եւ յանկարծ  ընկալուի իբրեւ սադրիչ քայլ: Ես  կ՛ուզեմ, որ այս խօսակցութիւնը կառավարութիւններու, ժողովուրդներու, հանրութեան, երիտասարդներու միջեւ սկսի եւ տեղի ունենայ, որովհետեւ մեր օրակարգը խաղաղութեան օրակարգ է եւ մենք ձեւաչափի փոփոխութեան հարց  չենք դներ»։

 

Ուքրանիայէն Արիեւի այն հարցումին, թէ «որո՞ւն կը պատկանի Խրիմը»,  Փաշինեան պատասխանեց. «․․․․Մենք յաճախ կը յայտնաբերենք, որ մեր բարեկամները կը գտնուին հակամարտութեան տարբեր կողմերու վրայ, եւ շատ դժուար է մեզի համար ընտրութիւն կատարել՝ բարեկամի եւ բարեկամի միջեւ։ Երբեմն ստիպուած կ՛ըլլաս այդպիսի ընտրութիւն կատարելու, բայց մեր ընտրութիւնը, աշխարհաքաղաքական ընտրութիւնը խաղաղութիւնն է, երկխօսութիւնը, կայունութիւնն ու զարգացումը»։

 

Պատասխանելով Լիթվիայէն Մասիուլիսի վերջին հարցումին, թէ արդեօ՞ք Հայաստան աւելի եւրոպամէտ եւ նուազ ռուսամէտ կ՛ըլլայ, Փաշինեան ըսաւ. «Ես դեռ ընդդիմադիր ժամանակներէն յայտարարած եմ, որ չեմ ընդունիր, որ Հայաստանի մէջ եւ, ընդհանրապէս, որեւէ պետութեան մէջ պէտք է ըլլան ռուսամէտ, եւրոպամէտ, ամերիկամէտ  քաղաքական ուժեր եւ գործիչներ։  Ես ինքզինքս կը նկատեմ հայաստանամէտ գործիչ: Եւ կը կարծեմ, որ ֆրանսացի գործիչները պէտք է ըլլան ֆրանսամէտ, ուքրանացիները՝ ուքրանամէտ, ռուսերը՝ ռուսամէտ․․․»։

 

Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան հմտօրէն պատասխանեց բոլոր հարցումներուն, իսկ  երբեմն ալ խելացիօրէն խուսափեցաւ պատասխանելէ։ Միջազգային ասպարէզի մէջ սա իր քաղաքական ձեռնհասութեան առաջին քննութիւնն էր, զոր ան անցաւ մեծ յաջողութեամբ․․․

 

 

 

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան