image

«Պայրաքտար»էն զատ նաեւ այլ զինատեսակներ.Լիպիան փորձադաշտ թրքական մահացու ռոպոթներուն

«Պայրաքտար»էն  զատ նաեւ այլ զինատեսակներ.Լիպիան փորձադաշտ թրքական մահացու ռոպոթներուն

Ամերիկեան  NBR կայքը  օրերս երկար  զեկոյց մը հրապարակած է ներկայացնելով ուշագրաւ փաստեր Լիպիոյ մէջ թրքական  անօդաչու սարքերու  օգտագործման եւ անոնց արդիւնաւէտութեան մասին։

Ըստ  արեւմտամէտ  ռազմական  մասնագէտներու,   աչքի ինկած են  յատկապէս  տեսակի «Kargu-2»  անունը կրող  անօդաչու  սարքերը, որոնք յայտնի են, որպէս  «մահացու ռոպոթ»ներ,  եւ որ  կը գործեն արհեստական բանականութեամբ։

 Թրքական արտադրութեան արդիւնք  այս   անօդաչուները  առաջին անգամ Լիպիոյ մէջ նկատուած են 2020  թուականի  մարտին։

 Կը նշուի  նաեւ,  «Kargu-2» արտադրուած է թրքական «STM» ընկերութեան կողմէ, անիկա ի վիճակի է ինքնուրոյն սորվելու եւ իրական ժամանակին մէջ  մշակելու  եւ պատրաստելու   քարտէզները   իր  իսկ  թիրախներուն:

Ի դէպ, Լիպիոյ «Սէլֆիոմ» հետազօտական ու ուսունասիրական հաստատութեան տնօրէն՝ Ժամալ Շլոֆ ըսած է, թէ գործիքը օգտագործողները կը լիցքաւորեն զայն թիրախի պատկերով, կը ծրագրաւորեն գործիքը սպաննելու այդ թիրախը ու կ'արձակեն զայն, անիկա կը փնտռէ իր թիրախը ու կը կրակէ, եւ շատ հաւանական է, որ որեւէ մէկը, պարզապէս նմանելով այդ թիրախին զոհ դառնայ կրակոցին: Ան շարունակած է թէ այս արհեստագիտութիւնը առաջին անգամ անցեալ տարի փորձարկուած է Լիպիոյ մէջ թրքական ուժերուն կողմէ, որոնք նկատի չեն առած իսկ սխալներու հաւանականութիւնը:

Շլոֆի խօսքով, Լիպիոյ Նախագահական Խորհուրդը եւ Ազգային միացեալ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Նաժլաա Ալ Մանքուշ  պահանջած են Թուրքիայէն քաշուիլ Լիպիոյ տարածքէն, «սակայն Թուրքիան կը մնայ որպէս բռնագրաւող ուժ» շարունակած է Շլոֆ:

Զեկոյցը հրապարակող ամերիկեան կայքին համաձայն, նորութիւնը Լիպիոյ պատերազմներուն մէջ օգտագործուած սարքերուն այն էր, որ անոնք չեն կառավարուիր մարդոց կողմէ, ալ ինքնուրոյն կը գործեն, եւ այդ իսկ պատճառով մահացու կը կոչուին:

Իր կարգին, լիպիացի գիտաշխատող՝ Զահի Ալլաուի ըսած է, թէ ամբողջ աշխարհը տեսաւ, թէ  ինչպէս Թուրքիան «կասկածելի» զէնքեր կը փոխադրէ Լիպիա, խախտելով ՄԱԿ-ի օրէնքները ապօրինի ձեւով զէնքեր մատակարարելու կապակցութեամբ։

Ալլաուի աւելցուցած է, որ մեծ հաւանականութեամբ պատժամիջոցներ  պիտի սահմանուին կարգ մը թրքական ընկերութիւններու  դէմ նմանատիպ զէնքեր մատակարարելու յանցագործութեան  համար։