image
Հրատապ լուրեր:

Դեղորայք, վառելանիւթ եւ հիմա ալ ալիւ՞ւր.Լիբանանի տագնապը դէպի ո՞ւր

Դեղորայք,  վառելանիւթ եւ  հիմա  ալ ալիւ՞ւր.Լիբանանի տագնապը դէպի ո՞ւր

Լիբանանի տնտեսական տագնապը հետզհետէ կ'աճի ու կը բարդանայ: Սնունդ գտնելը արդէն դարձած է անհնար, եւ  տագնապը հասած է մանուկներուն ու անոնց հիմնական սնունդին՝ կաթին, նաեւ առողջապահական հարցերը կը ճնշեն կառավարութիւնը, դեղերու անգտանելիութիւնը կը սպառնայ բժշկական ծառայութիւնները, ի մասնաւորի՝ երիկամները լուալու գործողութիւնը: Այս հարցերուն   մասին մանրամասն  գրած է «Ալ Շարք Ալ Աուսաթ»  պարբերականը:

Աղբիւրը նշած է, թէ մօտ երեք ամիս է ի վեր, Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատունը չէ վճարած պետական նեցուկով ներմուծուած սնունդի ու բժշկական պարագաներու գումարները, ինչ որ կուտակած է 100 միլիոն տոլարի պարտք մը:

Աղբիւրը շեշտած է, թէ Լիբանանի Դրամատունը   պարտաւոր է տարադրամ ապահովել հիմնական նիւթերու ներմուծման համար, ինչպէս՝ վառելանիւթ, ալիւր, դեղորայք եւ մանուկներու կաթ, նաեւ այլ պետական նեցուկով նիւթեր, որոնք կրճատուած են անցեալ քանի մը շաբաթներու ընթացքին:

Իրենց  հերթին, հիւանդանոցներն ու դեղարանները վերջերս ահազանգած են թէ սպառած է դեղորայքի պահեստը: Իսկ ինչ կը վերաբերի երիկամները լուալու գործընթացին, հիւանդանոցները զգուշացուցած են, թէ յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ  այդ  գործընթացները  կրնան դադրիլ, եթէ արագօրէն չապահովուին պէտք եղած բժշկական պարագաները: Սեփական հիւանդանոցներու սենտիքան յայտարարութիւն տարածած է, ուր մասնաւորապէս  կը նշուի, թէ«Հիւանդանոցները կը տառապին բժշկական նիւթերու անգոյութենէն պէտք եղած հետազօտութիւնները նաեւ ախտորոշումները կատարելու համար, ինչ որ յանգեցուցած է դադրեցնելու այդ ծառայութիւնը, անոնք նոյնպէս ստիպուած են կրճատել ընդունուած հիւանդներու թիւը»: Սենտիքան շարունակած է, թէ դեղորայքի անգտանելիութեան պատճառը տարաձայնութիւնն է Կեդրոնական Դրամատան եւ նիւթերը ներմուծողներուն միջեւ,  որովհետեւ կառավարութիւնը միայն 85 տոկոսով կը նպաստէ ներմուծման: Հետեւաբար նոյնիսկ եթէ այդ նիւթերը ներմուծուին եւ ապահովուին, պիտի   դառնան  շատ թանկ եւ անապահով  խաւերուն համար անահասանելի։

Իսկ ինչ կը վերաբերի մանուկներու կաթին, կը խօսուի թէ ան կ'արժէ 200 հազար լիբանանեան լիրայէն աւելի (Սեւ շուկայի տարադրամի արժէքով՝ մօտաւոր 14 տոլար):

Ի դէպ, հարցը նոյնն է նաեւ վառելանիւթի կապակցութեամբ: Ի տես վառելանիւթի համար ստեղծուած հերթերուն,  ներմուծողները առաջարկած են վաճառել զայն տարադրամի սեւ շուկայի արժոյթի համապատասխան, երկու ընտրանք ձգելով քաղաքացիին առջեւ, կամ ազատ շուկայէն գնել, կամ պետական ֆինանսական նեցուկով վաճառուող վառելանիւթ գնել ու հերթի սպասել:

Աղբիւրին համաձայն, դեղորայքի ու վառելանիւթի հարցերը դեռ չլուծուած, ալիւրի տագնապի մասին կը խօսուի, հակառակ որ Տնտեսութեան նախարարութիւնը հերքած է, թէ ալիւրի հարց կը ստեղծուի, ան վստահեցուցած է թէ հացը հասանելի է բոլորին անխտիր: