image

Հարուածներ Դամասկոսի ուղղութեամբ. Սուրիական ՀՕՊ-երը գործի դրուած են

Հարուածներ Դամասկոսի ուղղութեամբ. Սուրիական ՀՕՊ-երը գործի դրուած են

 Քիչ առաջ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի կարգ մը հատուածներ թիրախ դարձած են իսրայէլեան օդուժի հարուածներուն։

 

 Այս մասին իմացանք «Էլ Նաշրա» կայքէն։

 

 Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ հարուածները եղած են Լիբանանեան սահմանի կողմերէն։

 

 Տուժածներու կամ զոհերու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր, ու նշուած է, որ Սուրիոյ բանակի օդային պաշտպանութեան համակարգերը աշխատած եւ համարժէք հակահարուած տուած են Իսրայէլի թշնամական հարուածներուն։