image

Իսրայէլեան հարուած Լաթաքիոյ ուղղութեամբ. Կան կորուստներ եւ մեծ վնասներ

Իսրայէլեան հարուած  Լաթաքիոյ  ուղղութեամբ. Կան կորուստներ եւ մեծ  վնասներ

Իսրայէլը հրթիռային հարուած հասցուցած է սուրիական Լաթաքիոյ շրջանի հարաւ-արեւմուտքի ուղղութեամբ՝ ծովեզերեայ շրջանի որոշ կէտերուն:

Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Իխպարիա» հեռուստաալիքը,  նշելով որ յարձակման պատճառով գրանցուած է մէկ զոհ եւ վեց վիրաւոր, որոնց շարքին՝ երեխայ մը՝ մօր հետ:

Աղբիւրի տուեալներով՝ հարուածը հասցուած է Լաթաքիոյ շրջանին մէջ գտնուող կերպընկալէ (բլասթիք) իրերու պահեստներէն մէկուն, պատճառելով   նիւթական  մեծ  վնասներ:

 Իր կարգին Սուրիոյ պետական SANA գործակալութիւնն ալ յայտնած է, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) ստորաբաժանումները կրցած են հակազդել եւ վար առնել Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի ուղղութեամբ արձակուած իսրայէլական հրթիռներու մէկ մասը: