image

Եթովպիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ. ջուրի պատերա՞զմ. Կամ իրականութիւն կը դառնան Ֆարաժ ֆոտայի կանխագուշագումները

Եթովպիոյ եւ Եգիպտոսի  միջեւ. ջուրի պատերա՞զմ. Կամ իրականութիւն կը   դառնան  Ֆարաժ ֆոտայի կանխագուշագումները

Ինչ որ տեղի կ'ունենայ ներկայիս Եգիպտոսի մէջ,  անոր անդրադարձած է եգիպտացի մտաւորական Ֆարաժ Ֆոտա ասկէ 30 տարի առաջ։

Այս մասին յայտնած է անոր դուստրը՝ Սամար Ֆոտան, «Ալ Արապիա» կայքին տուած հարցազրոյցի ընթացքին: Ան ըսած է թէ հայրը այն ատեն իսկ գուշակած էր, թէ ջուրի համար պատերազմ պիտի ծագի Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ միջեւ։

30 տարի առաջ, «Օքթոպր» պարբերականին մէջ Ֆոտա գրած էր, թէ պիտի գայ այն օրը, որ Նեղոս գետի տագնապը պիտի յանգի զինեալ բախումի, որովհետեւ Եգիպտոսի ջուրի բաժինը պիտի  ենթարկուի վտանգի, այլ երկիրներու  կողմէ  ամբարտակներու  կառուցման  պատճառաւ: Ֆոտա իր յօդուածով ներկայացուցած էր կարգ մը ջրային հարցեր եւ ի վերջոյ առաջարկած, որ Եգիպտոս ընդլայնուած  եւ նոր ցանուած հողեր ստանալու համար, պէտք է որդեգրէ  ոռոգման արդիական ձեւեր, բան մը որ այսօր  իսկ գործի կը դրուի։

Ֆոտա ըսած է, թէ Սուտանի հետ միացող Ճոնկլի ջրանցքի ամբողջացումով է, որ ջուրի հարցը կրնայ լուծուիլ, որովհետեւ կ'ապահովուի 9 միլիառ խորանարդ ջուր երկու երկիրներուն:

Ֆոտայի դուստրը հարցազրոյցի ընթացքին նաեւ  ըսած է, թէ մտադիր է հաւաքել իր հօր բոլոր յօդուածները ու հրատարակել ամբողջական գրքոյքով մը «Պատմեց Ֆոտան» խորագրով, որպէսզի նոր սերունդն ալ դասեր քաղէ:

Ֆոտա  նաեւ  գուշակած էր, Իրաք-Իրան պատերազմը, ան նոյնիսկ գուշակած էր Իրաքի նախագահ՝ Սատտամ Հիւսէյնի  մահը, ըսելով թէ իր ձեռքով իր գերեզմանը փորեց երբ ներխուժեց Քուէյթ: Ֆոտա գուշակած էր թէ Իրան արաբական ու իսլամական աշխարհին մէջ որոշ պառակտումնր պիտի առաջացնէ օգտագործելով կրօնական քարտը:

Ֆոտա աւելի քան 30 տարի առաջ  գուշակած էր Իրանի   մէջ Իսլամական յեղափոխութենէն ու նաեւ շիիթ  գործօնի  ուժեղացումէն։

Ֆոտա հեղինակն է բազմաթիւ գրքերու: Ան ծնած է 1945-ին Եգիպտոսի Տմիաթ նահանգի Զարքա գիւղաքաղաքը: Ձեռք բերած է դոկտորի տիտղոս գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ: Եղած է Իրաքի մէջ Պաղտատ համալսարանի դասախօս ապա հիմնած է իր սեփական խորհրդատուական ընկերութիւնը: Ան սպաննուած է 1992-ին: