image

Էրտողան «կը ստուգէ» Պայտընի վարչակարգի մարդկային իրաւունքներու «բազկերակը»

Էրտողան  «կը ստուգէ» Պայտընի վարչակարգի մարդկային իրաւունքներու «բազկերակը»

National Interest թերթէն կը կարդանք, թէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ՝ Ճօ Պայտընի ժողովրդավարութեան ուղղուած պարտաւորութիւնները կրնան խարխլուիլ, եթէ վերջինս Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանին թոյլ տայ շարունակելու քրտամէտ ընդդիմութեան դէմ ճնշումները, այսպէս գրած է Մեկըն Պոտեթ իր յօդուածով:

 

Խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ քիւրտերու իրաւունքներու քարոզչութեան համար քաղաքական ճնշումներու ենթարկելով քրտամէտ ընդդիմութեան երկու ներկայացուցիչներուն՝ Էրդողան կը ստուգէ Պայտընի նոր վարչակազմի հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական արժէքներուն եւ միջազգային նորմերուն: Առայժմ Պայտըն ձախողած է իր քննութիւնը, գրած է յօդուածագիրը։

 

Պոտեթի խօսքով՝ Պայտըն մինչեւ հիմա չէ մեկնաբանած քաղաքական բանտարկեալներ՝ Սալահ ալ տին Տեմիրթաշի եւ Լեյլա Կիւվենի գործերը։

 

 

Յօդուածագիրը, մեջբերելով ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական՝ Ճէյք Սալիվընի թուիթըրեան գրառումը, ուր ըսուած է, որ «Պայտըն-Հարիս վարչակազմը կը դիմակայէ մարդու իրաւունքներու խախտումները, ուր ալ որ անոնք տեղի ունենան», Պոտեթ աւեցուցած է, որ ըստ երեւոյթին անոնք կը նախընտրեն լռել Էրտողանի քրտական ճնշումներուն մասին։

 

Պոտեթ ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ այն հանգամանքին վրայ, որ Ճէյք Սալիվըն յիշեալ խօսքով մտահոգութիւն յայտնած է սէուտցի կանանց իրաւունքներու պաշտպան եւ ուկանտացի մարդու իրաւունքներու փաստաբանի ձերբակալութիւններու կապակցութեամբ՝ աչք փակելով Տեմիրթաշի եւ Կիւվենի վերջին ձերբակալութիւններուն վրայ:

 

Պայտըն պէտք է յետհայեացք նետէ իր նախընտրական կարգախօսին, որ կ'ըսէր՝ իւրաքանչիւր ձայն նշանակութիւն ունի։ Էրտողան մերժած է Թուրքիոյ մէջ միլիոնաւոր քիւրտ քաղաքացիներու ձայները, գրած է յօդուածագիրը։

 

«Աշխարհի մէջ ոչ մէկ այլ երկիր իր խորհրդարանի օրինական ընտրուած անդամները, ինչպիսին Թուրքիան է, բանտերուն մէջ  կը պահէ»,- աւելցուցած է յօդուածագիրը՝ ընդգծելով, որ ամերիկեան քաղաքական գործիչները պէտք է ազդանշան տան, որ նման վարքագիծ ընդունելի է։

 

Նիւթը՝ tert.am-էն