image

Եղածը ռազմավարական աղէտ է Իրանի համար. EurActive

Եղածը ռազմավարական աղէտ է Իրանի համար. EurActive

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ռազմավարական աղէտ դարձած է Իրանի համար: Քանի որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնուած հրադադարի պայմանները լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն Իրանի երկարաժամկէտ ռազմավարական շահերուն համար: Ասոր հետեւանքները կրնան ազդել իրանցիներու կողմէ իրենց ռեժիմի ընկալման, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ու Սուրիայի նկատմամբ Իրանի քաղաքականութեան փոփոխութեան վրայ, EurActive-ի իր յօդուածով գրած է Տնեանէշ Քամաթը:

«Այժմ Ատրպէյճան ամբողջութեամբ կը վերահսկէ իր սահմանը Իրանի հետ Արաքս գետի երկայնքով: Չնայած որ այդ կարող է Պաքուի համար տօնակատարութեան առիթ հանդիսանալ, Թեհրանը մտահոգուած է անով: Անիկա պայմանաւորուած է այն բանով, որ Իրանի հետ Ատրպէյճանի սահմանի ընդլայնումը Իսրայէլին հնարաւորութիւն կու տայ մուտք ունենալ դէպի աւելի մեծ տարածք, ուրկէ հնարաւոր կ'ըլլայ վերահսկել Իրանը: Չնայած Պաքուի հերքումներուն, գաղտնիք չէ, որ Իսրայէլը ու Ատրպէյճանը աշխուժօրէն կը համագործակցին հետախուզական, ուժանիւթի եւ ռազմական հարցերով:

Ատրպէյճան իսրայէլական զէնքի ամենամեծ գնորդներէն մէկն է: Պատերազմին իսրայէլական «քամիքաձե» անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումը կարեւոր դեր խաղցած է, չնայած թրքական Bayraktar TB2 անօդաչու թռչող սարքերը ճանաչուած են որպէս այս պատերազմի իրական շրջադարձային պահը: Բացի այդ, երկու երկիրներն ալ հետախուզական խոր կապեր կը պահպանեն: Եւ եթէ Թել Աւիւը օդային հարուածներ հասցնէ իրանական միջուկային կառոյցներուն, ապա Ատրպէյճանը, ամենայն հաւանականութեամբ, կենսական դեր կը խաղայ, որպէս վառելիքի լիցքաւորման կանգառ, կամ որպէս մեկնարկային հրապարակ։

Պատերազմին մէկ այլ հետեւանք է Հայաստանի տարածքով տարանցիկ միջանցքի ստեղծումը, որ կը կապէ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հետ: Այս միջանցքը, ուր պիտի գտնուին ռուսական զօրքերը, հաւանաբար զուգահեռ կ'ըլլայ Իրանի հետ Հայաստանի սահմանին: Այս արդէն մտահոգութիւններ առաջացուցած է Թեհրանին, քանի որ այն կարող է փաստացի դադարեցնել Իրանի մուտքը Հայաստան եւ հետագային դէպի Եւրոպա՝ Վրաստանի տարածքով: Միջազգային պատժամիջոցներէն արդէն տառապող երկրի մը համար շատ կարեւոր է մուտք ունենալ դէպի բարեկամական հարեւան երկիրներ:

Այս առիթով խուճապի հետ կապուած՝ Իրանի փոխ արտաքին գործոց նախարար՝ Ապպաս Արակչին ստիպուած էր ուղղակիօրէն յայտարարել, որ փոխադրական միջանցքը չի սպառնար Իրանի մուտքին Հայաստան: Յատկանշական է, որ շուտով Իրանի արտաքին գործոց նախարար՝ Ճաւատ Զարիֆը կը մեկնի Մոսկուա եւ Պաքու՝ այս հարցը աւելի մանրամասն քննարկելու համար: Աւելի կարեւոր է, սակայն, նշել, որ մայրաքաղաքը Անգարան, որ ան պիտի չայցելէ, հակամարտութեան մէկ այլ կարեւոր յաղթողն է: Թուրքիան կը պահպանէ իր զօրքերը Ատրպէյճանի մէջ եւ այժմ անմիջական ելք կ'ունենայ դէպի Կասպից ծով առաջարկուող Նախիջեւան-Ատրպէյճան միջանցքով: Այժմ ան կարող է ուղղակիօրէն ազդել նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ վրայ, զոր Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան նուիրական երազանքն է:

Թեհրանը նաեւ ուշադրութիւն դարձուցած է Ռուսաստանի դժկամութեան վրայ, իր դաշնակից Հայաստանին բազմակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցով: Պարզ  դարձած է, որ Ռուսաստան հաճոյքով կը զոհէ իր դաշնակիցը, եթէ ան չափազանց ջղայնացնէ: Այս հակամարտութեան մէջ Մոսկուան աւելի շատ հաւատարիմ էր Երեւանի հետ իր դաշինքի տարրին, քան ոգիին, յայտարարելով, որ անվտանգութեան ոլորտով իր պարտաւորութիւնները կը տարածուին միայն Հայաստանի վրայ: Մոսկուան թոյլ տուաւ Ատրպէյճանին վերադարձնել կորսնցուցած բոլոր տարածքները՝ թոյլ տալով Հայաստանին պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքի շրջակայքի տարածքները: Մոսկուան պահպանեց իր ազդեցութիւնը տարածաշրջանէն ներս, խաղաղապահ ուժեր տեղակայելով Ղարաբաղ եւ Նախիջիջեւան-Ատրպէյճան առաջարկուող միջանցքի երկայնքով:

Մոսկուայի մէջ նաեւ ուրախ կ'ըլլան տեսնելով վարչապետ Փաշինեանի հեռանալը, որու քաղաքական կեանքը, կարծես, աւարտած է: Այն, կարծես, կ'առաջնորդուի նաեւ իր աւելի լայն նպատակով՝ թոյլ չտալ Թուրքիոյ իր արեւմտեան ուղեծիրէն դուրս մնալու: Թեհրանի խորաթափանց քաղաքական գործիչները, հաւանաբար, ասկէ ճիշդ եզրակացութիւններ կ'ընեն, յատկապէս այն առումով, թէ ինչ կարող է այս նախանշել Սուրիոյ Իրանի դաշնակից Պաշար ալ-Ասատի համար: Տեսնելով այն մղումները, որով Ռուսաստանը եւ Թուրքիան պատրաստ էին համաձայնութեան գալու իրար հետ, Թեհրան, ամենայն հաւանականութեամբ, Ասատի ռեժիմին կը հրահրէ դադարեցնել պատերազմը:

Այն ներքին հիմնական ազդեցութիւնը, որ հակամարտութիւնը կ'ունենայ Իրանի ներքին քաղաքականութեան վրայ, հաւանաբար հոգեբանական կ'ըլլայ: Այս եւս մէկ հարուած է Իրանի, որպէս տարածաշրջանային գերիշխող հանգամանք: Իրականութեան մէջ, այն փաստը, որ Թեհրանը հակամարտութեան կողմնակի դիտորդ էր եւ անոր վրայ ազդելու հնարաւորութիւն չունէր, կը վերածնէ յիշողութիւններ 19-րդ դարու ռուս-պարսկական երկու պատերազմներու մասին, որոնց հետեւանքով Պարսկաստանը ստիպուած էր զիջիլ ամբողջ Հարաւային Կովկասի վերահսկողութիւնը:

Այս ցոյց կու տայ իրանցի ժողովուրդին, որ Իրանը այլեւս չունի տնտեսական հզօրութիւն, արդիւնաբերական կատարելութիւն կամ գրաւիչ քաղաքական կերպար, որպէսզի ազդէ տարածաշրջանի մը վրայ, որ հարիւրամեակներ եղած է պարսկական ազդեցութեան տակ, կ'ուզէի ըսել հազարամեակներ՝ Աքեմենեան կայսրութենէն ի վեր:

Ընդհանրապէս, այս Իրանի մէջ 1979-էն ի վեր իշխող ռեժիմի օրինականութեան եւս մէկ խախտում է»: