image

«Թուրքիան բոլոր «կարմիր գիծեր»ը հատեց» Ֆրանսան խիստ վրդոված է Թուրքիոյ կեցուածքէն

«Թուրքիան բոլոր «կարմիր գիծեր»ը հատեց» Ֆրանսան խիստ վրդոված է Թուրքիոյ կեցուածքէն

 Եգիպտական Adarpress.net.ը կը գրէ.

Չորեքշաբթի, 7 Հոկտեմբերին, Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարար՝ Ժան Իվ Լոտրիան իր երկրի մտահոգութիւնները յայտնելով Ղարաբաղեան հակամարտութեան «միջազգայնացման» վերաբերեալ, հաստատեց, որ Թուրքիան Ատրպէյճանի աջակցելով, կը միջամտէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանի հակամարտութեան:

Լոտրիան հանդէս գալով Ազգային Ժողովի Արտաքին Յարաբերութիւններու յանձնաժողվի նիստին եւ անդրադառնալով Ղարաբաղեան տարածաշրջանի ճգնաժամին, յայանտած է, թէ «նորութիւնը Թուրքիոյ ռազմական միջամտութեան առկայութիւնն է, որ կրնայ հակամարտութեան թեժացնան ու միջազգայնացման տանիլ»:

Արտաքին Գործերու Նախարարը նշած է նաեւ, որ Հինգշաբթի օր Ժնեւի մէջ բանակացութիւններ տեղի պիտի ունենան, իսկ Երկուշաբթի օր՝ Մոսկուայի մէջ, փորձելով պատերազմող կողմերը համոզել համաձայնութեան գալ եւ բանակցութիւններ կատարել հրադադարի համար:

Լոտրիան Ազգային Ժողովի Արտաքին Գործերու Յանձնաժողովին յայտնած է, թէ Ֆրանսան, Ռուսաստանը եւ Միացեալ Նահանգները այս բանակցութիւնները պիտի կատարեն, որպէսզի բանակցութիւններ սկսին առանց նախապայմաններու:

Անգարան կը մեղադրուի այն բանին մէջ, թէ Սուրիայէն զինեալներ փոխադրած է Ատրպէյճան, որպէս աջակցութիւն ատրպէյճանական բանակին: Ֆրանսայի Նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոն այդ զինեալները «ճիհատիստներ» որակած է, շեշտելով, որ Թուրքիան «կարմիր գիծը» անցած է: