image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ հացի փուռերը դէպի գործադո՞ւլ

Լիբանանի մէջ հացի փուռերը  դէպի գործադո՞ւլ

 Լիբանանի հաց արտադրող փուռերու սենտիքայի նախագահ Ալի Պրահիմ, որ այսօր խօսած է լրատուամիջոցներուն ըսած է, որ յառաջիկայ օրերուն, եթէ տնտեսութեան նախարարութիւնը վերատեսութեան չենթարկէ փուռերուն դէմ հրապարակուած տուգանքներու խնդիրը, ապա իրենք մտադիր են գործադուլ յայտարարել։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Ալ Ժումհուրիյա» պարբերականէն։

 Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ գործադուլի ժամկէտին մասին մինչեւ այս պահը յստակ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր, նշելով նաեւ, որ փուռերու սենտիքայի նախագահը կապի մէջ է հրաժարեալ կառավարութեան տնտեսութեան նախարար Ռաուլ Նահմէին հետ, եւ այս առումով յառաջիկայ ժամերը պիտի ըլլան ճակատագրական գործադուլը յայտարարելու վերաբերեալ։

 

 Յիշեցնենք, որ երկրի տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ կարգ մը փուռերու դէմ հրապարակուած պատիժ-տուգանքները կապ ունին այդ փուռերուն հացի տրցակներու կշիռքը անօրէն կերպով փոխելուն հետ. Իսկ այս օրերուն խնդրին արծարծուիլը տեղի կ՚ունենայ այն պատճառով, որ տնտեսութեան նախարարութեան պատասխանատուներ աւելի վաղ յայտարարած էին, որ իրենք նպատակ ունին ներում շնորհել այն փուռերուն, որոնք բացայայտ օրինախախտումներ կատարած են։