image

Լիբանան.Մահացած է քրիստոնէական դիմադրութեան խորհրդանիշ ՝Ժոսլին Խուայրին

Լիբանան.Մահացած է քրիստոնէական դիմադրութեան խորհրդանիշ ՝Ժոսլին Խուայրին

Օրերս իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի  մասնակից եւ առաջին քրիստոնեայ կին մարտիկ՝ Ժոսլին Խուայրին (65 տարեկան)։

Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Նահար» պարբերականը, նշելով, որ երկար ժամանակէ ի վեր ծանր հիւանդութեան դէմ  պայքարած  Խուայրին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի երկար տարիներուն յայտնի եղած է որպէս «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան ամենաճանչցուած կինը, ան յայտնի դարձած էր որպէս առաջին կինը, որ զէնք շալկած եւ կռուած է Պէյրութի կեդրոնական ճակատին վրայ: Ան եղած է Փաղանգաւորներու կիներու յատուկ ջոկատի հրամանատարը:

Ժոսլին իր ճարտար պատերազմողի եւ առաքինի մարտիկի յատկանիշներով դարձած էր Լիբանանի մէջ պաղեստինեան ռազմական ներկայութեան դէմ անդուլ պայքար տարած քրիստոնէական դիմադրութեան խորհրդանիշներէն մին։

Ժոսլինը մահուան բօթը գուժած է նաեւ Լիբանանի «Փաղանգաւոր» կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ալ-Ժըմայէլը, թուիթըրեան իր էջին գրելով. «Պիտի չսգամ մահդ, որովհետեւ հերոսներուն համար արցունք չեն թափեր, այլ դափնիներ կը բարձրացնեն: Ինչպէս որ պայքարող էիր կեանքիդ մէջ, նոյնպէս ալ հպարտութեամբ հեռացար, սրտիդ մէջ կրելով խրորխտ հայրենիքը, որուն համար պատրաստ էիր նահատակուիլ ...»