image

Սուրիական բանակը կը ռմբակոծէ Իտլիպի հարաւային շրջանները

Սուրիական բանակը կը ռմբակոծէ Իտլիպի հարաւային շրջանները

Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Սուրիոյ ազգային բանակը սկսած է ռմբակոծել Իտլիպի գիւղական շրջաններու հարաւային մասերը:

Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնեց «Ալ-մարսատ Ալ-սուրի»ի կայքը, նշելով, որ վերջին շաբաթներուն առաջին անգամն է, որ սուրիական բանակը ուժեղ հրթիռարձակումներ կը կատարէ այդ շրջաններուն ուղղութեամբ:

Նշենք, որ Իտլիպը կը շարունակէ մնալ Սուրիոյ պատերազմին մասնակցած ահաբեկիչներուն ամէնէն մեծ կեդրոններէն մէկը եւ տարբեր առիթներով Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւներ տեղեկութիւններ հրապարակած էին, որ Իտլիպը անպայման պիտի ազատագրուի եւ միանայ սուրիական հայրենիքին: