image

Սուրիոյ իշխանութեան դէմ ամերիկեան պայքարը կը շարունակուի. Պատժական ցուցակին վրայ աւելցուած է 18-ամեայ Հաֆէզ Ասատի անունը

Սուրիոյ իշխանութեան դէմ  ամերիկեան պայքարը կը շարունակուի. Պատժական ցուցակին  վրայ աւելցուած է 18-ամեայ Հաֆէզ   Ասատի  անունը

Սուրիոյ նախագահ՝ Պաշշար Ասատին  18- ամեայ աւագ որդին՝ Հաֆէզը  ներառուեցաւ Միացեալ Նահանգներու սեւ ցուցակին մէջ: Այս մասին յայտնեց Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարար՝ Մայք Փոմփէօ։Ան շարունակեց, թէ Սուրիական Բանակէն ջոկատ մը եւ այլ կազմակերպութիւններ նաեւ ներառուած են այդ ցուցակին մէջ, Սուրիոյ դէմ  ամերիկեան պատժամիջոցներու շարքին մաս կազմող  իբրեւ նոր կիրառում:

Այս պատժական տնօրինումները ներգրաւած են 14 կազմակերպութիւն եւ անձնաւորութիւն: 

 Յիշեցնենք թէ Միացեալ Նահանգներու  սահմանած «Կայսեր օրէնք»-ը ուժի մէջ մտած է Յունիսի կիսուն, ան կը միտի ըստ Միացեալ նահանգներուն, տապալել Ասատի վարչակազմի աղբիւրները եւ արգելք հանդիսանալ  անոր դաշնակից երկիրներու աջակցութեան:

Ամերիկեան բարձրաստիճան աղբիւր մը նշած է թէ «Միացեալ Նահանգները պատիժներ պիտի տնօրինէ որեւէ մէկու կամ մարմնի նկատմամբ, որոնք Սուրիոյ վարչակազմին հետ կ'աշխատակցին: Նոյնիսկ պիտի պատժէ սուրիական կազմակերպութիւններ, որոնք կառավարութեան կ'աջակցին, մինչեւ որ դադրին անոնք խոչընդոտելէ դիւանգիտական բանակցութիւնները»: Ապա աւելցուցած, թէ «Թրամփի վարչակազմը կը հաստատէ, թէ ընկերութիւններ ու գործարարներ ներդրումներ կը կատարեն Դամասկոսի մէջ, տեղահանուած ժողովուրդի հողին վրայ»:

Ըստ ամերիկեան աղբիւրին, Միացեալ Նահանգները «Կայսեր օրէնքի» համաձայն պատիժներ տնօրինած է 9 մարմիններու եւ մէկ անձնաւորութեան վրայ, որովհետեւ ֆինանսաւորած են Ասատին կազմակերպած, Ամերիկայի խօսքով, «վախի արշաւ»ը:

Աղբիւրը մատնանշած է, թէ Ամերիկան զգուշացուցած է Մերձաւոր Արեւելքի   ներդրողները, որ պիտի սկսի գործել իր «Կայսեր օրէնք»ով, կանխելու համար որեւէ ներդրում  ի շահ Սուրիական կառավարութեան: