image

«Այսօր Թուրքիոյ մէջ ուժեղագոյն մարդը ՝էրտողանը չէ, այլ Պահչէլին է».Ահմէտ Տաւութօղլու

«Այսօր Թուրքիոյ մէջ ուժեղագոյն մարդը ՝էրտողանը չէ,  այլ  Պահչէլին է».Ահմէտ Տաւութօղլու

«Նախագահական վարչակարգը, որուն կը ձգտէր եւ որ իրագործեց Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողանը, ժողովրդավարութեան  համար մեծ   ծուղակ էր»,- օրերս  նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է   Էրտողանի  նախկին  գործընկեր  եւ վերջերս հիմնադրուած   «Ապագայ» կուսակցութեան նախագահ, Ահմէտ Տաւութօղլուն:

 Ըստ Տաւութօղլուի  այսօրուան կտրուածքով    «Ազգային Շարժում» կուսակցութեան նախագահ՝ Տէվլէթ Պահչէլին այսօր   աւելի      ուժեղ   քան Էրտողանը, եւ եթէ      կամենայ  ան կրնայ երկիրը առաջնորդել   վաղահաս ընտրութիւններու։

Տաւութօղլու  նաեւ բացայայտած է, որ  իր առաջնորդած կուսակցութեան փոխ նախագահը՝ Սալիմ Թմուրճի,  օրերս ոստիկանութիւն  կանչուած էր հարցաքննութեան, որովհետեւ քննադատած էր «Կարապներու խմբակցութիւն» կոչուող խմբակը, որ ներկայիս դարձած է  Թուրքիոյ մէջ գործող «ուժեղագոյն  ձեռք»ը։

 Ան ըսած է, որ «Պալքաններու խմբակցութիւնը» կամ նոյն ինքը «Կարապներու խմբակցութիւնը» յայտնի դարձած է երկրին մէջ իր գործունէութեամբ, նոյնիսկ նախարարներ սկսած են անդրադառնալ անոր մասին իրենց յայտարարութիւններուն մէջ:

«Կարապներու խմբակցութիւնը» համակարգիչի ճարտարագէտներէ բաղկացած ելեկտրոնային բանակ մըն է, որու պարտականութիւնն է, վարկաբեկել թուրք ընդդիմադիրները,  աղաւաղելով անոնց անունն ու կերպարը, խռովելու հանրային կարծիքը եւ փոխարէնը  ՝ բարձրացնել Նախագահ Էրտողանի անունը եւ գովաբանել անոր նուաճումներն ու սխրանքները: Այս բոլորը ընտրական քարոզարշաւի բնոյթով  ի շահ Էրտողանին:

«Ապագայ»ի կուսակցապետը  նաեւ ըսած է, «Ես զգուշացուցի Թմուրճին, ան նախագահի մտերիմներէն էր, 15 Յուլիսի յեղաշրջման փորձի  հերոսներէն: Ան հարցաքննուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ, որովհետեւ ընդդիմախօսած էր այս «Կարապներ»ու խումբը: Ըստ երեւոյթին անոր  գլխաւոր  մեղքը,   այդ խմբակցութիւնը  քննադատելը եղած է»։