image

Սուրիացի պատանիին դէմ եղած բռնութիւնները մեծ աղմուկ հանած են Լիբանանի մէջ

Սուրիացի պատանիին   դէմ  եղած  բռնութիւնները մեծ  աղմուկ  հանած են Լիբանանի մէջ

Օրերս համացանցի միջոցով տարածուած են երեք լիբանանցի երիտասարդներու նկարներ, որոնք բռնաբարած են 13-ամեայ սուրիացի պատանի  մը՝ Մոհամմէտ Հ.:

 Պատանին իր եւ իր մօր ապրուստը ապահովելու համար կ'աշխատէր Լիբանանի Պեքաա շրջանի Սըհմոր գիւղին մէջ գտնուող ձէթի  գործարանի մը մէջ։

Բռնութեան  եւ  բռնաբարման դէպքը եղած է երկու տարի առաջ եւ հարցը հանրայնացուած է այն ժամանակ, երբ ոճիրին մասնակիցներէն մին հրապարակած է իր հեռախօսով առնուած սահմռկեցուցիչ տեսարանները։

Իր կարգին Լիբանանի Ներքին Անվտանգութեան Ուժերու մամուլի կեդրոնը այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ըսելով, որ տարածուած տեսաերիզը, ուր երեք երիտասարդներ բռնութիւն կը կիրառեն պատանիի մը նկատմամբ, մեծ զայրոյթ յառաջացուցած է հասարակութեան մէջ: Տեսաերիզին մէջ յայտնի չէ եղած պատանիին ինքնութիւնը: Փնտռտուքներէ ու հետախուզութիւններէ ետք ոստիկանութիւնը կրցած է ճանչնալ զոհը, որ ի յայտ եկած է թէ 2007-ի ծնունդ սուրիացի պատանի մըն է:  

Զահլէի ոստիկանական բաժանմունքին մէջ, ընկերային գործիչի ներկայութեամբ, պատանին վկայութիւն տուած է, ան պատմած է թէ երկու տարի առաջ, երբ կ'աշխատէր ձիթապտուղ քամելու գործարանին մէջ, ենթարկուած է բռնաբարութեան, 8 լիբանանցիներու կողմէ: Մօրը արտօնութեամբ՝ պատանին ներկայացուած է բժշկական քննութեան: Ոստիկանութիւնը կրցած է ձերբակալել կասկածեալներէն  մին, իսկ միւսներուն նկատմամբ քրէական գործ յարուցուած է:

Իսկ ինչ կը վերաբերի պատանիին մօր, ան Լիբանանի քաղաքացի է, ամուսնալուծուած է սուրիացի ամուսինէն եւ այժմ նպառավաճարի խանութ կը վարէ: Ըստ համացանցերու մէջ տարածուած լուրերուն, ան ոչինչ արտայայտած է, բացի որ իր զաւակը պարբերաբար ենթարկուած է  սեռական բռնութիւններու ինչպէս  նաեւ հոգեկան տանջանքներու