image
Հրատապ լուրեր:

Պրազիլիոյ նախագահ՝ Ժաիր Պոլսոնարոն վարակակիր

Պրազիլիոյ նախագահ՝ Ժաիր Պոլսոնարոն վարակակիր

Պրազիլիոյ նախագահ Ժաիր Պոլսոնարոն վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: COVID-19-ի քննութեան նպատասխանը դրական եղած է, կը յայտնէ APը:

Պոլսոնարոն հաստատած է քննութեան արդիւնքները։ «Ես լաւ եմ։ Նոյնիսկ կ'ուզեմ զբօսնել այստեղ, բայց չեմ կրնար բժիշկներու խորհուրդներուն պատճառով»,- ըսած է Պոլսոնարոն, որ դիմակով եղած է:

Նախագահը յաճախ յայտնուած է հանրութեան մէջ առանց դիմակի, ան սեղմած է աջակիցներու ձեռքերը եւ զրուցած ամբոխի հետ: Ան յայտարարած էր, թէ այն փաստը, որ անցեալին ինքը մարզիկ եղած է, կը պաշտպանէ իրեն ժահրէն, եւ եթէ ինք վարակուի, այն «թեթեւ կրիփ»ի մը ազդեցութիւնը կ'ունենայ իր վրայ:

Ան նաեւ բազմիցս ըսած է, որ չկայ բնակչութեան 70%-ի վարակումը կանխելու միջոց, եւ տեղական իշխանութիւններու սահմանափակող միջոցառումները, ի վերջոյ, աւելի մեծ դժուարութիւններու պիտի յանգեցնեն: