Աշխարհի մէջ «Քովիտ-19» «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը գերազանցած է 10 մլն-ը: Ինչպէս կ'երեւայ worldometers.info կայքի՝ պարբերաբար թարմացուող տուեալներէն, 27 յունիսին արդէն աշխարհի մէջ վարակման յայտնաբերուած դէպքերու թիւը կազմած է 10 004 961:
Վարակման, ինչպէս նաեւ մահացութեան ցուցանիշով առաջատարը աշխարհի մէջ ԱՄՆ-ն է, ուր վերջին օրերուն վարակման դէպքերու աճ կը նկատուի: Ընդհանուր առմամբ, ԱՄՆ-ի մէջ յայտնաբերուած է վարակման 2 581 648 դէպք, որոնցմէ 127 967-ը՝ մահուան ելքով:
Վարակակիրներու թիւով ԱՄՆ-ին կը յաջորդեն Պրազիլը (1 284 214), Ռուսաստանը (627 646), Հնդկաստանը (529 331), Մեծ Բրիտանիան (310 250):
Մահացութեան ցուցանիշով առաջատար երկիրներէն են Պրազիլը, Մեծ Բրիտանիան, Իտալիան, Սպանիան, Ֆրանսան, Մեքսիքան: