image

Լեհաստան. Ընթացք առին նախագահական ընտրութիւնները

Լեհաստան. Ընթացք առին նախագահական ընտրութիւնները

28 Յունիսի առաւօտեան Լեհաստանի մէջ բացուած են ընտրական տեղամասերը, երկրին մէջ նախագահական ընտրութիւններ տեղի կ'ունենան: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը:

Ընտրական տեղամասերը բացուած են տեղի ժամանակով ժամը 07:00-ին (Երեւանի ժամանակով 09:00-ին) եւ պիտի փակուին 21:00-ին (Երեւանի ժամանակով 23:00): Ընտրատեղամասերու փակուելէն ետք պիտի ներկայացուին  exit poll-ի առաջին տուեալները:

Լեհաստանի մէջ նախագահը կ'ընտրուի համընդհանուր գաղտնի քուէարկութեամբ: Լեհաստանի պետական ընտրական յանձնաժողովի տուեալներով ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունի շուրջ 30 միլիոն ընտրող: Ընտրութիւններու կայացման համար բացուած է շուրջ 27 000 ընտրատեղամաս, նաեւ` երկրէն դուրս:

«Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով քուէարկութիւնը խառն ձեւաչափով կ'իրականացուի. ընտրատեղամաս այցելել չուզող ընտրողները կրնան քուէարկել թղթատարի միջոցով:

Լեհաստանի նախագահի պաշտօնին կը յաւակնի 11 թեկնածու, որոնց շարքին երկրի ներկայիս ղեկավար, իշխող «Իրաւունք եւ արդարութիւն» կուսակցութեան թեկնածու Անճէյ Տուտան: