image

ԱՄՆ. տեղի ունեցաւ Ճօրճ Ֆլոյտի հոգեհանգիստը

ԱՄՆ. տեղի ունեցաւ Ճօրճ Ֆլոյտի հոգեհանգիստը

Մինեապոլիս քաղաքի North Central University համալսարանին մէջ մեկնարկած է Ճորճ Ֆլոյտի հոգեհանգիստի արարողութիւնը, որուն կը մասնակցին Մինեսոթան ներկայացնող ծերակուտականներ եւ քոնկրեսականներ, իրաւապաշտպան Մարթին Լիւթըր Քինկ III-ը, որ սեւամորթներու իրաւունքներուն համար պայքարող Լիւթըր Քինկի աւագ որդին է:

Ինչպես կը հաղորդէ CNN-ը, հրաժեշտի արարողութեան ներկայացած է նաեւ Մինեապոլիսի քաղաքապետ Ճեյքոպ Ֆրեյը, որ Ֆլոյտի դագաղին մօտ ծունկի իջած եւ լացած է:

Նշուած է, որ հարիւրաւոր մարդիկ մասնակցած են արարողութեան, իսկ ներկաները աղօթած են Ֆլոյտի հոգիի հանգստութեան համար: