ԱՄՆ Մինեսոթա նահանգի Մինեապոլիս քաղաքի մէջ արդէն երրորդ գիշերն է լարուած իրավիճակ կը տիրէ՝ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան հետեւանքով բռնակծ ցոյցերու պատճառով. ցուցարարները իրենց բողոքը կ'արտայայտեն դիմելով հրկիզումներու, անոնք մասնաւորապէս կը հրկիզեն ոստիկանական բաժանմունքը, կը գրէ The Guardian պարբերականը:
Անկարգութիւնները սկսած են, երբ ոստիկանը դաժանաբար սպաննած է սեւամորթ իրաւախախտ Ճորճ Ֆլոյտը եւ համապատասխան տեսանիւթը տարածուած է համացանցի մէջ: Յայտնի է, որ սպիտակամորթ ոստիկանը, մօտ 9 վայրկեան պառկեցնելով Ֆլոյտը գետնին, ծունկով սեղմած է անոր վիզը եւ ուշադրութիւն չէ դարձուցած տղամարդուն բացականչութիւններուն, երբ ան գոռացած է, որ չի կրնար շնչել:
Այս դէպքէն բարկացած՝ հարիւրաւոր ցուցարարներ քալած են քաղաքի կեդրոնով՝ բացականչելով արդարութեան կոչեր եւ բարձրացնելով պաստառներ, որոնց վրայ գրուած է՝ «Ես չեմ կրնար շնչել»:
Օրը մթնելուն պէս իրավիճակը աւելի սրուած է, ցուցարարները սկսած են հրկիզել շէնքերը: Սակայն ցուցարարներու հիմնական թիրախը եղած է 3-րդ ոստիկանական բաժանմունքը, ուր ներխուժած են երիտասարդները եւ հրկիզած:
Ոստիկանները հետեւած են դէպքերու զարգացման, բայց չեն միջամտած: Ոստիկանները մարած են հրդեհները, բայց չեն մօտեցած ոստիկանական բաժանմունք:
Բողոքողները կը պահանջեն խստագոյնս պատասխանատւութեան ենթարկել մարդասպան ոստիկանը եւ անոր հետ եղած մնացած երեք սպաները, որոնք դէպքի վայր գտնուելով ոչինչ ձեռնարկած են տղամարդուն կեանքը փրկելու համար։