image

Լիբանանի կառավարութիւնը օգնութիւն պիտի տրամադրէ 100 հազար անապահով ընտանիքի

Լիբանանի կառավարութիւնը օգնութիւն պիտի տրամադրէ 100 հազար անապահով ընտանիքի

Լիբանանի կառավարութիւնը հաշուի առնելով «Քորոնա» վարակին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, որոշած է յատուկ ծրագրով մը օժանդակութիւն տրամադրել երկրի անապահով խաւերուն։

Այս մասին լուրը կը հաղորդէ VDL կայանը, նշելով նաեւ, որ կառավարութեան որոշումով նիւթական աջակցութիւն պիտի տրամադրուի 100 հազար ընտանիքի։

Կը նշուի նաեւ, որ տրամադրուելիք օգնութեան մէջ կարեւոր դեր  ստանձնած են երկրի դրամատուները, որոնք շօշափելի աջակցութիւն  պիտի ցուցաբերեն։

Յիշեցնենք, որ նախքան «Քորոնա»ի հետեւանքով ստեղծուած  դրութիւնը,  Լիբանան յայտնուած էր տնտեսական բարդ դրութեան մը մէջ, իսկ Միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ կատարուած վիճակագրութեանց համաձայն երկրին մէջ աղքատութիւնը մեծ աճ գրանցած էր։