image

Եւրոպայէն մերժում... Լիբանանն առանձինն մնացած է իր պայքարին մէջ

Եւրոպայէն մերժում... Լիբանանն  առանձինն  մնացած է իր պայքարին մէջ

Հակառակ  անոր, որ երէկ Պէյրութէն հասած  վերջին լուրերը  հուսադրիչ  էին,  սակայն  բացայայտ  սկսած է դառնալ, որ «Քորոնա» վարակին դէմ  իր  տարած   պայքարին մէջ Լիբանանն  համարեայ  մնացած է առանձին։

Այս թեմային մասին    խօսած է   VDL կայանը, որ նաեւ նկատել տուած է, որ Պէյրութի  պաշտօնական    դիմումները մնացած են  անպատասխան։

Խօսքը  կը վերաբերի մասնաւորապէս    արհեստական շնչառութիւն ապահովող  սարքերուն,   որոնց    կարիքն ու Լիբանանը եւ այդ  առումով ալ դիմած է    եւրոպական կարգ մը  առաջատար  երկիրներու։

Կայանը  նաեւ նշած է, որ երէկ  պարզ  դարձած է, որ ֆրանսան  եւ Գերմանիան   մերժած  են Լիբանանի    խնդրանքները,  նշելով նաեւ, որ այս պահու դրութեամբ  իրենց համար առաջնայինը  եւրոպական  երկիրներու պէտքերու լրացումն ապահովելն է։

Ի դէպ  Լիբանանի  առողջապահութեան նախարարութեան մօտիկ կանգնած  աղբիւրներ    լուրջ մտավախութիւններ  արտայայտած են՝ ըսելով, որ եթէ  «Քորոնա»ի  վարակակիրներու թիւը  շարունակէ   բարձրացում  գրանցել,  ապա  նախարարութիւնը կրնայ բարդ   վիճակներու  մատնուիլ, մանաւանդ, որ երկրին մէջ շնչառական սարքերու սուր  պակաս սկսած է երեւիլ։

Նշենք, որ վերջին տուեալներուն համաձայն  Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուածներու  թիւը  անցած է  130-ը, կան  4  զոհեր, ինչպէս նաեւ   4  ապաքինուածներ։