image

Իրան. «Քորոնա»ի դէմ պայքարած եւ մահացած բոլոր բժիշկները նահատակներ պիտի համարուին

Իրան. «Քորոնա»ի  դէմ պայքարած  եւ  մահացած  բոլոր բժիշկները նահատակներ  պիտի համարուին

Իրանի   հոգեւոր առաջնորդը   յատուկ պատգամ մը հրապարակած է՝ կապուած  երկրին մէջ տիրող ընդհանուր    կացութեան։

Այս  մասին  կը  հաղորդէ    իրանեան   «Ալ Ալամ»  կայանը  յայտնելով նաեւ, որ պատգամին մէջ  կը նշուի, որ  Այաթոլլա Ալի Խամէնիյի   համաձայն գտնուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան  առողջապահութեան   նախարար   Սայիտ Նամքիի    այն առաջարկին, որ կը վերաբերի  «Քորոնա»ի   վարակին դէմ  պայքարած եւ զոհուած    բժշկական ոլորտի բոլոր  գործիչներուն,  որոնք այսուհետեւ պիտի համարուին   «շահիտներ» (նահատակներ)։

Յիշեցնենք, որ  Հայաստանի հարեւան  Իրանը  իր  պետական-կրօնական բոլոր   կառոյցներով կատաղի  պայքար կը մղէ   «Քորոնա»  վարակին  դէմ։