Քուէյթի մէջ «Քորոնո» վարակը կրողներուն թիւը կտրուկ բարձրացած է։ Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ Արապիա» կայանը նշելով նաեւ, որ այսօր առաւօտ հրապարակուած վիճակագրութեան համաձայն «Քորոնա» վարակը կրողներուն թիւը հասած է 25-ի։
Կը նշուի նաեւ, որ Քուէյթի կառավարութիւնը կարեւոր միջոցառումներ կը գործադրէ իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու համար։
Իրականացուած միջոցառումներուն ամէնէն կարեւորը երկրի օդակայանին մօտ յատուկ պանդոկի մը տրամադրումն է այն անհատներուն, որոնք վարակի աշխոյժ երկիրներէն Քուէյթ կը ժամանեն:
Յիշեցնենք, որ Քուէյթ փակած է իր օդային կապը՝ Իրանի եւ Չինաստանի հետ։