image
Հրատապ լուրեր:

«Վերահսկողութեան տակ առնել մայրաքաղաք Պէյրութը» Նախագահ Աունի կոչը

«Վերահսկողութեան տակ առնել մայրաքաղաք Պէյրութը»  Նախագահ  Աունի  կոչը

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ  Աուն  կոչով մը հանդէս գալով երկրի ապահովական մարմիններէն  պահանջեց արագօրէն  վերահսկողութեան  տակ առնել մայրաքաղաք  Պէյրութը։

Նախագահը, որ      երկրի նախագահութեան դվիթըրի պաշտօնական էջով գրառում մը կատարեց    պաշտպանութեան նախարարութեան եւ  ներքին գործոց նախարարին ուղելով իր խօսքը  նշեց, որ անոնք   պարտաւոր են  պահպանել  ցուցարարներուն անվտանգութիւնը եւ վերջ տալ Պէյրութի մէջ ստեղծուած անիշխանական   իրադրութեան։

Նշենք, որ  այսօր   յետմիջօրէի  ժամերէն սկսեալ  լայնածաւալ բախումներ կը գրանցուի  մայրաքաղաք Պէյրութի      կեդրոնական շրջաններուն մէջ։ Ըստ նախնական  տուեալներու, կան տասնեակ   վիրաւորներ։